Posts

Showing posts from 2019

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Image
«“Եթէ ձեզմէ երկու հոգի համաձայնին երկրի վրայ՝ որեւէ բան խնդրելու, պիտի ըլլայ անոնց իմ Հօրմէս՝ որ երկինքն է”։ Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց մէջ» (Մտ 18.19-20)։ «Ես Աշխարհին Յաղթեցի» (Յհ 16.33): Մեր Տէրը յաղթեց աշխարհին մեզի համար: Իր յաղթութիւնը պահելով եւ հռչակելով, մենք մեր կեանքերով իր յաղթութեան զօրութիւնը մատչելի կը դարձնենք: Յիսուս կու տայ եկեղեցիին իր իշխանութիւնը՝ (Մտ 10.1, Գրծ 10.38-43, Մտ 16.18) •  Պիղծ ոգիները հանելու համար: •   Հիւանդներ բժշկելու համար: •  Սատանայէն տանջուածները բժշկելու համար: •  Դժոխքին դռներուն յաղթելու համար: Յիսուս իշխանութիւնը տուաւ աշակերտներուն , որովհետեւ այս իշխանութիւնը պիտի գործէր զօրութեամբ   անոնց եւ մեր միաբանութեան մէջ: Նոր Կտակարանին մէջի ա ռաջին Եկեղեցիին մէջ՝ միաբանութեան կեանքը եւ Տիրոջ գործը նկարագրուած է շատ տպաւորիչ ձեւով (Գրծ 2.46-47): Հին Կտակարանին մէջ՝  Եկեղեցիին մէջի միաբանութեան զօրութիւնը մարգարէաբար ներկայացուած է Ամաղէկի դէմ Իսրայէլի յաղթանակով

Աղօթք Փառաբանութեան

Image
Կը պատրաստես ժողովուրդ մը Քեզ պաշտելու մաքուր սրտով։ Քու նախանձդ գանձ է, Ո՜վ Նախանձախնդիր Աստուած։ Դուն Հայր ես, կը պատերազմիս որդիներուդ համար։ Քու զոհողութեամբդ աւելի բարձր ես քան աստուածները։ Դուն կը բժշկես, կը բարձրացնես ու կը զարդարես լքուածները։ Սուրբ Հայր, դուն զաւակներուդ՝ յաղթանակի դրօշակ ես։ Ո՞վ կայ Տէր, Քեզ նման։ Ո՛չ ոք կը մօտենայ Քու անուանդ։ Կը հաստատես ու կը տարածես Թագաւորութիւնդ՝ Խօսքովդ։ Ազգէ ազգ՝ կը տիրես անհատական խնամքով ու գութով։ Սերունդներ կը պատմեն քու գործերուդ մասին, զարմանքով։ Երկիրն ամբողջ կ՚երգէ քու փառքիդ մասին՝ նոր երգով։ Տիեզերգը կ՚ընթանայ ծափով ու պարով՝ քու սրտիդ տրոփումով։ Ո՞վ կայ Քեզ նման. Պատերազմող Աստուած, Որ Քու Որդւոյդ արիւնով կը հանդիմասես չարը, Ներկայութեամբդ կը լեցնես տուներ, Յաւիտենական ուխտով կը կնքես՝ Քեզի դարձողներ։ Որդեգրող Աստուած, Իւրացնող Աստուած, գրկող ու սնանող Աստուած, Դուն կը ժպտաս քու զաւակներուդ վրայ՝ գիշերով, եւ կը քաջալերես՝ ցերեկով։ Ուրախ Աստուած, ցնծութեան Աստուած, տօնախմբութեան Աստուած, Կ՚արշաւես փառաբանութեամբ եւ կը գրաւես

Աղօթք Գոհութեան

Image
Քու անունդ՝ ամէն անունէ վեր, Քու արիւնիդ ձայնը՝ ամէն ձայնէ բարձր, Քու սէրդ՝ ամէն սիրոյ հասկացողութենէ խոր... Դուն որ Հօր ծոցն էիր միշտ, դարձուցիր քու փառաւոր երեսդ մեզի, Եւ Դուն որ Որդիիդ նայելով քու ուրախութիւնդ ունիս, Յօժարեցար զԻնք մեղքի պատարաք ընդունիլ, Եւ Դուն որ կը բնակիս Հօր եւ Որդւոյն ջինջ սիրոյն մէջ, Յօժարեցար մեր մէջ հաստատել քու բնակութիւնդ, Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ անեղ, Սուրբ եւ հզօր, Մեր մէջ ունեցիր քու ազատութիւնդ եւ արտայայտութիւնդ։ Մեզ զինէ քու գիտութեամբ եւ համարձակ սրտի զօրութեամբ։ Քու Անունդ կը կանչենք եւ քեզի կը սպասենք։ Մեզ բարձրացուր քու աթոռիդ առջեւ, Տեսնելու Երեսդ, տեսնելու փառքդ, Գովելու Քեզ, լեցուելու Քեզմով, Փառաւորելու Քեզ, բաւարարուելու Քեզմով... Մենք մարդու մը չէ որ կը մօտենանք, ոչ ալ կրօնքի մը. այլ՝ կենդանի Աստուծոյ Որդիին։ Մենք մօտեցած ենք մշտնջենական ուխտի միջնորդին, որուն օրհնութեամբ՝ մենք կը հասնինք կատարելութեան: Մենք կը պաշտենք զԱստուած, որ մեզ սիրեց եւ իր Որդիին արիւնով մեզ սրբեց մեր մեղքերէն։

Աղօթք Ընթարձակման

Image
Երազներու Աստուած, տար մեզ հոն՝ Ուր մեզ կը կանչես, հոն ուր մեզ կը սպասես։ Տա՛ր մեզ մեր ժառանգութեան համաձայն` Քու սրտիդ մէջ, հոն ուր աշխարհն ամբողջ չի բաւեր: Ո՞վ կայ Քեզ նման: Ո՛չ ոք չի բաղդատուիր քու Անձիդ, քու գրկիդ: Ո՜վ Հօր Միածին, Սուրբ եւ Անգին, Տո՛ւր մեզի նոյն սրտիդ համաձայն, նոյն առոյգ կորիւնի մռնչիւն: Սիրոյ բարձր աղաղակի արժանի Աստուած, Որ քու արեանդ անգին կաթիլները սրսկեցիր, Եւ մեր ամօթալի երեսները ապշեցուցիր, Մտցուցիր մեզ անդին, շա՜տ աւելի անդին քան մտերիմ, Դուն որ մեզ միացուցիր Հօր Հոգիովդ Սուրբ, Որ լուացիր մեզ Խօսքիդ ջուրով, զօրացո՛ւր մեզ: Լեցուած Հոգիովդ, զաւակներդ կը դիմենք քեզ, Որ սէր ես, որ մարդը կը սիրես։ Իմ Աստուած, իմ փրկիչ, իմ Հայր եւ Արարիչ, Քեզ կը պաշտենք, կ՚երկրպագենք, դուն ես մեր բաժինը։ Եթէ քաշես, կ՚երթանք, կ՚երթանք կ՚ընթարձակենք, Զաւակներդ հաւաքենք, Թագաւորութիւնդ տարածենք...