Posts

Showing posts from May, 2011

Մարգարէութեան Զօրութիւնը

Image
Որպէս հաւատացեալներ, մենք կը հաւատանք Աստուծոյ Խօսքին: Ընդունած ենք Յիսուսը՝ Աստուծոյ Խօսքը որպէս Տէր մեր սրտերուն մէջ: Սակայն, յաճախ կը նշմարենք որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող խոստումները, ճշմարտութիւնները եւ բարիքները ամբողջութեամբ եւ կատարեալ ձեւով չենք վայելեր: Յաճախ մարգարէութիւններու կատարումը կ'ուշանայ: Երբ Ճանչնանք արժէքը Աստուծոյ Խօսքին, որ մարգարէութեամբ կու գայ մեզի եւ կեդրոնանանք ատոր համաձայն վարուելու եւ հաւատալու, մեր կեանքերը պիտի յեղաշրջուին եւ մենք մեր անձերը պիտի գտնենք Աստուծոյ Խօսքին կատարումին մէջ: Պօղոս առաքեալ կը խօսի նախանձախնդիր ըլլալու մասին, եւ յատկապէս մարգարէութեան համար (Ա. Կր 14.1,3): Մարգարէութիւնը Ամբողջ Է Դ. Թագաւորաց գիրքին 9րդ եւ 10րդ գլուխներուն մէջ կը կարդանք Յէուին մասին: Եղիսէ Աստուծոյ մարգարէն էր, բայց ան անձամբ չգնաց Յէուն թագաւոր օծելու, որպէսզի մարդոց կեդրոնացումը պահէ մարգարէութեան ամբողջ ըլլալուն վրայ: Ան ղրկեց նորահասակ մարգարէն որպէսզի այդ գործը ընէ: Մարգարէութիւնը մարգարէէն կախեալ չէ՛, այլ՝ Աստուծմէ եւ ան իր մէջ կը պարունակէ ա