Տէրը Կ’արթնցնէ (Աստուծոյ Տունը Շինող – Ա. Մաս)

Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը: Ի՞նչ է Աստուծոյ թափը: Ինչպիսի՞ն է Աստուծոյ լրջութիւնը: Ի՞նչպիսին է Աստուծոյ սէրն ու նախանձը իր Տանը հանդէպ:

 
Հակառակ մեր նուիրուած զաւակներ ըլլալուն, շատ անգամ կը տարուինք այս աշխարհի զբաղումներով: Մեզմէ շատերուն համար Աստուծոյ գործը կը դառնայ մեր առօրեան լեցնող զբաղումներէն մէկը, որ հետզհետէ կը դասուի աւելի նուազ կարեւորութիւն ունեցող զբաղումներուն կարգին: Ուրիշ  խօսքով, մեր կեանքերուն մէջ շատ աւելի կարեւոր գործեր կունենանք եւ Աստուծոյ գործը կ'անտեսուի:


Գործի Ժամանակ է

«Այս ժողովուրդը կ’ըսէ թէ դեռ ժամանակը չէ հասած, Տիրոջ տունը վերաշինելու» (Անգ 1.2):


Մարգարէութիւնները մարդոց հաշիւին համաձայն չեն աշխատիր, այլ՝ Տիրոջ սահմանած ժամանակներուն համաձայն: Այն խօսքերը որ Աստուած կը խօսի պարապ չեն դառնար իրեն (Ես 55.11):

 
«Արդէօք ժամանա՞կն է թէ դուք ձեղունազարդ տուներու մէջ բնակիք, իսկ այս տունը աւերակ մնայ» (1.4):

 
Ի՞նչ բանի համաձայն կ’որոշենք թէ ինչի՞ ժամանակ է:

Ի՞նչի համար կը գործածենք մեր Աստուծմէ ստացածը:

Ո՞ր գործը աւելի կարեւոր է՝ մեր «սեփական» կեա՞նքը եւ զբաղումները, թէ՝ Աստուծոյ տան շինութի՞ւնը: Ի՞նչու Աստուծոյ տան շինութիւնը ա՛յդքան կարեւոր է եւ ի՞նչու Աստուած «մեզ հանգիստ չի ձգեր»:


Փուճ Ճամբաներ

«Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք… » (1.5-6):

§  Յոգնութեան ճամբաներ

§  Անպտուղ ճամբաներ

§  Պարապութեան, անօթութեան եւ ծարաւի ճամբաներ

§  Անապահովութեան եւ ձախորդութեան ճամբաներ


Կարեւոր է ամէն Աստուծոյ զաւակ գիտակցի իր ինքնութեան եւ ստուգէ թէ արդէօք իր ճամբաները իր ինքնութեան ու կոչումին համաձա՞յն են:


Փառքի Ճամբաներ

«Ձեր ճամբաներուն մասին մտածեցէ՛ք… » (1.7-8):

§  Ծառայութեան ճամբաներ

§  Աւետարանչութեան ճամբաներ

§  Շինութեան ճամբաներ (Եփ4.12)

§  Հաճութեան ճամբաներ

§  Փառքի ճամբաներ


Իրականութեան մէջ, մեր ժամանակը կարճ է եւ Աստուած կը հետապնդէ իր գործին ամբողջացումը: Ան մեր սրտերուն դռները կը զարնէ (Յյտ 3.20): Ան կ'ուզէ իր շտապ ծրագիրները մեզի յայտնել:


Մենք կանչուած ենք Աստուծոյ լեռը բարձրանալու, իրեն հետ հանդիպում ունենալու համար: Մենք կանչուած ենք աշխարհին մէջ արմատ նետած մարդիկը մեր շնորհքի կացինով անջատելու աշխարհէն եւ զանոնք շահելու Աստուծոյ համար եւ իր տան շինութեան համար (8):


Աստուծոյ փառաւոր տունը կը շինուի մարդոցմով: Մենք ենք Աստուծոյ տունը (Եփ 2.19-22):


Աստուծոյ Դատաստանը

«... Երաշտութիւն բերի» (1.9-11):


Մենք մեր կեանքերը կը գտնենք Քրիստոսի մէջ: Մենք մեր տունը կը շինենք Իր վէմին վրայ: Աստուծոյ դատաստանը մեր փուճ կեանքերուն վրայ, դուռն է իր փառքին մէջ մտնելու՝ Իր տան շինութեան գործին մէջ մեր մասնակցութիւնը բերելու:


Հնազանդութիւն

Ժողովուրդը կը հնազանդի Աստուծոյ եւ մարգարէին խօսքին (12):

Աստուած իրենց կը միանայ (13) ու անոնց հոգին կ’արթնցնէ (14ա) եւ անոնք աշխատելու կը սկսին (14բ):


Աստուած զօրաւոր շեշտ կը դնէ իր տան շինութեան վրայ: Աստուծոյ տունը շինելու գործէն անջատուած՝ Աստուծոյ հետ կեանքը ապարդիւն է: Մեր կոչումէն խուսափելով, մենք մեզ Աստուծոյ դատաստանին դէմ կը դնենք:


Մենք պէտք ունինք Աստուծոյ Խօսքին եւ պէտք ունինք հնազանդելու: Մենք պէտք ունինք Աստուծոյ միացած,  արթուն եւ վառած հոգիներով ծառայելու:


Մենք կը ձգտինք մտնել իր փառքին մէջ նոյն կրակի մկրտութեամբ որով արձակեց առաջին եկեղեցին 2,000 տարիներ առաջ:

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)