Posts

Showing posts from October, 2009

Թագաւորութիւնը Յափշտակելով

Image
Մենք կանչուած ենք Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ապրելու եւ աշխարհի մարդիկը Անոր ներկայութեան բերելու, սակայն մեր հոգեւոր կեանքին մէջ շատ անգամ առաջնորդութեան պակաս կը զգանք, կարծես՝ զԱստուած կը փնտռենք եւ չենք գտներ: Տէր Յիսուս կ'ըսէ, թէ ան որ փնտռէ՝ պիտի գտնէ (Մտ 7.7) եւ կը յայտնէ այդ մէկը ընելու ձեւը ըսելով՝ «երկնքի Թագաւորութիւնը ուժով կ'առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա» (Մտ 11.12): Երբ հաւատքի կորովով Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնդ կեանքիդ ամենաբարձր դիրքին մէջ կը պահես, եւ զանիկա պահպանելու համար ամէն գինով յանձն կ'առնես Անոր նուիրուիլ, Աստուած քու կեանքդ պիտի օրհնէ իր յարատեւ ներկայութեամբ եւ նշաններով: Արիւնահոսութենէ տառապող կնոջ պէս յափշտակէ օրհնութիւնը երկինքէն: Անիկա քո՛ւկդ է (Ղկ 8.44-46): Յովհաննէս Մկրտիչի նման դուն աշխարհի անապատին մէջի ձայնն ես: Դուն Տիրոջ ճամբան կը պատրաստես: Դուն Աստուծոյ երեսը պիտի տեսնես (Մր 1.1-8):