Posts

Showing posts from June, 2012

Քրիստոսով Նոր Կեանքը (Թագաւորութեան Հաստատումը – Ե. Մաս)

Image
Ուխտաւոր Կեանքը Աստուած մեզի հետ ուխտ մը կնքած է Յիսուսի արիւնով: Այդ ուխտին միջոցաւ, մեզի շնորհած է Իր հարստութիւնն ու թագաւորութիւնը իբրեւ ժառանգութիւն: Ամէն ուխտաւոր զաւակ պէտք է լաւ ճանչնայ այդ ուխտին պայմաններն ու պատասխանատուութիւնները, որպէսզի վայելէ եւ ապրի այն բոլոր բարիքները, զորս ուխտը կը խոստանայ: Աստուած կ’ակնկալէ, որ ամէն զաւակ շատ լաւ յիշէ եւ ճանչնայ Իր շնորհքին ճոխութիւնը, որով օրհնած է մեզ, եւ գիտակցօրէն յօժարի նուիրուիլ թագաւորութեան գործին, նոյն զօրութեամբ: Իսրայէլ Սինա Լերան Քով (Ելք 19.1-8) «Դուք տեսաք ինչ որ ըրի Եգիպտացիներուն եւ ինչպէս ձեզ արծիւի թեւերուն վրայ վերցուցի ու քովս բերի » (Ելք 19.4): Աստուած կը յիշեցնէ Իր նախանձը, զոր տեսնելը բաւարար կը նկատէ: Ան մեզ կը յիշեցնէ, թէ մենք «վերցուած» ենք այն բարձրութեան մակարդակին, որ կը համապատասխանէ երկնային կեանքին: Արծիւի օրինակով, Աստուած շեշտ կը դնէ յաղթական եւ թագաւորական կոչումին վրայ, որ մենք ստացած ենք գերբնական շնորհքով: Ինչպէս արծիւը կը յատկանշուի իր փառաւոր թռիչքով ու սուր տեսողութեամբ, նոյ