Posts

Showing posts from 2010

Բարի Լոյս Տէր

Image
Բարի Լոյս Տէր Դուն իմ զօրութեան Աստուածն ես, քեզ պիտի օրհնեմ առտուները, հրեշտակներուդ հետ միասին երգեմ քու մեծութեանդ եւ շնորհքիդ առատութեան գովութիւնը: Դուն սրտիս՝ ուրախութիւն, ոտքերուս՝ ուժ եւ շրթներուս՝ փառաբանութիւն եղար: Ազգեր անտեսեցին խաչդ եւ չփնտռեցին երեսդ, բայց իմ սիրտս քու երեսդ փնտռեց ցերեկ ու գիշեր: Դուն հաւատարիմ եղար Տէ՛ր: Դուն դանդաղ չեղար քու բազուկովդ ինծի հասնելու եւ աշխարհէն ազատելու: Դուն իմ մեծ զօրավարս եւ տիրակալ թագաւորս, ո՞վ կը համարձակի ինքզինք քու մեծութենէդ ծածկել: Դուն ամպերու վրայ կը բազմիս եւ երկինքէն առատ ջուրեր կը թափես եւ կ'ողողես մեր կեանքերը քու ողորմութեամբ եւ սիրով: Ո՞վ է այն մարդը որ իր անմտութեամբ երթայ փնտռելու կեանք ուրիշ տեղ: Ո՞վ է այն մարդը որ առտու կանուխ փնտռէ իր փառքը եւ անտեսէ երկնքէն թափող շողը: Ո՞վ է այն մարդը որ բաւարարուի երկրի հողով եւ անտեսէ փառքդ որ արեւուն նման կը շողայ: Քու ջերմութիւնդ իմ սիրտս հագեցուց եւ ուրախութեան աղբիւր բղխեցուց հոգիիս ներսիդին: Քու գինիդ աշխարհի ուրախութենէն լաւ է: Քու գիրկդ աշխարհի բերդերէն ապահ

Առաքեալը Հայր Է

Image
Երեքշաբթի 21 Սեպտեմբեր 2010, կէսօրուան ժամը 1:30 -ին, աղօթքի մէջ էինք ծառայողներուն հետ եւ Ադլանդիք ովկիանոսը տեսայ. ալեկոծ էր: Տեսայ Ամերիկայի ցամաքամասը ովկիանոսին անդիի կողմը: Տեսայ նաւեր որոնք կը կտրէին ովկիանոսը դէպի ցամաք երթալով: Տէրը ըսաւ՝ «ճամբան բաց է»: Տէրը յայտնեց որ շատ մը առաջնորդներ մեր Եկեղեցիէն պիտի սկսին ճամբորդել առաքելութեամբ: Տէրը կը վառէր նաւը: Տէրը ըսաւ «Ե՛ս կ'առաջնորդեմ»: Տեսայ նաւերը ցամաք կը հասնին եւ խարիսխները վար կը ձգուին եւ շատ մարդիկ խճողումով եւ անհամբերութեամբ վար կը նետուին նաւերէն ու կը վազեն դէպի երկրին խորերը: Տեսայ մեծ եւ աւազոտ դաշտ մը որու վրայ սոված որբեր գետինը նստած էին. ամէն մէկը առանձին, տասը տարեկաննոց թուխ պզտիկներ: Տէրը առիթ տուաւ որ քննենք մեր սիրտերը տեսնելու համար, թէ քանի որբ կրնանք որդեգրել: Տեսայ Հայր Աստուծոյ ժպտուն երեսը: Ան որդեգրած էր մեր բոլորը եւ մենք իր ուրախութիւնն էինք: Վերստին տեսայ այն պատկերը ուր մարդիկ կը նետուին նաւերէն մեծ խանդավառութեամբ: Տէրը ըսաւ՝ «Շատ են մեծ փափաք ունեցողները բայց քիչ՝ հայր ըլլալ ուզող

Աստուծոյ Հանգիստը

Ինչպէս Աստուած հանգչեցաւ Ի՛ր գործերէն երբ եօթերորդ օրուան հանգիստը մտաւ, նոյնպէս ալ մե՛նք հանգչելու ենք մե՛ր գործերէն, որպէսզի Աստուծոյ խոստացած հանգիստը մտնենք (Եբր 4.10):

Դժոխքը Կողոպտող Դեսպաններ

Աշխարհը դատապարտուած է մահուան  եւ կորուստի, մեղքի պատճառով: Մենք դեսպանութիւն կ'ընենք աղաչելով որ մարդիկ ընդունին փրկութիւնը որ Աստուած կատարեց Խաչին վրայ Յիսուս Քրիստոսով: «Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ,  Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ... » (Բ. Կր 5.20):

«Քեզմէ զատ մէկը չկայ...»

