Posts

Showing posts from August, 2012

Նախանձոտ Աստուած (Թագաւորութեան Հաստատումը – Է. Մաս)

Image
Ուխտը եւ Պատուիրանները Սինա Լերան վրայ, Աստուած Իսրայէլի հետ   ուխտ մը կը կնքէ, որմէ անմիջապէս ետք Մովսէսին միջոցաւ կը փոխանցէ Իր Օրէնքը եւ պատուիրանները:   Այդպիսով Աստուած Իր անձը կը յայտնէ Իր ժողովուրդին:   Առաջին Երկու Պատուիրանները (Ելք 20.1-6) « [ ...] Ես եմ Եհովան քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանեցի: Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս: Դուն քեզի կուռք չշինես [ ...] Անոնց երկրպագութիւն չընես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ [...]» (Ելք 20.1-6) :   Նախքան Օրէնքը յայտնէ, Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ իբրեւ Փրկիչ: Օրէնքը հոգեւոր է (Հռ 7.14), եւ Օրէնքին մէջ քալելու գաղտնիքը մեր Փրկիչ Աստուծոյ նայելուն մէջ է:   « […] Միտքս չդրի ձեր մէջ ուրիշ բան մը գիտնալ, բայց միայն Յիսուս Քրիստոսը ու այն խաչը ելած» (Ա.Կր 2.2):   Որեւէ բան որ մեր ուշադրութիւնը նուազագոյն չափով կը շեղէ Աստուծմէ, կուռք է եւ մեր հաւատքին սպառնալիք (Եբր 12.2): «Օտար աստուածներով անոր նախանձը գրգռեցին ու գարշելի բաներով զանիկա սրդողեցուցին» ( Բ.Օր 32.16):   «Յիսուսի

Աստուծոյ Կրակը (Թագաւորութեան Հաստատումը – Զ. Մաս)

Image
«Նախքան որ աւելի անդին երթանք...» Ուխտին ընդառաջելէն ետք եւ Օրէնքին տուչութենէն առաջ, Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդին առջեւ ուրիշ մղոնաքար մը կը դնէ՝ Աստուծոյ կրակը: Մենք Տիրոջ կրակին պէտք ունինք, իր կամքը կատարելու համար: Շատեր կը սխալին կարծելով թէ կրնան Թագաւորութեան կեանքը ապրիլ նախքան որ այս հանգրուանէն անցնին: Աստուած կու գայ Իր Խօսքով մեզ կեդրոնացնելու մեր ներքին սրբագործման պէտքին վրայ: Ան կու գայ կեդրոնացնելու Իր կրակին վրայ: Աստուծոյ կրակը մարմնաւորին համար մահ է, կը ցաւցնէ, կը մաշէ, կը կերտէ եւ մեր միակ յոյսն է: Մարմնաւորը կ’ուզէ բաւարարուիլ արտաքին սրբուելու գործողութեամբ, մեզ խաբելով թէ այդ է կատարումը: Իսկական փոփոխութեան ձգտելու պէտքին ատեն, մարմնաւորը կ’ուզէ մեզ պահել մերժող վիճակի մէջ: Սակայն Աստուած իր ծառայողները կրակի բոց կ’ընէ (Սղ 104.4): Ան իր կրակը կը ղրկէ մկրտութեան մը համար, այսինքն` նոր սկիզբի մը համար, որուն համար կը թելադրէ լա՛ւ պատրաստուիլ (Ղկ 24.46-49): Աստուած մեր հոգիներուն առջեւէն քողը վերցուցած է: Մեղքը վերցուած է եւ մենք մօտեցած ենք երկնքի եւ Աստուծ