Posts

Showing posts from 2013

Նշաններու Աստուած

Image
«Տէրը ինք նշան պիտի տայ քեզի. Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի» (Ես 7.14): Մեր Աստուածը նշաններու Աստուած է: Պատմութեան ընթացքին եւ զանազան սերունդներու օրերուն Ան շարունակ երկինքէն նշաններով խօսեցաւ մարդոց որոնք զԻնք կը փնտռէին: Ան Աբրահամին աչքերը երկինք դարձնել տուաւ որպէսզի իր սքանչելի խոստումը ցոյց տայ իրեն: Աստուած մեր ուշադրութիւնը այսօր երկինք կը դարձնէ իր Խօսքին մէջի խոստումներով մեզի հետ վերստին խօսելու համար:  «Հիմա դէպի երկինք նայէ ու աստղերը համրէ, եթէ զանոնք համրել կրնաս: Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ» (Ծն 15.5):  Տէրը այսօր նշան պիտի տայ քեզի, ինծի եւ մեր բոլորին:  «Քեզ օրհնելով պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքը եղող աւազին պէս խիստ պիտի շատցնեմ եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները պիտի ժառանգէ ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին, որովհետեւ իմ ձայնիս ականջ դրիր» (Ծն 22.17-18):  Մեծ ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ կ'օրհնենք Տէրը: Ան յաւիտենականութենէն խօսեցաւ եւ