Բարկութեան Վրայ Իշխել (Թագաւորութեան Հաստատումը – ԺԱ. Մաս)

Վեցերորդ
Պատուիրանը (Ելք 20.13)
«Սպաննութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.13):
Ըստ Յիսուսի, սպաննութիւնը
կը կատարուի մարդուն սրտին մէջ երբ պարապ տեղ կը բարկանայ եւ իր սրտին բարկութենէն
կ’արտայայտուի իր շրթներով, ձեռքերով կամ որեւէ ոճիրի արարքով (Մտ 5.21-26):
«Իժերո՛ւ
ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք բարի խօսիլ, որ չար էք. Վասնզի բերանը սրտին աւելցուքէն կը
խօսի: Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարի բաներ կը հանէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չար
բաներ կը հանէ: Բայց ձեզի կ’ըսեմ թէ
‘Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ զոր մարդիկ կը խօսին, դատաստանի օրը հաշիւ պիտի տան: Վասնզի քու խօսքերէդ պիտի
արդարանաս եւ քու խօսքերէդ պիտի դատապարտուիս» (Մտ
12.34-37):
Աստուած կ’ակնկալէ որ
մենք բարկութեամբ չլեցուինք: Նայինք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ առաջարկած լուծումը եւ թէ մենք
ի՞նչպէս պէտք է վարուինք:
Կայէն
եւ Աբէլ (Ծն 4.1-15)
Աստուած ընդունեց
Աբէլի ընծան բայց մերժեց Կայէնինը (3-5ա):
Կայէն բարկացաւ ու
երեսը կախեց (5բ): Արդէն կը տեսնենք հետեւեալ տէտերը Կայէնի վարմունքին մէջ՝
§ Բարկութիւն
§ Նախանձ
§ Ատելութիւն
§ Միջամտող («Ի՞նչու
բարկացար...»)
§ Խրատական («եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չը՞լլար»)
§ Զգուշացնող («մեղքը դրան քով պառկած է»)
§ Քաջալերական («ու դուն անոր պիտի իշխես»):
Մեղքը մի՛շտ հոն պիտի
ըլլայ: Նախանձի առիթը մի՛շտ հոն պիտի ըլլայ: Մենք նայելու ենք Հօր մօտեցումին եւ
քաջալերական խօսքին:
Կայէն իր եղբօր վրայ
ելաւ ու զանիկա սպաննեց (8բ):
Կայէն այնքան տարուած
եւ լեցուած էր բարկութեամբ, որ չկրցաւ Աստուծմէ ընդունիլ: Կարծես անոր խիղճն անգամ
անզգամ դարձած էր: Ան պատասխանատու չէր զգար (9):
Աստուած իր
ողորմութիւնն ու պահպանութիւնը տակաւին պահեց իբր դարձի առիթ (15):
Մենք պէտք է Աստուծոյ
Խօսքին շատ ուշադրութեամբ մտիկ ընենք եւ Աստուծոյ մօտենանք թափանձիկ սրտով:
Մենք պէտք է լուծենք
ամէն հարց եւ վճարենք ամէն գին որպէսզի մեր սրտերը մաքուր պահենք Աստուծոյ առջեւ:
Թագաւորութիւնը
պարգեւ է, բայց Աստուծոյ որդիները իրենց նուիրումով զԱնիկա կը պահեն եւ կը
պահպանեն:
Comments
Post a Comment