Posts

Showing posts from March, 2020

Աղօթք Փնտռտուքի

Image
Կը քաշես զիս յայտնութիւնով։ Հանելուկով, պահուըտելով, Կը տանիս զիս ներսի սենեակ Չկայ գիրք, մատիտ կամ տետրակ Որ գրեմ... ինչքան ալ արագ։ Կ՚անհետանաս շուտով։ հազիւ դեռ տեսած Քեզ, Արդէն ալ չես... կարծես։ Խաւար է նորէն, տե՛ս։ Շարունակեմ յոյսով, զոր ձգեցիր իմ մէջ։ Արիւնով եւ ջուրով, Դուն լուացիր ճամբաս։ Կը հետեւիմ այսպէս Ուշադրութիւնով՝ մեծ։ Տեսնեմ հազիւ բանաս Քու դուռդ, քու գիրկդ Քու տունդ, Քու սիրտդ Ինչքա՜ն սքանչելի ես, Տէ՜ր։