Posts

Showing posts from 2012

Աստուծոյ Մարդը (Աստուծոյ Տունը Շինող – Ե. Մաս)

Image
Ի՞նչ է Ծառայութիւնը Արդէօք ծառայութիւնը եկեղեցիէն ներս աշխատա՞նք է, կամ եկեղեցիին մէջ դի՞րք, կոչո՞ւմ, ինքնութի՞ւն, ձի՞րք, հրա՞շք... Ի՞նչն է որ կ’որոշէ եթէ անձ մը Աստուծո՛յ մարդն է: Ահա Աստուծոյ Մարդը Եզրաս 7-րդ գլուխին մէջ Աստուածաշունչը կը ներկայացնէ նոր անձ մը: Եզրաս կը ներկայացուի նախ իր ազգաբանութեամբ (7.1-5) եւ կը զանազանուի իր կատարածով (7.6ա): Ան արագագիր դպիր էր: Ան   վարպետ եւ գերազանցող էր իր մարզին եւ ծառայութեան մէջ (7.6բ, Սղ 45.1): Այս բոլորին հետեւանք՝ ան մեծ շնորհք կը վայելէր Աստուծոյ եւ թագաւորին առջեւ (7.6գ): «Աստուծոյ Բարի Ձեռքը Անոր Վրայ» (7.11-28) Թագաւորը զինք ղրկեց եւ ան Երուսաղէմ հասաւ, որովհետեւ Աստուծոյ բարի ձեռքը անոր վրայ էր (7.9): Եզրաս «իր սիրտը պատրաստեց», որպէսզի Տիրոջ օրէնքը փնտռէ, կատարէ եւ սորվեցնէ (7.10): Եզրասի Նկարագիրը Եզրաս Աստուծոյ եւ իր ծառայակիցներուն առջեւ (8.21-23)՝ ¡   Անկեղծ եւ խոստովանող էր: ¡   Խոնարհ, աղօթքով եւ ծոմով Աստուծոյ ապաւինող էր: ¡   զԱստուած պատուող էր: Եզրաս շնորհքին բացած ճամբաները եւ Աստուծոյ հ

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Image
Երբ Շինելու Սկսիս «Յուդայի ու Բենիամինի թշնամիները, երբ լսեցին թէ գերութենէ վերադարձողները Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տաճարը կը շինեն, Զօրաբաբէլին ու նահապետներուն մօտեցանու անոնց ըսին. ‘ Մենք ալ ձեզի հետ շինենք... ’ » (Եզրաս 4.1-2): Թշնամին քեզի չի մօտենար երբ իրեն սպառնալիք մը չես ներկայացներ: Ան քու ծառայութեանդ լուրը հեռուէն կ’առնէ (Եզր 4.1): Քու գործդ պարզ գործ չէ՛ եւ քու զօրութիւնդ պարզ զօրութիւն չէ՛: Պէտք է արթուն ըլլալ եւ պատրաստ իր հնարքներուն: Սատանան Ստախօս է «Մենք ալ ձեզի հետ շինենք…» (4.2): Սատանան կը մօտենայ լոյսի հրեշտակի մը պէս (Բ. Կր 11.14): Եթէ ան մուտք գործէ, արդէն յաջողութիւնը իրն է: Կը տեսնե՞ս զԻնք եւ իր սուտերը: Ան կ’ուզէ քեզմէ Խօսքը գողնալ (Մտ 13.1-23): Դէմ Դի՛ր Թշնամին միշտ կ’առաջարկէ ձեւեր քու ծառայութիւնդ աւելի դիւրին եւ հանգիստ դարձնելու: Ան կ’առաջարկէ շատ տրամաբանական եւ գործնական լուծումներ: Յիշէ՛ որ ան առանց քու արտօնութեանդ ոչինչ կրնայ ընել: Իշխանութիւնդ գործածէ՛ եւ դէմ դիր թշնամիին: «Չի վայելեր ձեզի որ մէկ տեղ մեր Աստուծոյն տ

Խօսքը Կը Շինէ (Աստուծոյ Տունը Շինող – Գ. Մաս)

