Աղօթք Փառաբանութեան

Կը պատրաստես ժողովուրդ մը Քեզ պաշտելու մաքուր սրտով։
Քու նախանձդ գանձ է, Ո՜վ Նախանձախնդիր Աստուած։
Դուն Հայր ես, կը պատերազմիս որդիներուդ համար։
Քու զոհողութեամբդ աւելի բարձր ես քան աստուածները։

Դուն կը բժշկես, կը բարձրացնես ու կը զարդարես լքուածները։
Սուրբ Հայր, դուն զաւակներուդ՝ յաղթանակի դրօշակ ես։
Ո՞վ կայ Տէր, Քեզ նման։ Ո՛չ ոք կը մօտենայ Քու անուանդ։
Կը հաստատես ու կը տարածես Թագաւորութիւնդ՝ Խօսքովդ։

Ազգէ ազգ՝ կը տիրես անհատական խնամքով ու գութով։
Սերունդներ կը պատմեն քու գործերուդ մասին, զարմանքով։
Երկիրն ամբողջ կ՚երգէ քու փառքիդ մասին՝ նոր երգով։
Տիեզերգը կ՚ընթանայ ծափով ու պարով՝ քու սրտիդ տրոփումով։

Ո՞վ կայ Քեզ նման. Պատերազմող Աստուած,
Որ Քու Որդւոյդ արիւնով կը հանդիմասես չարը,
Ներկայութեամբդ կը լեցնես տուներ,
Յաւիտենական ուխտով կը կնքես՝ Քեզի դարձողներ։

Որդեգրող Աստուած, Իւրացնող Աստուած, գրկող ու սնանող Աստուած,
Դուն կը ժպտաս քու զաւակներուդ վրայ՝ գիշերով, եւ կը քաջալերես՝ ցերեկով։
Ուրախ Աստուած, ցնծութեան Աստուած, տօնախմբութեան Աստուած,
Կ՚արշաւես փառաբանութեամբ եւ կը գրաւես իրաւունքով։

Տիրէ՛ Տէր, Տիրէ՛ արդարութեամբ։ Ա՛ռ այն ինչ Քուկդ է։
Եկո՛ւր Տէր, Եկո՛ւր եւ մնա՛։ Մի՛ հեռանար։ Հոս Քու տունդ է։
Ցոյց տո՛ւր քու փառքդ, քու ոյժդ, քու հաճութեանդ ճոխութիւնը։
Քու շնոհքովդ է որ այս սերունդը կայ ու կը մնայ յաւիտեան։


Comments

Popular posts from this blog

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)

Գալիք Փառքը (Աստուծոյ Տունը Շինող – Բ. Մաս)

Սիրտս Կը Բանամ Քեզի