Աստուծոյ Հանգիստը (Թագաւորութեան Հաստատումը – Թ. Մաս)
«Շաբաթը մարդուն համար եղաւ,
ո՛չ թէ մարդը շաբաթին համար» (Մր 2.27):
Շատեր
չեն հասկցած թէ ի՞նչ է շաբաթը եւ թէ ի՞նչպէս «Որդին մարդոյ շաբաթին ալ տէրն է» (Մր
2.28):
Չորրորդ
Պատուիրանը (Ելք 20.8-11)
«Հանգստութեան օրը միտքդ բեր՝ զանիկա սուրբ պահելու համար:
Վեց որ պիտի աշխատիս ու բոլոր գործերդ ընես. բայց եօթներորդ օրը Տիրոջ, քու
Աստուծոյդ, հանգստութեան օրն է. այն օրը գործ մը չգործես, ո՛չ դուն, ո՛չ քու ծառադ
ու աղախինդ, ո՛չ քու անասունդ, ո՛չ ալ տանդ մէջ եղած օտարականը. քանզի Տէրը վեց
օրուան մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը ու բոլոր անոր մէջ եղածները եւ եօթներորդ
օրը հանգստացաւ. անոր համար Տէրը օրհնեց հանգստութեան օրը ու սրբեց զանիկա» (Ելք
20.8-11):
Ստեղծագործութիւն
Աստուած օրհնեց եւ սրբեց եօթներորդ օրը եւ զայն իր Հանգիստը (իր
Շաբաթը) կոչեց (Ծն 2.1-3):
Վեցերորդ օրուան մէջ
ստեղծուած մարդը կը վայելէր եօթերորդ օրուան օրհնութիւնները եւ սրբութիւնները,
կեանքի ծառէն ուտելով եւ Աստուծոյ հետ իր ունեցած յարաբերութեամբ: Մեղքի եւ
անկումի պատճառով մարդը դուրս մնաց շաբաթ օրուան հանգիստէն:
Փրկագործութիւն
Յիսուս եկաւ բանալու
նոր ճամբայ մը իր Փրկագործութեամբ, որպէսզի մարդը վերստին մտցնէ Աստուծոյ հանգիստը
(Յհ 14.6):
«Ինչ որ Օրէնքը չէր կրնար ընել, մարդկային բնութեան տկար
ըլլալուն պատճառով, Աստուած իրագործեց՝ աշխարհ ղրկելով իր Որդին, որ մեղքը
յաղթահարելու համար մեր մեղանչական բնութիւնը իր
վրայ առաւ եւ իր մարմինին մէջ դատապարտեց մեղքը, որպէսզի մենք, որ հոգեւորապէս
կ’ապրինք եւ ո՛չ մարմնաւորապէս, կարենանք լրիւ գործադրել Օրէնքին բոլոր
պահանջները» (Հռ 8.3, Ն.Թ.):
Ի՞նչպէս Մտնել Աստուծոյ Հանգիստը
Աստուծոյ կոչը
մերժողները Իր ճամբան չճանչցան (Եբր 3.7-11): Հեղինակը կը զգուշացնէ իսկական հանգիստը չմտնալէն (Եբր 3.12-4.3): Այս համարներուն մէջ նշուած
«Այսօր»ը ակնարկ մըն է Խաչելութեան օրուան, որ յաւիտենականութեան մէջ դրօշմուած է:
Աստուծոյ Խօսքին եւ
Աւետարանին հաւատալով մենք կը մտնենք եօթերորդ օրը (Եբր 4.4-13):
Մենք վեց օրերուն
վերաբերող բաներուն համար կը գործենք բայց երբ հարցը կը վերաբերի եօթներորդ
օրուան, պէտք է Իրմով մտնենք եւ Իր մէջ հանգչինք (Եբր 4.4-13):
Պէտք է ամէն հաւատքի
ուժ բանեցնենք մտնելու համար եօթներորդ օրուան հանգիստը: Թագաւորութիւնը ուժով կը
յափշտակուի (Մտ 11.12):
Նէեման
Կը Մտնէ Հանգիստը (Դ. Թգ 5)
Նէեման զօրաւոր կտրիճ
մարդ էր (1): Ասորիներու Թագաւորին կողմէ յարգուած զօրավար էր: Նէեման իր անձին,
կարողութիւններուն եւ յաջողութիւններուն հանդէպ մեծ համարում ունէր... բայց բորոտ
էր:
Իր տկարութիւնը
անտեսելով եւ մարդկային պայքարով ու կորովով, ան իր յաջողութիւնը կը փորձէր պահել:
Նոյնն է շատերու պարագան այսօր:
Երբ իմացաւ որ
Իսրայէլի մէջ գտնուող մարգարէն կարող է զինք բժշկել, Նէեման իր հետ առաւ թագաւորէն
նամակ մը եւ հարստութիւն, որ կը համապատասխանէր 4 միլիոն ամերիկեան տոլարի: Ան իր
հետ առաւ նաեւ իր բանակը: Նոյնպէս այսօր մարդիկ իրենց մարդկային իշխանութեամբ,
հարստութիւնով եւ զօրութիւնով կը ցգտին իրենց հարցերուն, հիւանդութիւններուն կամ
անէծքին լուծում գտնել:
Եղիսէի առաջարկած
լուծումը չէր համապատասխաներ Նէեմանի տրամաբանութեան ու համոզումներուն, որովհետեւ
հաւատքի հետ կապ ունէր: Նէեման կ’ակնկալէր երեւելի եւ հանդիսաւոր
բժշկութեան հրաշքի մը արարողութիւնը, բայց Աստուած կ’ուզէր
ի գործ դնել իր հաւատքը:
Նէեման սկիզբը վազ
անցաւ բայց երբ իր օգնականները իր նախանձախնդրութիւնը գրգրեցին, ան յանձն առաւ
հաւատքի գործը, որ զինք պիտի կեդրոնացնէր իր տկարութեան վրայ, իր տկարութեան վրայ
հռչակելով Աստուծոյ խոստումը: Ան եօթը անգամ պիտի լուացուէր Յորդանանի մէջ, որպէսզի
«եօթերորդ օրը» մտնէր իր հաւատքով:
Նէեման վայելեց
հրաշալի բժշկութիւն մը եւ դաւանեցաւ թէ Եհովան է միակ Աստուածը: Իր առաջին ձգտումն էր նուէր տալ իր բժշկութեան փոխարէն:
Եղիսէ մերժեց ընծայ ընդունիլ, որովհետեւ Աստուծոյ պատգամը՝ Փրկութեան ձրի պարգեւը,
անկատար պիտի դառնար:
Նէեման, ստիպելէ եւ ձախողելէ
ետք, յանձնուեցաւ «Աւետարանի Ճշմարտութեան»: Ան հանդիպում ունեցաւ Աստուծոյ
մեծութեան հետ եւ իր սրտին միակ փափաքը դարձաւ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը:
Ինչպէս Յիսուս կ'ըսէ
առակի մը մէջ, երբ մէկը գանձ կը գտնէ հողի մը մէջ, իր բոլոր ունեցածը կը ծախէ
որպէսզի այդ հողի կտորը գնէ: Նէեման Աստուծոյ հետ յարաբերութեան համար հողի կտոր
մը ուզեց ունենալ: Ան Շաբաթ օրուան մէջ հանգչած Աստուածը տեսաւ:
Comments
Post a Comment