Աղօթք Գոհութեան

Քու անունդ՝ ամէն անունէ վեր,
Քու արիւնիդ ձայնը՝ ամէն ձայնէ բարձր,
Քու սէրդ՝ ամէն սիրոյ հասկացողութենէ խոր...

Դուն որ Հօր ծոցն էիր միշտ, դարձուցիր քու փառաւոր երեսդ մեզի,
Եւ Դուն որ Որդիիդ նայելով քու ուրախութիւնդ ունիս,
Յօժարեցար զԻնք մեղքի պատարաք ընդունիլ,
Եւ Դուն որ կը բնակիս Հօր եւ Որդւոյն ջինջ սիրոյն մէջ,
Յօժարեցար մեր մէջ հաստատել քու բնակութիւնդ,

Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ անեղ, Սուրբ եւ հզօր,
Մեր մէջ ունեցիր քու ազատութիւնդ եւ արտայայտութիւնդ։
Մեզ զինէ քու գիտութեամբ եւ համարձակ սրտի զօրութեամբ։
Քու Անունդ կը կանչենք եւ քեզի կը սպասենք։
Մեզ բարձրացուր քու աթոռիդ առջեւ,
Տեսնելու Երեսդ, տեսնելու փառքդ,
Գովելու Քեզ, լեցուելու Քեզմով,
Փառաւորելու Քեզ, բաւարարուելու Քեզմով...


Մենք մարդու մը չէ որ կը մօտենանք, ոչ ալ կրօնքի մը. այլ՝ կենդանի Աստուծոյ Որդիին։ Մենք մօտեցած ենք մշտնջենական ուխտի միջնորդին, որուն օրհնութեամբ՝ մենք կը հասնինք կատարելութեան: Մենք կը պաշտենք զԱստուած, որ մեզ սիրեց եւ իր Որդիին արիւնով մեզ սրբեց մեր մեղքերէն։

Comments

Popular posts from this blog

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)

Գալիք Փառքը (Աստուծոյ Տունը Շինող – Բ. Մաս)

Սիրտս Կը Բանամ Քեզի