Ո՞վ ունիս երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ որու հետ կը փափաքիս ըլլալ յաւիտեան (Սղ 73.25): Ամէն բան պիտի անցնի եւ երթայ... բացի սէրը որ ունիս Յիսուսով (Ա. Կր 13.8): Ոչի՛նչ կրնայ քեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն (Հռ 8.39): Հետեւաբար ամէն բան ոչինչ սեպէ, շահելու համար այն սէրը որ Հայրը քեզի համար պատրաստած է Յիսուս Քրիստոսի մէջ (Փլպ 3.8):

Սէրէն Մղուած Մարգարէութիւնը

Աստուած կ'ուզէ, որ դուն իր սիրով մղուիս եւ մարգարէանալ փափաքիս: Մարգարէութիւնը շինութիւն կը բերէ եւ շատեր կ'օգտուին քու ծառայութենէդ: Աստուած կ'ուզէ քեզ գործածել շատեր ազատագրելու համար: Սիրոյ ետեւէն գնա՛ եւ համարձակ եղիր մարգարէանալու (Ա. Կր 14.1-5):

...Որպէսզի Քրիստոս Ձեր Սրտերուն Մէջ Բնակի

Սուրբ Հոգին կու գայ քու մէջդ սէր դնելու: Եթէ ընդունիս այն սէրը որ Աստուծմէ կու գայ եւ այդ սիրով սիրես միւսները, դուն պիտի հասկնաս Քրիստոսի սիրոյն մեծութիւնը եւ իրմով պիտի լեցուիս (Եփ 3.16-19) :

Առիւծի Պէս

Դուն Յիսուսի արիւնով արդար ես: Եթէ վստահիս քու լաւ կէտերուդ, միշտ վախի եւ յուսահատութեան մէջ պիտի ապրիս, բայց եթէ ճանչնաս այն արդարութիւնը, որ դուն Քրիստոսով ունիս, առիւծի պէս քաջ եւ համարձակ պիտի ըլլաս քու հոգեւոր ինքնութեանդ մէջ (Առ 28.1):

Աստուած Պատրաստ է

Աստուած պատրաստ է կեանքիդ մէջ հրաշքով միջամտելու: Յեսուի աղօթքին պատճառով ամբողջ ստեղծագործութիւնը տակն ու վրայ եղաւ: Յեսու Աստուծոյ հետ կը խօսէր եւ  Անոր հետ մնայուն յարաբերութեան մէջ էր (Յես 10.12-14) :

Աստուծոյ Ճամբանե՞րը թէ Գործե՞րը

Մենք հրաշք, օրհնութիւն, զօրութիւն եւ նշաններ կ'ուզենք, բայց Յիսուս կ'ուզէ հետդ բարեկամութիւն շինել, որպէսզի քեզ իր գաղտնի ճամբաները ցոյց տայ: Այն ատեն ինչ որ խնդրես պիտի ստանաս եւ ուրախութիւնդ կատարեալ պիտի ըլլայ (Սղ 103.7, Յհ 16.24):

Հոգիով Աղքատը

Եթէ հոգեւոր աղքատութիւնդ կը զգաս մարմնաւորիդ եւ բնական վիճակիդ մէջ,  դուն օրհնեալ ես, որովհետեւ միայն այն անձը որ իր պակասը կը զգայ պիտի ծարավի Աստուծոյ եւ լեցուի Անոր թագաւորութեան գերբնական կեանքով: Համարձակէ՛ հաւատալ (Մտ 5.3) :

