Posts

Showing posts from November, 2009

Արծիւի Նման

Image
Աստուծոյ աներեւելի յատկանիշները կը գտնենք բնութեան մէջ . նայինք արծիւին : Աստուածաշունչին մէջ զանազան տեղեր Աստուած ինքզինք եւ իր զաւակները կը նմանցնէ արծիւի : Արծիւին յատկանիշները մեզ աւելի մօտէն կը ճանչցնեն Աստուծոյ մեզի յանձնած գործը եւ յատկութիւնները : Իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ, մենք ստացած ենք իշխանութիւն եւ ունինք Աստուծոյ եկեղեցին ղեկավարելու կոչում՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան յառաջացման համար: Արծիւին մէջ կը տեսնենք ղեկավարի մը յատկանիշները: Տեսիլքի Տէր Առաջնորդ Արծիւին տեսողութիւնը շատ զօրաւոր է: Ան հեռուն կը տեսնէ եւ ըստ այնմ ներկայի որոշումները կ'առնէ: Իբրեւ ղեկավար, դուն պէտք է նոյնպէս տեսիլք ունենաս եւ ըստ այնմ առաջնորդես հետեւորդներդ: Վարպետ Որսորդ Արծիւը ձուկի վարպետ որսորդ է: Դուն կանչուած ես աշխարհի ջուրերուն մէջի մարդիկը որսալու Քրիստոսի համար: Ինչպէս ձուկերը արծիւին յարձակումը, նոյնպէս ալ մարդիկ անկարելի է որ նշմարեն Սուրբ Հոգիէն մղուած քու յանկարծակի յարձակումդ, քանի որ հոգեւոր չեն (Եր 49.22): Դուն բնաւ չես յուսա