զԱստուած Պատուել (Թագաւորութեան Հաստատումը – Ը. Մաս)
«Ի՛նչպէս պէտք է Աստուծոյ տանը մէջ պտտիս, որ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին է, ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը» (Ա. Տիմ 3.15):
Օրինազանց ձեւով ապրելով, մենք Աստուծոյ անունին հայհոյութիւն կը բերենք (Հռ 2.23-24): Մինջ Աստուծոյ վախով եւ անկեղծութեամբ քալելով, մեր Աստուծոյն պատիւ կը բերենք:
Դաւիթ սկսած էր բնտռել կրթութիւն (23) եւ սորված էր Աստուծմէ կախեալ ապրիլ (24):
Մենք ենք Աստուծոյ տունը եւ Աստուած մեր մէջ կը բնակի իր Սուրբ Հոգիով: Մենք Աստուծոյ նուիրուած կ’ըլլանք խոստումով, սակայն որակաւոր նուիրումը այն է որ մարդուն ամբողջ էութիւնը եւ մանաւանդ սրտին կեդրոնը Աստուծոյ երկիւղով շարժիլ կամ «պտըտիլ» կու տայ:
Երրորդ Պատուիրանը (Ելք 20.7)
«Տիրոջ, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասնզի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ» (Ելք 20.7):
Աստուած լուրջ Աստուած է: Ան «պարապ» խօսքեր եւ խոստումներ կ’ատէ: Աստուածպաշտութիւնը թեթեւութեամբ առնուելու չէ՛ եւ մանաւանդ իբր անդպիսին արտայայտուելու եւ ներկայացուելու չէ՛:
«Պարապ տեղ» կը նշանակէ կեղծաւորութեամբ (Մտ 15.7-9, 23.27) եւ աւելորդ երդումներով (Ժղ 5.1-7):
Անանիա եւ Սափիրա (Գրծ 5.1-11) Աստուծոյ վրայ խնթացին (Գղ 6.7), Աստուծոյ բարկութիւնը գրգրեցին եւ իրենց մեղքին հետեւանքը կրեցին:

Հաւատացեալը չէ կանչուած պարզապէս Աստուծոյ անունը կրելու (Բ. Կր 13.5), այլ՝ Աստուծոյ անունով (նկարագիրով, ստորոքելիներով, իշխանութեամբ) կերտուած կեանք մը վառելու երկրի վրայ: Այդ է ճշմարիտ Աստուածպաշտութիւնը (Յկ 1.26-27):
Դաւիթին Զարմանքը (Սղ 139)
Դաւիթ քննութենէ մը անցած էր եւ համոզուած էր որ Աստուած զԻնք կը ճանչնայ (1):
Անոր առօրեային ամենափոքր մղումները (2) եւ շարժումներն իսկ (3) Աստուծոյ աչքերուն տակ կը պատահին:
Անոր խօսքերը Աստուծոյ անունէն (նկարագիրէն) կը փխին եւ հետեւաբար Աստուած զանոնք լա՛ւ գիտէ (4):
Իսկական նուիրուած հաւատացեալը կը գտնէ իր կեանքը Աստուծմով շրջապատուած (5):
Աստուծոյ անունով ապրիլը շատ զարմանալի է (6):
§ Անիկա կը խոստանայ երկինքի կեանքը երկրի վրայ (Ղկ 11.2):
§ Աստուծմէ անբաժան կը դարձնէ (7-9):
§ Աստուծոյ հոգատարութեան զգայուն կը դարձնէ (10):
Դաւիթ իր դժուարութեան մէջ Աստուծոյ անփոփոխ լոյսը ճանչցած էր (11-12):
Ան իր ստեղծուած ձեւին սքանչելի ըլլալն ու Աստուծոյ մեծութիւնը ճանչցած էր (13-16):
Դաւիթ Աստուծոյ պատուական ըլլալը ճանչցած էր եւ զԻնք արժեւորած (17):
Ան կորսուած էր Աստուծոյ մեծութեան մէջ (18):
Դաւիթ սկսած էր հեռանալ մէղքէն (19) եւ մանաւանդ Աստուծոյ Անունը պարապ տեղ առնելէն (20):
Ան սկսած էր ատել մեղքը (21-22):
Comments
Post a Comment