Քրիստոսի Արդարութիւնը (Փլպ 3)
Իսկական Ուրախութիւնը
Իսկական ուրախութիւնը Տիրոջ ուրախութիւնն է (1ա):
Պօղոս առաքեալ այս գլուխին մէջ հաւատացեալներուն կ’ուզէ պարզել թէ ինչն է ձեւը ատիկա պահպանելու:
Հաւատացեալներս տեւաբար պէտք ունինք յիշելու թէ մեր ուրախութիւնը Աւետարանին մէջն է (1բ):
Շնորհիւ այն արդարութեան զոր ունինք Քրիստոսով, ունինք Հայր Աստուծոյ հաճութիւնը եւ այս մէկը բարձրագոյն ապահովութիւնն ու ուրախութիւնն է մարդ արարածին համար (1գ):
Արդարութեան Կարեւորութիւնը
Կարելի է որ ինքզինքդ, Քրիստոսի սիրոյն, ծայրագոյն զսպումներուն ենթարկես եւ Աստուծոյ զօրութիւնը վայելես կեանքիդ մէջ, եւ կարելի է ունենաս նոյն միտքը զոր Քրիստոսի մէջ էր եւ միացած Քրիստոսի մարմինին՝ փայլիս աշխարհի մէջ, բայց եթէ Քրիստոսի արդարութիւնը լա՛ւ հագած չըլլաս, թշնամիին յարձակումներուն չես կրնար դէմ դնել եւ շուտով կ’իյնաս (Եփ 6.13):
Զգուշացում՝ Մարմնաւոր Վստահութիւն
Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ հաւատացեալները յատուկ սուտ վարդապետութենէ մը, որուն ըստ երեւոյթին, շատ հաւատացեալներ զոհ կ’երթային (2, Գղ 3.1-14, 5.1-12): Նիւթը Եբրայական կամ Մովսիսական օրէնքին համաձայն արդարանալու մասին է:
Ան կը յիշեցնէ թէ մենք (Քրիստոնէաները) ենք որ հոգիով զԱստուած կը պաշտենք, կը պարծենանք Քրիստոս Յիսուսով եւ մարմնի վրայ չէ՛ մեր վստահութիւնը (3):
Պօղոսի մարմնի վրայ ունեցած վստահութիւնը կը պարզէ հետեւեալ կէտերով (4-6)՝
§ 8 օրուան թլփատուած
§ Իսրայէլի ազգէն
§ Բենիամինի ցեղէն
§ Եբրայեցի՝ Եբրայեցիներէն
§ Օրինապահ Փարիսեցի
§ Եկեղեցին հալածելու մէջ նախանձախնդիր
§ Օրէնքին արդարութեան համաձայն՝ անարատ
Մարմնաւոր շահը հոգեւոր վնաս է, որովհետեւ անիկա կը զրկէ մեզ հաւատքով ստանալիք արդարութենէն, որ շատ աւելի գերազանց է (7-9):
Պօղոսի մարմնաւորը վնաս սեպելուն ու հաւատքով Քրիստոսի արդարութիւնը ընդունելուն նպատակը Քրիստոսը եւ անոր յարութեան զօրութիւնը աւելի լաւ ճանչնալն է (10):
Ան իր մարմնաւոր իրաւունքներէն զիջելով, կը միանայ Քրիստոսի չարչարանքներուն, ձգտելով մեռելներուն յարութեան օրուան ուր ան փառաւոր մարմին պիտի հագնի (11,21):
Մեր Վազգը
Պօղոս կը յայտնէ թէ ամէն հաւատացեալ՝
§ Ձգտելու է մրցանակին մոռնալով հին բաները (12-14):
§ Կատարեալ է (15ա):
§ Սխալի պարագային, Աստուած պիտի ճշդէ (15բ):
Պօղոս վերստին կը թելադրէ իրեն նմանիլ (16-17):
Ան կը յայտնէ թէ Քրիստոսի Խաչին թշնամիները անոնք են որոնց մասին նախապէս խօսեցաւ (18): Ան զանոնք կը նկարագրէ իբր մարդիկ որոնք (19)՝
§ Կը պաշտեն իրենց փորը:
§ Ունին իբր փառք՝ իրենց ամօթը
§ Միայն երկրաւոր բաներուն վրայ կը մտածեն:
§ Պիտի կորսուին:
Բայց մենք (21ա)՝
§ Երկնաքաղաքացի ենք:
§ Կը սպասենք մեր Փրկիչին, որ պիտի նորոգէ մեր մարմինները որպէսզի կերպարանակից ըլլանք Իր փառաւոր մարմնին:
Աւետարանին Զօրութիւնը
Քրիստոս այս բոլորը կ’ընէ այն սքանչելի զօրութիւնով որ կը գտնուի Աետարանին մէջ, որու միջոցաւ Ան կարող է ամէնքը հնազանդեցնել (21բ):
Այդ նոյն զօրութեան կառչելով,մենք կը հասնինք մեր նպատակակետին:
Ո՛չ մէկ սուտ կրնայ մեզ կասեցնել, կաշկանդել կամ զրկել այն ազատութենէն (Ես 54.14-17):
Արդարները առոյգ արիւծի պէս քաջասիրտ կ’ըլլան եւ անոնց առաքելութիւնը երկար կը տեւէ (Առ 28.1-2):
Comments
Post a Comment