Posts

Showing posts from July, 2010

Դժոխքը Կողոպտող Դեսպաններ

Աշխարհը դատապարտուած է մահուան  եւ կորուստի, մեղքի պատճառով: Մենք դեսպանութիւն կ'ընենք աղաչելով որ մարդիկ ընդունին փրկութիւնը որ Աստուած կատարեց Խաչին վրայ Յիսուս Քրիստոսով: «Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ,  Հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ... » (Բ. Կր 5.20):

«Քեզմէ զատ մէկը չկայ...»

Ո՞վ ունիս երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ որու հետ կը փափաքիս ըլլալ յաւիտեան (Սղ 73.25): Ամէն բան պիտի անցնի եւ երթայ... բացի սէրը որ ունիս Յիսուսով (Ա. Կր 13.8): Ոչի՛նչ կրնայ քեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն (Հռ 8.39): Հետեւաբար ամէն բան ոչինչ սեպէ, շահելու համար այն սէրը որ Հայրը քեզի համար պատրաստած է Յիսուս Քրիստոսի մէջ (Փլպ 3.8):

Սէրէն Մղուած Մարգարէութիւնը

Աստուած կ'ուզէ, որ դուն իր սիրով մղուիս եւ մարգարէանալ փափաքիս: Մարգարէութիւնը շինութիւն կը բերէ եւ շատեր կ'օգտուին քու ծառայութենէդ: Աստուած կ'ուզէ քեզ գործածել շատեր ազատագրելու համար: Սիրոյ ետեւէն գնա՛ եւ համարձակ եղիր մարգարէանալու (Ա. Կր 14.1-5):

...Որպէսզի Քրիստոս Ձեր Սրտերուն Մէջ Բնակի

Սուրբ Հոգին կու գայ քու մէջդ սէր դնելու: Եթէ ընդունիս այն սէրը որ Աստուծմէ կու գայ եւ այդ սիրով սիրես միւսները, դուն պիտի հասկնաս Քրիստոսի սիրոյն մեծութիւնը եւ իրմով պիտի լեցուիս (Եփ 3.16-19) :

Առիւծի Պէս

Դուն Յիսուսի արիւնով արդար ես: Եթէ վստահիս քու լաւ կէտերուդ, միշտ վախի եւ յուսահատութեան մէջ պիտի ապրիս, բայց եթէ ճանչնաս այն արդարութիւնը, որ դուն Քրիստոսով ունիս, առիւծի պէս քաջ եւ համարձակ պիտի ըլլաս քու հոգեւոր ինքնութեանդ մէջ (Առ 28.1):

Աստուած Պատրաստ է

Աստուած պատրաստ է կեանքիդ մէջ հրաշքով միջամտելու: Յեսուի աղօթքին պատճառով ամբողջ ստեղծագործութիւնը տակն ու վրայ եղաւ: Յեսու Աստուծոյ հետ կը խօսէր եւ  Անոր հետ մնայուն յարաբերութեան մէջ էր (Յես 10.12-14) :

Աստուծոյ Ճամբանե՞րը թէ Գործե՞րը

Մենք հրաշք, օրհնութիւն, զօրութիւն եւ նշաններ կ'ուզենք, բայց Յիսուս կ'ուզէ հետդ բարեկամութիւն շինել, որպէսզի քեզ իր գաղտնի ճամբաները ցոյց տայ: Այն ատեն ինչ որ խնդրես պիտի ստանաս եւ ուրախութիւնդ կատարեալ պիտի ըլլայ (Սղ 103.7, Յհ 16.24):