Posts

Showing posts from September, 2012

Տէրը Կ’արթնցնէ (Աստուծոյ Տունը Շինող – Ա. Մաս)

Image
Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը: Ի՞նչ է Աստուծոյ թափը: Ինչպիսի՞ն է Աստուծոյ լրջութիւնը: Ի՞նչպիսին է Աստուծոյ սէրն ու նախանձը իր Տանը հանդէպ:   Հակառակ մեր նուիրուած զաւակներ ըլլալուն, շատ անգամ կը տարուինք այս աշխարհի զբաղումներով: Մեզմէ շատերուն համար Աստուծոյ գործը կը դառնայ մեր առօրեան լեցնող զբաղումներէն մէկը, որ հետզհետէ կը դասուի աւելի նուազ կարեւորութիւն ունեցող զբաղումներուն կարգին: Ուրիշ   խօսքով, մեր կեանքերուն մէջ շատ աւելի կարեւոր գործեր կ ’ ունենանք եւ Աստուծոյ գործը կ'անտեսուի: Գործի Ժամանակ է «Այս ժողովուրդը կ’ըսէ թէ դեռ ժամանակը չէ հասած, Տիրոջ տունը վերաշինելու» (Անգ 1.2): Մարգարէութիւնները մարդոց հաշիւին համաձայն չեն աշխատիր, այլ՝ Տիրոջ սահմանած ժամանակներուն համաձայն: Այն խօսքերը որ Աստուած կը խօսի պարապ չեն դառնար իրեն (Ես 55.11):   «Արդէօք ժամանա՞կն է թէ դուք ձեղունազարդ տուներու մէջ բնակիք, իսկ այս տունը աւերակ մնայ» (1.4):   Ի՞նչ բանի համաձայն կ’որոշենք թէ ինչի՞ ժամանակ է: Ի՞նչի համար կը գործածենք մեր Աստուծմէ ստացածը: Ո՞ր գործը աւ

Գոհութիւն (Փլպ 4)

Image
Հաստատում Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ թէ՝ §   Հաւատացեալները իր սիրելի եւ բաղձալի եղբայրներն են: §   Անոնք իր ուրախութիւնն ու պսակն են: §   Իրենց հաւատքի հաստատուն կեանքով (1): Պօղոս առաքեալ վերստին կը կը խօսի Տիրոջմով նոյն խորհուրդը ունենալուն կարեւորութեան մասին (2) եւ կը շեշտէ օգնական ըլլալու մասին (3ա): Ան կը շարունակէ խրատել որ ծառայողները ունենան նոյն միտքը որ Քրիստոսի մէջ էր (2.5): Աշխատակից Աւետարանին Մէջ Պօղոս առաքեալ կը խօսի ծառայողներու մասին, որպէս մարդիկ որոնց անունները գրուած են Կեանքի գիրքին մէջ (3բ): Քու Կեանքդ «Բարի Լուր» է աշխարհին: «Ուրախ եղէք Տիրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ ուրա՛խ եղէք» (4): Տիրոջ ուրախութեան մէջ մնալը հաւատացեալին միա՛կ տեղն է: Հոգ ≠ Գոհ Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ հեռու մնալ հոգ ընելէ եւ աղօթքով գոհ ըլլալ ( 6 ): Այս մէկին իբր հետեւանք, Աստուծոյ խաղաղութիւնը մեր միտքերը պիտի պահպանէ (7): Մտահոգութեան առարկան լուծելը կարեւոր չէ՛, այլ՝ վստահութեամբ Տիրոջ հետ քալելը: Մեր պահպանուած միտքերը պէտք չէ գործ

Քրիստոսի Արդարութիւնը (Փլպ 3)

Image
Իսկական Ուրախութիւնը Իսկական ուրախութիւնը Տիրոջ ուրախութիւնն է (1ա): Պօղոս առաքեալ այս գլուխին մէջ հաւատացեալներուն կ’ուզէ պարզել թէ ինչն է ձեւը ատիկա պահպանելու: Հաւատացեալներս տեւաբար պէտք ունինք յիշելու թէ մեր ուրախութիւնը Աւետարանին մէջն է (1բ): Շնորհիւ այն արդարութեան զոր ունինք Քրիստոսով, ունինք Հայր Աստուծոյ հաճութիւնը եւ այս մէկը բարձրագոյն ապահովութիւնն ու ուրախութիւնն է մարդ արարածին համար (1գ): Արդարութեան Կարեւորութիւնը Կարելի է որ ինքզինքդ, Քրիստոսի սիրոյն, ծայրագոյն զսպումներուն ենթարկես եւ Աստուծոյ զօրութիւնը վայելես կեանքիդ մէջ, եւ կարելի է ունենաս նոյն միտքը զոր Քրիստոսի մէջ էր եւ միացած Քրիստոսի մարմինին՝ փայլիս աշխարհի մէջ, բայց եթէ Քրիստոսի արդարութիւնը լա՛ւ հագած չըլլաս, թշնամիին յարձակումներուն չես կրնար դէմ դնել եւ շուտով կ’իյնաս (Եփ 6.13): Զգուշացում՝ Մարմնաւոր Վստահութիւն Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ հաւատացեալները յատուկ սուտ վարդապետութենէ մը, որուն ըստ երեւոյթին, շատ հաւատացեալներ զոհ կ’երթային (2, Գղ 3.1-14, 5.1-12): Նիւթը Եբր