Սիրտդ Մաքրէ՛

Աստուծոյ խօսքը կու գայ քեզի հարիւր տալու: Սիրտդ հողի պէս է. Եթէ լաւ մաքրես եւ անպէտք ժխտական քարերը թափես, կրնաս վայելել երեսուն, վաթսուն կամ հարիւր: Ինչքան որ կ'ուզես, ատոր համաձայն պատրաստէ սիրտդ: Ես հարի՛ւր կ'ուզեմ (Մտ 13.8): 

Աստուած Բարի է

Յիսուս կ'ուզէ, որ մենք ճանչնանք Աստուծոյ բարութիւնը եւ վստահ ըլլանք, որ ամէն բարի բան Իրմէ կու գայ: Ասկէ կը ծնի հաւատք, յարաբերութիւն եւ յաւիտենական կեանք (Ղկ 18.18-19) :

Սաղմոս 103 (2010)

Image
Ո՛վ իմ անձս , օրհնէ՛ Տէրը : Ո՛վ ա մէն ինչ որ իմ ներսս է , օրհնէ՛ անոր Սուրբ Անունը : Օրհնէ՛ Տէրը ով իմ անձս , եւ անոր բարիքները մի՛ մոռնար : ( Օրհնէ՛ Տէրը ) որ կը ներէ բոլոր մեղքերդ ու կը բժշկէ հիւանդութիւններդ , որ կը փրկէ քու կեանքդ ապականութենէ եւ կը պսակէ քեզ ողորմութիւնով ու գութով , որ կը հագեցնէ քեզ բարիքով, որպէսզի երիտասարդութիւնդ արծիւին երիտասարդութեան պէս նորոգուի : Տէրը արդարութիւն եւ իրաւունք կ ' ընէ բոլոր զրկուածներուն : Ան իր ճամբաները Մովսէսին յայտնեց , բայց միայն իր գործերը՝ Իսրայէլի ժողովուրդին : Գթած ու ողորմած է Տէրը , համբերատար եւ ողորմութիւնով լեցուն : Ան ողորմած ու շնորհալի է եւ վէճով իր իրաւունքը չի պահանջեր : Ան մեր մեղքերուն համեմատ չվարուեցաւ մեզի հետ , ու մեր յանցանքներուն համաձայն չհատուցանեց մեզի: Հապա որչափ երկինքը երկրէն բարձր է , ա՛յնչափ իր ողորմութիւնը մեծ է իրմէ վախցողներուն վրայ, Որչափ արեւելքը արեւմուտքէն հեռու է , ա՛յնչափ հեռացուց մեզմ

Յանկարծ

Image
«Ահա ես իմ դեսպանս կը ղրկեմ, որ իմ առջեւս ճամբայ պատրաստէ: Ձեր փնտռած Տէրը, այսինքն ուխտին հրեշտակը, որու կը հաւնիք, յանկարծ իր տաճարը պիտի գայ: Ահա կու գայ կ'ըսէ զօրքերու Տէրը» (Մղ 3.1): Ինչպէս Յովհաննէս Մկրտիչ, նոյնպէս մենք Աստուծոյ Խօսքին՝ Յիսուսին դեսպաններն ենք (Բ Կր 5.20): Մեր Վկայութիւնը ճամբան կը բանայ որպէսզի Տէրը յանկարծ իր Աստուածային յայտնութիւնը ընէ զինք փնտռողներուն, անոնց մէջ գայ հաստատուելու եւ անոնց դարձնէ տաճարներ իր Սուրբ Հոգիին: Մենք մարդիկը չենք համոզեր: Մեր գործը շատ աւելի պատուաւոր է: Մենք դեսպանութիւն կ'ընենք եւ իր Թագաւորութեան Խօսքերը կը խօսինք Աստուծոյ զաւակի իշխանութեամբ: Այն մթնոլորտը, որ կը ստեղծուի մեր քարոզչութեամբ կը նմանի այն աւազանին որ կը լեցուի յարմար տեսակի ջուրով եւ կ'արտօնէ որ կորուստի դատապարտուած ձուկերը իրենց կեանքերը գտնան հոն: Աշխարհը պէտք ունի կեանքի Խօսքին: Մենք չենք կրնար այս մուտքը շինել կամ կառուցել: Մենք Երկնքի Թագաւորութեան մթնոլորտը կը հրաւիրենք: Աստուծոյ շնորհքն է, որ երբ հանդիպի մարդոց փնտռտուքին, յանկարծ կը յայտն