Posts

Showing posts from March, 2011

Աստուծոյ Խոստումը՝ Սուրբ Հոգին

Image
Տաղաւարահարաց տօնին վերջին օրը Յիսուս կը կայնի եւ կ'աղաղակէ՝ «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ ու խմէ...» (Յհ 7.37 ): Յիսուս իր առաքելութեան ընթացքին կ'ուզէր մարդոց ուշադրութիւնը դարձնել Աստուծոյ խոստումին՝ Սուրբ Հոգիին վրայ մինչ մարդիկ տարուած էին իրենց առօրեայով եւ մարդկային աւանդութիւններով: Մեր ալ կեանքերը լեցուն են սովորութիւններով որոնց կրնանք կապուիլ եւ չվայելել կեանքի լեցունութիւնը որ կախեալ է միայն Յիսուսէն եւ որ կը ստանանք միայն հաւատալով այն զոհին որ Աստուած պատրաստեց: Տաղաւարահարաց տօնը (Ղւ 23.33-36 ) Իսրայէլի 3 գլխաւոր տօներէն մէկն էր: Տօնը ութ օր կը տեւէր, առաջին եւ վերջին օրերը շաբաթ օրուայ հանգիստով եւ ամէն օր զոհեր կը մատուցանէին: Այդ շաբթուան ընթացքին, իսրայէլացիներ արմաւենիներով հիւղակներ կը շինէին եւ հոն կը բնակէին որպէսզի յիշեն անապատի մէջ վրաններու տակի կեանքը եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը: Մեծ ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ բոլոր ժողովուրդը կը տօնէր այս տօնը: Վերջին օրը կը յիշէին ինչպէս իրենք անապատէն ելան եւ խոստացուած կաթ ու մեղր բղխող երկիրը մտան: Այս