Քրիստոսի Միտքը (Փլպ 2)

Image
«Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին» (Ա. Կր 11.1): Պօղոս Առաքեալ ինքզինք իբր ողջ օրինակ ներակայացնելէ ետք, երկրորդ գլուխին մէջ կու գայ ընդլայնելու այս գաղափարը   բացատրելով թէ ի՞նչ կը նշանակէ նմանիլ Քրիստոսին (Փլպ 1.30, Ա. Կր 11.1): Պօղոս կը ներկայացնէ իր նման նոյն խորհուրդը ունենալը իբր բարձրագոյն եւ բացարձակ մխիթարութիւն, սիրոյ սփոփանք, Սուրբ Հոգիի հաղորդութիւն, գթութիւն եւ ողորմութիւն (1): Ան կը թելադրէ նոյն խորհուրդը ունենալ եւ իր ուրախութիւնը այդպէս լեցնել: Պօղոսի ուրախութիւնը կատարեալ կ’ըլլայ   եկեղեցիին մէջի միաբանութեան պատճառով ( 2 ): Միաբանութեան Հիմը Ըստ Պօղոսի, միաբանութեան համար կարեւոր է հեռու մնալ գրգռութերէ (բարկութենէ) ու սնապարծութենէ (հպարտութենէ), ինչպէս նաեւ՝խոնահութիւնով զիրար մեր անձերէն լաւ սեպել (3) ու ընկերին շահն ալ փնտռել (4): Քրիստոսի Միտքը Ան կը թելադրէ ունենալ «Նոյն միտքը...որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր» (5), այսինքն՝ այն ինչ որ Քրիստոսին ըլլալ եւ ընել կու տայ: Նոյն միտքը, այսինքն՝ նոյն սիրտը, նոյն էութիւնը, նոյն կեդր

Կապուած Արձակելու Համար (Փլպ 1)

Image
Դուն եւ Շնորհքը Քրիստոնէական Կեանքը լեցուն է խոստումներով եւ օրհնութիւններով, սակայն Աստուծոյ շնորհքը գործածելու գաղտնիքը մարդուն նուիրումին եւ զոհողութեան որոշումին մէջ կը մնայ: Օրհնուած եւ լեցուն կեանքը պահելուն «ղէկ»ը մարդուն զոհողութիւններուն եւ զսպումներուն ձեռքն է: Երբ տկար ես՝ ա՛յն ատեն զօրաւոր կ’ըլլաս (Յվլ 3.10): Պօղոս Առաքեալի Կողմէ Փիլիպպեցիներուն Ղրկուած Նամակը Պօղոս կը սկսի իր նամակը, յայտնելով թէ ինք եւ Տիմոթէոս միասին կը գրեն այս նամակը: Ան կը յայտնէ թէ որու ուղղուած է նամակը (1): Ան կը սկսի իր նամակը արձակելով իր կեանքին մէջ գտնուող Աստուծոյ շնորհքն ու խաղաղութիւնը (2): Պօղոս շնորհակալ է Աստուծոյ հաւատացեալներուն, ծառայողներուն եւ համայնական ու միութեան կեանքին համար (3) եւ կը յայտնէ թէ ան ուրախութեամբ կ’աղօթէ (4): Աւետարանին Յաղորդակից Պօղոս կը հաստատէ թէ Աւետարանն է անոնց օրհնութեան աղբիւրը (5): Ան իր վստահութիւնը կը յայտնէ այն գործին համար զոր Աստուած սկսաւ եւ պիտի հասցնէ իր աւարտին (6): Պօղոսին վստահութիւնը Աւետարանին զօրութեան ե

Բարկութեան Վրայ Իշխել (Թագաւորութեան Հաստատումը – ԺԱ. Մաս)

Image
«Լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն, ‘Սպաննութիւն մի՛ ըներ’: Ով որ սպաննութիւն ընէ, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ, բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. «Ով որ իր եղբօր պարապ տեղը սրդողի, դատաստանի պարտաւոր պիտի ըլլայ: Ով որ իր եղբօրը Անմիտ ըսէ, գեհենի կրակին պարտաւոր պիտի ըլլայ: Ուրեմն եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ չէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես: Քու ոսոխիդ հետ շուտով միաբանէ, քանի որ անոր հետ ճամբուն մէջ ես: Չըլլայ թէ քու ոսոխդ քեզ դատաւորին մատնէ եւ դատաւորը դահիճին եւ բանտը ձգուիս: Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Պիտի չելլես անկէ՝ մինչեւ վերջին նաքարակիտը չվճարես’» (Մտ 5 . 21 - 26 ):   Վեցերորդ Պատուիրանը (Ելք 20.13) «Սպաննութիւն մի՛ ըներ » (Ելք 20.13):   Ի՞նչ է Սպաննութիւնը Ըստ Յիսուսի, սպաննութիւնը կը կատարուի մարդուն սրտին մէջ երբ պարապ տեղ կը բարկանայ եւ իր սրտին բարկութենէն կ’արտայայտուի իր շրթներով, ձեռքերով կամ որեւէ ոճիրի արարքով (Մտ 5 . 21 - 26 ):   «Ի