Հայրն ու Մայրը Պատուել (Թագաւորութեան Հաստատումը – Ժ. Մաս)


«Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ վախն է, բայց յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ’անարգեն: Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատը մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր. քանզի անոնք քու գլուխդ՝ շնորհաց պսակ եւ քու պարանոցիդ մանեակներ պիտի ըլլան» (Առ 1.7-9):

Հինգերորդ Պատուիրանը (Ելք 20.12)
«Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ, որպէսզի քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի» (Ելք 20.12):

Ի՞նչ է Կապը
Հայրը / մայրը պատուելով մենք կը հագնինք մեր աստուածատուր ինքնութիւնը եւ մենք մեր կարգին կը դառնանք իսկական հայրեր / մայրեր:

Մենք ալ մեր կարգին պիտի շահինք զաւակներ, որոնք մեզ կը պատուեն, եւ Հայր Աստուծոյ հայրութիւնը երկրի վրայ տարածենք: Մեր յիշատակը պիտի տեւէ սերունդէ սերունդ:

Ի՞նչու Պատուենք
Մեր հայրն ու մայրը պատուելու ենք որովհետեւ մեզ աշխարհ բերին, իրենց կարելին կ’ընեն մեզի բարիք ընելու համար (Ղկ 11.12) եւ որովհետեւ մեզ կը սիրեն ու մեզի կը հոգան:

Ո՞վ են Հայրն ու Մայրը
Ի՞նչու անոնք պատիւ ստանալու են: Ի՞նչ են զանոնք պատուելու արգելքները: Ի՞նչպէս յաղթահարելու ենք այդ արգելքները:

Հայրը (Ղկ 15.11-32)
  • Իր անձը չի փնտռեր (12):
  • Ազատ կ’արձակէ (13):
  • Ամէն պէտք կը հոգայ եւ առատաձեռն է (17):
  • Իր քաղցրութեամբ իր զաւակները իրեն կապուած կը պահէ (Հռ 2.3-4):
  • Գութով կը շարժի (20):
  • Ամօթը կ’արհամարէ (20):
  • Սէր կ’արտայայտէ (20):
  • Ողորմութիւնով եւ մեծ սիրով ու շնորհքով կը վարուի (22):
  • Իր զաւակները իր գանձն են, եւ անոնցմով կ’ուրախանայ (31-32):

Մայրը (Ա. Թգ 1.1-28)
  • Իր անձը կ’ուրանայ (15):
  • Աստուծոյ հետ իր ունեցած յարաբերութեան մէջ կ’աճեցնէ իր զաւակը (20):
  • Աստուծոյ առջեւ իր պարտականութիւնը յանձն առած կը կերակրէ եւ հոգ կը տանի իր զաւակին (22):
  • Կ’արձակէ իր զաւակը՝ վստահելով Աստուծոյ (24):
  • Իր զաւակը իր ամենաթանկագին գանձն է, եւ իբրեւ այդպիսին զանիկա կը նուիրէ Աստուծոյ (26-28):

Արգելքներ (Հռ 2.1-9)
  • Դատող հոգի (1)
  • Անմտութիւն (3)
  • Անզգամութիւն (4)
  • Խստութիւն եւ անզիղջ սիրտ (5)

Ընդհանրապէս մենք մեզ անէծքի տակ կը դնենք, որովհետեւ Աստուծոյ եւ մեր ինքնութեան դէմ մեղք գործած կ’ըլլանք: Մեր ծնողները կրնան շատ թերութիւններ ունենալ, բայց մեր անհնազանդութիւնն ու ըմբոստութիւնը բնաւ արդարացուցիչ չեն:

Սամփսոն
 
Սամփսոնի ծնողքը անկեղծ փափաք ունէին սորվելու զինք շիտակ ձեւով կրթել (Դտ 13.8):

Սամփսոն անհնազանդ գտնուեցաւ (Դտ 14.1-3):

«Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է» (Առ 12.1):

Սամփսոն իր ծնողքին սուտ խօսեցաւ (Դտ14.9):

Սամփսոն իր տեսողութիւնը, կոչումը եւ կեանքը կորսնցուց (Դտ 16.21,30):

Սամփսոնի օրերը երկրի վրայ կարճ եղան:

Ի՞նչ Ընել
Նայիլ Աստուծոյ Հայրական քաղցրութեան եւ ապաշխարել (Հռ 2.4)

Ծնողքին եւ Հայր Աստուծոյ խրատը մտիկ ընել եւ ստանալ՝ (Առ 13.1)
  • Բարութիւն (2)
  • Անձը պահելու շնորհք (3)
  • Հոգիի «գիրութիւն» (4)
  • Սուտին հանդէպ ատելութիւն (5)
  • Պաշտպանութիւն (6)
  • Հարստութիւն (7)
  • Փրկութիւն (8)
  • Զուարթ լոյս (9)
  • Իմաստութիւն (10)
  • Շատցող Հարստութիւն (11)
  • Փափաքի կատարում եւ Կեանքի Ծառ (12)
  • Վարձատրութիւն (13)
  • Կեանքի Աղբիւր (14)
  • Խոհեմութիւն եւ շնորհք (15)
  • Իմաստութեան գործ (16)
  • Հաւատարմութիւն եւ բժշկութիւն (17)
  • Պատիւ (18)
  • Փափաքի կատարում եւ հոգիի անուշութիւն (19)
  • Իմաստուն ընկերներ (20)
  • Յաջողութիւն (21)
  • Թոռներուն ժառանգութիւն (22)
  • Առատութիւն (23)
  • Որդին կրթելու սիրտ (24)
  • «Ուտելիք» մինչեւ իր անձին կշտանալը (25)

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)