Image
Խօսքին Հետ Հարցը Շատ հաւատացեալներ Խօսքը եւ Խօսքին հետ ժամանակ անցնելը կարեւոր չեն սեպեր: Այդ մէկը կը սեպեն գրագէտ մարդոց գործը, կամ շատ ցանցրացուցիչ եւ անշահ բան մը: Արդէօք շիտա՞կ է եւ ի՞նչ կ’ըսէ Աստուածաշունչը Խօսքին գործին մասին: Աստուածաշունչին բառերը միտքով սերտելով մենք արդիւնք չենք գտներ՝ այլ մահ, Իսկ հարազատ ձեւով ընդունելով՝ կեանք (Բ. Կր 3.6: Յհ 6.64): Նայինք թէ Խօսքը ի՞նչ կը կատարէ մեր կեանքերէն ներս երբ զանիկա կ’ընդունինք հարազատ ձեւով:   Խօսքը Կարող է Աստուծոյ Խօսքին կամ մարգարէութեան կարողութիւնը կատարեալ է (Եզր 1.1-3): Սուրբ Հոգիին նպատակներէն մէկը երբ նորադարձի մը նոր եւ հասկնալի լեզու խօսիլ կու տար, գիտցնել էր թէ ի՛նք է կարողութիւն տուողը (Գրծ 2.6-12): «Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա իմ Հոգիովս, կ’ըսէ Զօրքերու Տէրը» (Զք 4.6): «Զօրաբաբելին ձեռքերը հիմնեցին այս տունը, անոր ձեռքերը պիտի լրացնեն զանիկա» (Զք 4.9): «ու պիտի աղաղակեն ‘Շնո՜րհք, շնո՜րհք անոր» (Զք 4.7): Դուն ուրիշ բանի պէտք չունիս: Աստուծոյ Խօսքը կու գայ բարձրագոյն իշխանութեամբ: Ան

Գալիք Փառքը (Աստուծոյ Տունը Շինող – Բ. Մաս)

Image
Յուսահատութիւն Աստուած գիտէր, թէ ժողովուրդը վհատած էին: Ան ուղղակիօրէն հարցին վրայ մատ կը դնէ (Անգ 2.1-3): Մարդիկ կային, որոնք տեսած էին հին տաճարը իր փառքով (Եզր 3.12): Ներկայի փլատակ վիճակին առջեւ յուսահատելով՝ անոնք տկար ինկած էին: Շատեր իրենց անցեալի փառքը կը յիշեն երազանքով, եւ գալիք փառքին յոյսով չեն ապրիր: Ինչքան ալ քաջալերես, իրենց համար անցեալի փառքը «տարբեր» է: Այդպիսիները փլատակ վիճակ ունին եւ յուսալքուած են: Աստուած Կը Զօրացնէ Աստուած զանոնք մէկ-մէկ կը զօրացնէ Իր Խօսքով եւ անոնց յիշեցնելով (2.4-5). ·         Իր Փրկութիւնը ·         Իր խոստումը՝ Սուրբ Հոգին իրենց մէջ ·         Իր հաւատարմութիւնը Աստուած անոնց ակնկալութիւնը կը լարէ մօտ ատենէն իր կատարելիքին (2.6-7), որպէսզի անոնց կեդրոնացումը հանէ անցեալէն եւ դնէ ապագային վրայ:   «Քիչ ատենէն նորէն երկինքն ու երկիրը, ծովն ու ցամաքը, բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ: Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ» (Անգ 2.6-7): Աստուած կը յայտնէ այն մեծ գործը զոր Ի՛նք պիտի կատա

Տէրը Կ’արթնցնէ (Աստուծոյ Տունը Շինող – Ա. Մաս)

Image
Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը: Ի՞նչ է Աստուծոյ թափը: Ինչպիսի՞ն է Աստուծոյ լրջութիւնը: Ի՞նչպիսին է Աստուծոյ սէրն ու նախանձը իր Տանը հանդէպ:   Հակառակ մեր նուիրուած զաւակներ ըլլալուն, շատ անգամ կը տարուինք այս աշխարհի զբաղումներով: Մեզմէ շատերուն համար Աստուծոյ գործը կը դառնայ մեր առօրեան լեցնող զբաղումներէն մէկը, որ հետզհետէ կը դասուի աւելի նուազ կարեւորութիւն ունեցող զբաղումներուն կարգին: Ուրիշ   խօսքով, մեր կեանքերուն մէջ շատ աւելի կարեւոր գործեր կ ’ ունենանք եւ Աստուծոյ գործը կ'անտեսուի: Գործի Ժամանակ է «Այս ժողովուրդը կ’ըսէ թէ դեռ ժամանակը չէ հասած, Տիրոջ տունը վերաշինելու» (Անգ 1.2): Մարգարէութիւնները մարդոց հաշիւին համաձայն չեն աշխատիր, այլ՝ Տիրոջ սահմանած ժամանակներուն համաձայն: Այն խօսքերը որ Աստուած կը խօսի պարապ չեն դառնար իրեն (Ես 55.11):   «Արդէօք ժամանա՞կն է թէ դուք ձեղունազարդ տուներու մէջ բնակիք, իսկ այս տունը աւերակ մնայ» (1.4):   Ի՞նչ բանի համաձայն կ’որոշենք թէ ինչի՞ ժամանակ է: Ի՞նչի համար կը գործածենք մեր Աստուծմէ ստացածը: Ո՞ր գործը աւ

