Posts

Showing posts from September, 2010

Բարի Լոյս Տէր

Image
Բարի Լոյս Տէր Դուն իմ զօրութեան Աստուածն ես, քեզ պիտի օրհնեմ առտուները, հրեշտակներուդ հետ միասին երգեմ քու մեծութեանդ եւ շնորհքիդ առատութեան գովութիւնը: Դուն սրտիս՝ ուրախութիւն, ոտքերուս՝ ուժ եւ շրթներուս՝ փառաբանութիւն եղար: Ազգեր անտեսեցին խաչդ եւ չփնտռեցին երեսդ, բայց իմ սիրտս քու երեսդ փնտռեց ցերեկ ու գիշեր: Դուն հաւատարիմ եղար Տէ՛ր: Դուն դանդաղ չեղար քու բազուկովդ ինծի հասնելու եւ աշխարհէն ազատելու: Դուն իմ մեծ զօրավարս եւ տիրակալ թագաւորս, ո՞վ կը համարձակի ինքզինք քու մեծութենէդ ծածկել: Դուն ամպերու վրայ կը բազմիս եւ երկինքէն առատ ջուրեր կը թափես եւ կ'ողողես մեր կեանքերը քու ողորմութեամբ եւ սիրով: Ո՞վ է այն մարդը որ իր անմտութեամբ երթայ փնտռելու կեանք ուրիշ տեղ: Ո՞վ է այն մարդը որ առտու կանուխ փնտռէ իր փառքը եւ անտեսէ երկնքէն թափող շողը: Ո՞վ է այն մարդը որ բաւարարուի երկրի հողով եւ անտեսէ փառքդ որ արեւուն նման կը շողայ: Քու ջերմութիւնդ իմ սիրտս հագեցուց եւ ուրախութեան աղբիւր բղխեցուց հոգիիս ներսիդին: Քու գինիդ աշխարհի ուրախութենէն լաւ է: Քու գիրկդ աշխարհի բերդերէն ապահ

Առաքեալը Հայր Է

Image
Երեքշաբթի 21 Սեպտեմբեր 2010, կէսօրուան ժամը 1:30 -ին, աղօթքի մէջ էինք ծառայողներուն հետ եւ Ադլանդիք ովկիանոսը տեսայ. ալեկոծ էր: Տեսայ Ամերիկայի ցամաքամասը ովկիանոսին անդիի կողմը: Տեսայ նաւեր որոնք կը կտրէին ովկիանոսը դէպի ցամաք երթալով: Տէրը ըսաւ՝ «ճամբան բաց է»: Տէրը յայտնեց որ շատ մը առաջնորդներ մեր Եկեղեցիէն պիտի սկսին ճամբորդել առաքելութեամբ: Տէրը կը վառէր նաւը: Տէրը ըսաւ «Ե՛ս կ'առաջնորդեմ»: Տեսայ նաւերը ցամաք կը հասնին եւ խարիսխները վար կը ձգուին եւ շատ մարդիկ խճողումով եւ անհամբերութեամբ վար կը նետուին նաւերէն ու կը վազեն դէպի երկրին խորերը: Տեսայ մեծ եւ աւազոտ դաշտ մը որու վրայ սոված որբեր գետինը նստած էին. ամէն մէկը առանձին, տասը տարեկաննոց թուխ պզտիկներ: Տէրը առիթ տուաւ որ քննենք մեր սիրտերը տեսնելու համար, թէ քանի որբ կրնանք որդեգրել: Տեսայ Հայր Աստուծոյ ժպտուն երեսը: Ան որդեգրած էր մեր բոլորը եւ մենք իր ուրախութիւնն էինք: Վերստին տեսայ այն պատկերը ուր մարդիկ կը նետուին նաւերէն մեծ խանդավառութեամբ: Տէրը ըսաւ՝ «Շատ են մեծ փափաք ունեցողները բայց քիչ՝ հայր ըլլալ ուզող