Կապուած Արձակելու Համար (Փլպ 1)

Դուն եւ Շնորհքը

Քրիստոնէական Կեանքը լեցուն է խոստումներով եւ օրհնութիւններով, սակայն Աստուծոյ շնորհքը գործածելու գաղտնիքը մարդուն նուիրումին եւ զոհողութեան որոշումին մէջ կը մնայ:

Օրհնուած եւ լեցուն կեանքը պահելուն «ղէկ»ը մարդուն զոհողութիւններուն եւ զսպումներուն ձեռքն է: Երբ տկար ես՝ ա՛յն ատեն զօրաւոր կ’ըլլաս (Յվլ 3.10):


Պօղոս Առաքեալի Կողմէ Փիլիպպեցիներուն Ղրկուած Նամակը

Պօղոս կը սկսի իր նամակը, յայտնելով թէ ինք եւ Տիմոթէոս միասին կը գրեն այս նամակը: Ան կը յայտնէ թէ որու ուղղուած է նամակը (1):

Ան կը սկսի իր նամակը արձակելով իր կեանքին մէջ գտնուող Աստուծոյ շնորհքն ու խաղաղութիւնը (2):


Պօղոս շնորհակալ է Աստուծոյ հաւատացեալներուն, ծառայողներուն եւ համայնական ու միութեան կեանքին համար (3) եւ կը յայտնէ թէ ան ուրախութեամբ կ’աղօթէ (4):

Աւետարանին Յաղորդակից

Պօղոս կը հաստատէ թէ Աւետարանն է անոնց օրհնութեան աղբիւրը (5):

Ան իր վստահութիւնը կը յայտնէ այն գործին համար զոր Աստուած սկսաւ եւ պիտի հասցնէ իր աւարտին (6): Պօղոսին վստահութիւնը Աւետարանին զօրութեան եւ Աստուծոյ հաւատարմութեան վրայ հիմնուած է:

Պօղոս կը յայտնէ թէ Աստուծոյ շնորհքով բոլոր եկեղեցին միացած է սրտի արմատական միութեամբ:

Իր կապերուն միջոցաւ եւ Աւետարանին տարածման համար (7):

Պօղոս կը խոստովանի թէ իր ունեցած սէրը միայն զգացում չէ՛, այլ՝ հարազատ փափաք, ծրագիր եւ տեսիլք (8):

§  Փափաք մը հասունութեան (9):

§  Փափաք մը յարատեւութեան (10):

§  Փափաք մը պտղաբերութեան:

§  Աստուծոյ փառքին ու գովեստին համար (11):


Աւետարանին Յառաջդիմութիւնը

Պօղոսի բանտարկութիւնը պատճառ եղած է Աւետարանին յառաջդիմութեան (12): Աւետարանը հասած է պալատականնեերուն (13) եւ Եկեղեցւոյ մէջ քաջալերանքի  եւ արթնութեան պատճառ եղած է (14):

Այս մէկը պատճառ եղած է որ շատեր Պօղոսէն նախանձելով քարոզեն եւ ուրիշներ՝ սիրայօժար (15):

§  Շատեր հակառակութեամբ (16):

§  Ուրիշներ սրտի արմատական կապով կապուած մնալով Պօղոսի (17):

Սակայն Պօղոսի կեդրոնացումը եւ ուրախութիւնը Աւետարանին տարածման վրայ է եւ ոչ թէ իր հասցէին ուղղուած հակառակութիւններուն վրայ (18), որովհետեւ ան գիտէ իր ընթացքին աւարտը եւ լա՛ւ գիտէ թէ կը քալէ այդ ճամբուն մէջ:


Ան գիտէ թէ առաքելութեան յաջողութիւնը կախեալ է միաբանութենէն եւ Սուրբ Հոգիին ներգործութենէն (19):


Ան վստահ է այն յոյսին որ ունի եւ որուն եռանդուն ակնկալութեամբ կառչած է՝ այնպէս ինչպէս Քրիստոս կը փառաւորուի իր մարմինին մէջ իր ողջ եղած ատեն, նոյնպէս պիտի ըլլայ իր մեռնելով (20):


Հակառակ որ իր յոյսն ու փափաքն է Տիրոջ միանալ, ան կը նախնտրէ մնալ կապուած որպէսզի Եկեղեցին զարգանայ եւ հաւատքով ուրախ ըլլայ (21-25):

Պօղոս կը խոստանայ նորէն երթալ եւ փոխանցել այն շնորհքը աւելիով հաւատացեալներուն (26): Ան մղուած է իր ունեցածով զինելու Եկեղեցին եւ հաւատացեալները բարձրացնելու:

Ան կը թելադրէ հաւատացեալներուն որ Աւետարանը ընդունին իրենց ամենախոր էութեան մէջ եւ Աւետարանին վայել ձեւով ըլլայ իրենց վարմունքը: Ա՛յս է ճշմարիտ հոգեւոր պատերազմը (27):

Ան կը վստահեցնէ հաւատացեալներուն որ իրենց ստացած շնորհքը աւելի զօրաւոր է քան հակառակորդները եւ փաստ մըն է իրենց փրկութեան, ինչպէս նաեւ փաստ մը անոնց կորուստին (28) եւ կը վերահաստատէ թէ յաղթութիւնը վայելելու գաղտնիքը կը գտնուի ոչ միայն հաւատալու մէջ, այլ նաեւ գործնական գետնի վրայ Աւետարանին համար չարչարուելու մէջ (29): 

Ան ինքզինք կը ներակայացնէ իբր ողջ օրինակ այս պատերազմին եւ կը թելադրէ անոնց որ նոյնը ընեն (30): 

«Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին» (Ա. Կր 11.1):


Մենք մեզ քննելու ենք ստուքելու համար թէ կապուա՞ծ ենք, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ, որո՞ւ համար եւ որո՞ւն նման:

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)