Գոհութիւն (Փլպ 4)

Image
Հաստատում Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ թէ՝ §   Հաւատացեալները իր սիրելի եւ բաղձալի եղբայրներն են: §   Անոնք իր ուրախութիւնն ու պսակն են: §   Իրենց հաւատքի հաստատուն կեանքով (1): Պօղոս առաքեալ վերստին կը կը խօսի Տիրոջմով նոյն խորհուրդը ունենալուն կարեւորութեան մասին (2) եւ կը շեշտէ օգնական ըլլալու մասին (3ա): Ան կը շարունակէ խրատել որ ծառայողները ունենան նոյն միտքը որ Քրիստոսի մէջ էր (2.5): Աշխատակից Աւետարանին Մէջ Պօղոս առաքեալ կը խօսի ծառայողներու մասին, որպէս մարդիկ որոնց անունները գրուած են Կեանքի գիրքին մէջ (3բ): Քու Կեանքդ «Բարի Լուր» է աշխարհին: «Ուրախ եղէք Տիրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ ուրա՛խ եղէք» (4): Տիրոջ ուրախութեան մէջ մնալը հաւատացեալին միա՛կ տեղն է: Հոգ ≠ Գոհ Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ հեռու մնալ հոգ ընելէ եւ աղօթքով գոհ ըլլալ ( 6 ): Այս մէկին իբր հետեւանք, Աստուծոյ խաղաղութիւնը մեր միտքերը պիտի պահպանէ (7): Մտահոգութեան առարկան լուծելը կարեւոր չէ՛, այլ՝ վստահութեամբ Տիրոջ հետ քալելը: Մեր պահպանուած միտքերը պէտք չէ գործ

Քրիստոսի Արդարութիւնը (Փլպ 3)

Image
Իսկական Ուրախութիւնը Իսկական ուրախութիւնը Տիրոջ ուրախութիւնն է (1ա): Պօղոս առաքեալ այս գլուխին մէջ հաւատացեալներուն կ’ուզէ պարզել թէ ինչն է ձեւը ատիկա պահպանելու: Հաւատացեալներս տեւաբար պէտք ունինք յիշելու թէ մեր ուրախութիւնը Աւետարանին մէջն է (1բ): Շնորհիւ այն արդարութեան զոր ունինք Քրիստոսով, ունինք Հայր Աստուծոյ հաճութիւնը եւ այս մէկը բարձրագոյն ապահովութիւնն ու ուրախութիւնն է մարդ արարածին համար (1գ): Արդարութեան Կարեւորութիւնը Կարելի է որ ինքզինքդ, Քրիստոսի սիրոյն, ծայրագոյն զսպումներուն ենթարկես եւ Աստուծոյ զօրութիւնը վայելես կեանքիդ մէջ, եւ կարելի է ունենաս նոյն միտքը զոր Քրիստոսի մէջ էր եւ միացած Քրիստոսի մարմինին՝ փայլիս աշխարհի մէջ, բայց եթէ Քրիստոսի արդարութիւնը լա՛ւ հագած չըլլաս, թշնամիին յարձակումներուն չես կրնար դէմ դնել եւ շուտով կ’իյնաս (Եփ 6.13): Զգուշացում՝ Մարմնաւոր Վստահութիւն Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ հաւատացեալները յատուկ սուտ վարդապետութենէ մը, որուն ըստ երեւոյթին, շատ հաւատացեալներ զոհ կ’երթային (2, Գղ 3.1-14, 5.1-12): Նիւթը Եբր