Posts

Showing posts from 2009

Արծիւի Նման

Image
Աստուծոյ աներեւելի յատկանիշները կը գտնենք բնութեան մէջ . նայինք արծիւին : Աստուածաշունչին մէջ զանազան տեղեր Աստուած ինքզինք եւ իր զաւակները կը նմանցնէ արծիւի : Արծիւին յատկանիշները մեզ աւելի մօտէն կը ճանչցնեն Աստուծոյ մեզի յանձնած գործը եւ յատկութիւնները : Իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ, մենք ստացած ենք իշխանութիւն եւ ունինք Աստուծոյ եկեղեցին ղեկավարելու կոչում՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան յառաջացման համար: Արծիւին մէջ կը տեսնենք ղեկավարի մը յատկանիշները: Տեսիլքի Տէր Առաջնորդ Արծիւին տեսողութիւնը շատ զօրաւոր է: Ան հեռուն կը տեսնէ եւ ըստ այնմ ներկայի որոշումները կ'առնէ: Իբրեւ ղեկավար, դուն պէտք է նոյնպէս տեսիլք ունենաս եւ ըստ այնմ առաջնորդես հետեւորդներդ: Վարպետ Որսորդ Արծիւը ձուկի վարպետ որսորդ է: Դուն կանչուած ես աշխարհի ջուրերուն մէջի մարդիկը որսալու Քրիստոսի համար: Ինչպէս ձուկերը արծիւին յարձակումը, նոյնպէս ալ մարդիկ անկարելի է որ նշմարեն Սուրբ Հոգիէն մղուած քու յանկարծակի յարձակումդ, քանի որ հոգեւոր չեն (Եր 49.22): Դուն բնաւ չես յուսա

Թագաւորութիւնը Յափշտակելով

Image
Մենք կանչուած ենք Աստուծոյ ներկայութեան մէջ ապրելու եւ աշխարհի մարդիկը Անոր ներկայութեան բերելու, սակայն մեր հոգեւոր կեանքին մէջ շատ անգամ առաջնորդութեան պակաս կը զգանք, կարծես՝ զԱստուած կը փնտռենք եւ չենք գտներ: Տէր Յիսուս կ'ըսէ, թէ ան որ փնտռէ՝ պիտի գտնէ (Մտ 7.7) եւ կը յայտնէ այդ մէկը ընելու ձեւը ըսելով՝ «երկնքի Թագաւորութիւնը ուժով կ'առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա» (Մտ 11.12): Երբ հաւատքի կորովով Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնդ կեանքիդ ամենաբարձր դիրքին մէջ կը պահես, եւ զանիկա պահպանելու համար ամէն գինով յանձն կ'առնես Անոր նուիրուիլ, Աստուած քու կեանքդ պիտի օրհնէ իր յարատեւ ներկայութեամբ եւ նշաններով: Արիւնահոսութենէ տառապող կնոջ պէս յափշտակէ օրհնութիւնը երկինքէն: Անիկա քո՛ւկդ է (Ղկ 8.44-46): Յովհաննէս Մկրտիչի նման դուն աշխարհի անապատին մէջի ձայնն ես: Դուն Տիրոջ ճամբան կը պատրաստես: Դուն Աստուծոյ երեսը պիտի տեսնես (Մր 1.1-8):

Մարգարէութիւններ (24 Սեպտեմբեր)

«Ես ձեր Հայրն եմ ինծի պիտի վստահիք:» «Ան որ ինծի գայ պիտի չամչնայ,ան որ ինծի գայ պիտի չյուսահատի,ան որ ինծի վստահի Ես իրեն աշխահի լոյսը պիտի ընեմ:» «Ես ձեր սիրոյ Աստուածն եմ:» «Դուք ինծի համար պիտի ապրիք:» «Դուք անոնցմէ պիտի չըլլաք որ կը սահին:» «Դուք պիտի չիյնաք:»

Մարգարէութիւններ (10 և 17 Սեպ 09)

«Դուն չէ որ պիտի ընես, ես եմ որ պիտի ընեմ կ'ըսէ Տէրը:» «Ես իմ զաւակներս պիտի գործածեմ:» «Խօսքս պիտի խօսիք կ'ըսէ Տէրը:» «Մեծ գործեր պիտի ընէք կ'ըսէ Տէրը:» «Իմ խօսքս քու մէջդ է կ'ըսէ Տէրը:» «Իմ խօսքս քեզ կ'ազատաքրէ:» «Ես ձեր Հայրն եմ:» «Իմ խօսքս օրհնեալ է եւ դուք պիտի տեսնէք պտուղները:» «Դուք մաքուր ծառ էք եւ պտուղ պիտի բերէք:» «Ես հոգ կը տանիմ ձեզի եւ պիտի շինեմ ձեզ:» «Ձեր շրթներէն իմ խօսքս պիտի յայտարարեմ:» «Իմ խօսքս քեզի յարութիւն կու տայ, Իմ խօսքս քեզի կեանք կու տայ, Իմ խօսքիս կարչիր, Իմ խօսքիս բռնուիր, Իմ խօսքս քեզի կեանք է:» «Իմ խօսքս ամէն տեղ պիտի երթայ:» «Իմ եկեղեցիս պիտի մեծնայ, շատեր ինծի պիտի գան, թիւը պիտի շատնայ:» «Իմ խօսքս խօսք է, եւ ես լսեցի ձեր խօսքը, ես պիտի ընեմ, ձեր աղօթքը ինծի հասաւ, ես պիտի ընեմ:» «Իմ օծութիւնս պիտի չի կենայ, պիտի տեսնէք ձեր կեանքին մէջ ապահովութիւն, եւ պիտի տեսնէք ինչպէս պիտի շատնաք:»

Մարգարէութիւններ (03 Սեպ 09)

«Ձեզմէ ամէն մէկը առաջնորդ պիտի ընեմ:» «Ձեզմով նոր բան մը պիտի ընեմ:» «Դուք առաջին կարքի զինւորներ էք:»