Posts

Showing posts from November, 2011

«Աչքերնիդ Վերցուցէ՛ք ու Արտերուն Նայեցէ՛ք» (Յհ 4.35)

Image
«Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք ու արտերուն նայեցէ՛ք: Արդէն ճերմկած ու հնձելու պատրաստ են» (Յհ 4.35): Ի՞նչպէս կը նայէր Յիսուս կեանքին եւ ի՞նչպէս կ ’ ապրէր ( Մր 7.31-37 ): Իր ամբողջ էութեամբ եւ զօրութեամբ, Ան նուիրուած էր Աստուծոյ գործը կատարելու եւ Սատանային գործերուն վերջ դնելու ( Գրծ 10.38 ): Ինչպէս յովազը կը յարձակի որսը լափելու համար , նոյնպէս Յիսուսի Հոգին « անօթի » է Թագաւորութեան համար կեանքը լափելու : Աստուած մեզի նոյն հարցումը կը հարցնէ այսօր՝ « Ի՞նչպէս կը նայիս քու կեանքիդ »: Ըստ Աստուածաշունչին, մեր կոչումն է քալել այն բարի գործերուն մէջ , որ Աստուած Յիսուսով մեզի համար նախապէս պատրաստեց ( Եփ 2.10 ) եւ կեանքի մէջ թագաւորել ( Հռ 5.17) : Սովորական կեանքի հոսանքը կու գայ մեզի կեդրոնացնելու մեր առօրեայ պէտքերուն վրայ : Աստուած մեզ կը յիշեցնէ որ կեդրոնանանք Թագաւորութեան գործին վրայ ( Մտ 6.33 ): Կեանքի դժուարութիւնները կու գան մեզ վախցնելու եւ յուսահատեցնելու : Աստուած մեզ կը քաջալերէ մեզի յիշեցնել

«Առաքեալ Ըլլալու Կանչուած» (Հռ 1.1)

Image
«... Որուն միջոցով (Յիսուս Քրիստոսի միջոցով) շնորհք եւ առաքելութիւն ստացանք՝ որպէսզի բոլոր ազգերը առաջնորդենք իր անունին հաւատքի հնազանդութեան » ( Հռ 1.5 ): Որպէս Աստուծոյ  զ աւակներ, մենք ստացած ենք   շնորհք եւ առաքելութիւն : Նոր կտակարանի յունարէն բնագիրին մէջ գործածուած «Շնորհք» բառը ( Charis ) կը նշանակէ հաճութիւն , շնորհակալութիւն, բարի կամեցողութիւն , ազնուութիւն եւ նաեւ Աստուածային զօրութեամբ կառավարուած հոգեւոր վիճակ: Իսկ «Առաքելութիւն» բառը ( Apostole ) կը նշանակէ ուղարկել , ինչպէս կ'ուղարուին արշա ւ ող նաւատորմիղին հետ գացող դիւանագէտներ կամ պատգամաբերներ: Ուրեմն , կարեւոր է որ ճանչնանք մեր ինքնութիւնն ու կարողութիւնը Քրիստոսով եւ ն աեւ , շնորհքին մէջ աճելով առաքելութիւնը հետապնդենք , որպէսզի Աստուած փառաւորուի : Սատանան ինք ալ ծրագիր ունի եւ կ ' ուզէ օգտագործել մեր շնորհքը իր փառքին համար , աշխարհային հրապոյրով , ճնշումով եւ այլ միջոցներով որպէսզի մեզ հեռացնէ առաքելութենէն : Աշխարհի լայն հոսանքին մ