Posts

Showing posts from 2017

Վերադարձ

Image
Իր առակներով, Յիսուս կը ներկայացնէր ուրիշ իրականութիւն մը, ուրիշ ճշմարտութիւն մը, ուրիշ թագաւորութիւն մը, ուրիշ հաստատութիւն մը: Նախքան Քրիստոնեայ ըլլանք, պէտք է նախ «խանգարուած» մարդիկ ըլլանք. խանգարուած հանգիստով, խանգարուած սիրտով, միտքով, տրամաբանութեամբ եւ արժէքներով: Նախքան Յիսուսի հետեւինք, պէտք է այս աշխարհի սկզբունքները ետեւ ձգենք եւ հետեւինք այն իշխանութեան որ մեր ինքնապաշտպանութիւնն ու ինքնարդարացումը կը սպառէ Իր անսակարկ սէրով: Նախքան ըսենք որ մենք կը սիրենք, պէտք է նախ արտօնենք որ Սէրը փոխէ մեր լարուածութիւնները, պահանջքները, սկզբունքները, առաջնահերթութիւններն ու կեանքի հիմերը: Նախքան ըսենք որ մենք մարդ ենք, պէտք է վերստին գտնենք մարդ արարածի սկզբնական յատակագիծը, մեր ծագումին մէջ... ո՛չ թէ գիտութիւնով, այլ՝ յայտնութիւնով եւ ներգործող զօրութիւնով ... յայտ նութիւն մը որ կը սկսի եւ կը վերջանայ Հօր, Որդիով եւ Սուրբ Հոգիով, յայտնութիւն մը որ կատարեալ է Յիսուս Քրիստոսին անձին մէջ:

Հարազատ Աստուած

Image
Փրկութիւն, Յաւիտենական Կեանք եւ Աւետարանչութիւն Փրկութիւն (Sozo) կը նշանակէ ամբողջ ըլլալ, եւ Յաւիտենական Կեանք (Zoe)՝ Աստուծոյ Կեանքն է: Փրկութեան բարձրագոյն նպատակն է որ բոլորը վայելեն Աստուծոյ յաւիտենական կեանքը, զոր մեզի տրուած է Սուրբ Հոգիով, եւ այսպիսով ամբողջ ըլլան Քրիստոսով: Շատերու համար փրկագործութիւնը հեռաւոր բան մըն է, եւ հետեւաբար Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը չեն կրնար տեսնել որպէս հարազատ բան մը: Բայց մեզի՝ հաւատացողներուս համար, անիկա մեզի հարազատ Աստուծոյ զօրութիւնն է, եւ մեզի յանձնուած գործը փրկագործութեան հաշտութեան պատգամը մարդոց փոխանցելն է (Բ. Կր 5.19): Ըստ Պօղոսին, այս պատգամը Աստուծոյ զօրութիւնն է մեզի տրուած՝ փոխանցելու համար, եւ ունի զօրութիւնը փրկելու (Հռ 1.16): Բանալին չամջնալն է, ճանչնալով անոր հարազատութիւնը, յաղթելով սուտերուն եւ խաւարի գործերուն: Փրկութիւնը Յիսուս Սամարացի կինը հրաւիրեց, որ ան մասնակցութիւնը բերէ իր կեանքին մէջ, իր ծարաւցած ատեն՝ իրեն ջուր տալով (Յհ 4.7): Յովհաննէս կ'ըսէ թէ Յիսուս եկաւ իրիններուն եւ անոնցմէ մերժուեցա

Քրիստոնէական Սկզբնական Ճշմարտութիւններ

Image
Քրիստոնէական սկզբնական ճշմարտութիւններ, որոնցմէ շատերս տեղեակ չենք՝ Յիսուս հայ չէ՛: Յիսուս Աստուծմէ բաժին մը չէ՛: Հայրը Որդիէն կամ Սուրբ Հոգիէն գերադաս չէ՛: Սուրբ Հոգին ուժ մը չէ՛: Փրկութեան նպատակը դրախտ երթալ չէ՛: Փրկութիւնը մարդկային անձնական հաւատքով, բարի գործերով, ընկերային, ազգային, նիւթական կամ բարեսիսիրական զոհողութիւններով չէ՛: Եկեղեցին շէնքը չէ՛: Աստուածաշունչը կրօնական թելադրանքներու հաւաքածոյ մը չէ՛: Աւետարանը Նոր Կտակարանը չէ՛: Մկրտութիւնը ծէս չէ՛: Եւ... - Աստուած բարկացած չէ՛: