Հարազատ Աստուած

Փրկութիւն, Յաւիտենական Կեանք եւ Աւետարանչութիւն
Փրկութիւն (Sozo) կը նշանակէ ամբողջ ըլլալ, եւ Յաւիտենական Կեանք (Zoe)՝ Աստուծոյ Կեանքն է:

Փրկութեան բարձրագոյն նպատակն է որ բոլորը վայելեն Աստուծոյ յաւիտենական կեանքը, զոր մեզի տրուած է Սուրբ Հոգիով, եւ այսպիսով ամբողջ ըլլան Քրիստոսով:

Շատերու համար փրկագործութիւնը հեռաւոր բան մըն է, եւ հետեւաբար Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը չեն կրնար տեսնել որպէս հարազատ բան մը: Բայց մեզի՝ հաւատացողներուս համար, անիկա մեզի հարազատ Աստուծոյ զօրութիւնն է, եւ մեզի յանձնուած գործը փրկագործութեան հաշտութեան պատգամը մարդոց փոխանցելն է (Բ. Կր 5.19):

Ըստ Պօղոսին, այս պատգամը Աստուծոյ զօրութիւնն է մեզի տրուած՝ փոխանցելու համար, եւ ունի զօրութիւնը փրկելու (Հռ 1.16): Բանալին չամջնալն է, ճանչնալով անոր հարազատութիւնը, յաղթելով սուտերուն եւ խաւարի գործերուն:

Փրկութիւնը

Յիսուս Սամարացի կինը հրաւիրեց, որ ան մասնակցութիւնը բերէ իր կեանքին մէջ, իր ծարաւցած ատեն՝ իրեն ջուր տալով (Յհ 4.7):

Յովհաննէս կ'ըսէ թէ Յիսուս եկաւ իրիններուն եւ անոնցմէ մերժուեցաւ խաչին մահով, բայց անոնք որոնք զԻնք ընդունեցին՝ Աստուծոյ հարազատ որդիներու իշխանութիւն ստացան (Յհ 1.11-12):

Մարդացած Որդին ինքզինք յանձնեց մարդկութեան ձեռքերուն մէջ, որպէսզի մարդիկ առիթը ունենան ստանալու Իր յաւիտենական կեանքը՝ Սուրբ Հոգիով:

Կնոջ ընդառաջելն ու մասնակցիլը Որդիին մարդացած ու ծարաւցած կեանքին, առիթը պիտի բանար որ ան հանդիպէր եւ ստանար յաւիտենական կեանքի ջրհորէն՝ Աստուծոյ Որդիէն:

Յաւիտենական Կեանքը
Յիսուս պարզեց կնոջ, որ իսկական աստուածպաշտութիւնը երրորդութեան կեանքին մէջ հանգոյցուած կեանքն է (Յհ 4.21-24):

Հայրը կը փնտռէ Հոգիով եւ Ճշմարտութեամբ (այսինքն Քրիստոսով) պաշտողներ. պաշտամունք մը որ սահմանուած չէ երկրաւոր պայմաններով, այլ՝ Երրորդութեան յաւիտենական կեանքով:

Աւետարանչութիւնը
Յիսուս աշակերտներուն ըսաւ որ իրենց աչքերը վերցնեն եւ նային պատրաստ hունձքին (Յհ 4.34-37):

Մեր հիմնական հարցը մեր երկրաւոր աշխարհահայեացքն է, որ արդիւնքն է Աստուծոյ կատարածին աւելի մեծ ծաւալը չտեսնելուն (Բ. Կր 5.17-21):

Մինչ մեր աչքերը վերցնելով կը նայինք Յիսուսին՝ որպէս մեր հաւատքին հիմնադիրը ԵՒ կատարելագործողը, մենք մեր կեանքերը կը գտնանք Իր կեանքին մէջ (Եբր 12.2), քանի որ բարի լուրը այն է թէ մենք մեռած ենք Քրիստոսի հետ եւ մեր կեանքերը պահուած են իր հետ՝ երկնքի մէջ (Կղ 3.1-3):

Հետեւաբար, երբ մենք կը նայինք մարդոց որպէս թէ Քրիստոսին, որով ամբողջ ստեղծագործութիւնը կը նորոգուի, մենք Աւետարանին զօրութիւնը կը վայելենք:

Պօղոս առաքեալ հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ՝

  • Մերժեցի ձեր մէջ ուրիշ բան տեսնել բացի Քրիստոս եւ Ան Խաչը ելած (Ա. Կր 2.2):
  • Եկայ մարմինի տկարութեամբ (2.3):
  • Աւետարանը ձեր մէջ զօրութեամբ գործեց (2.4):
  • Որպէսզի ձեր հիմն ալ ըլլայ նոյն Աւետարանը (2.5):
Հետեւաբար այս գործողութիւնը կը սկսի ընդունելով Յիսուսը որպէս մեզի յանձնուած մանուկը, մեր հարազատը՝ որ առանց մեղքի մեծցաւ եւ սպաննուեցաւ մեղաւորներուն ձեռքով, յաղթեց մահուան՝ յարութեամբ եւ երկինք համբարձաւ Հօր աջ կողմը մարմինով, բոլոր ստեղծագործութիւնը հաշտեցնելով Աստուծոյ հետ ու մեզի պարգեւեց Աստուծոյ որդիներ ըլլալու շնորհքը՝ Սուրբ Հոգիով:

Մտերմութենէն Առաջ՝ Հարազատութիւն
Այն տարբերութիւնը, զոր կը զգանք մեր զաւակին եւ օտարին միջեւ կը կոչուի հարազատութիւն: Այդ է տարբերութիւնը, որ կը գտնուի իսկական Աւետարանին եւ մասնակի Աւետարանի մը միջեւ որ զօրութիւն չունի, կամ իսկական Յիսուսին եւ երեւակայական Յիսուսի մը, որ գոյութիւն չունի:

Սուրբ Հոգին Յիսուսի վրայ մարմնաւոր (Somaticos) ձեւով հանգչեցաւ իր մկրտութեան ատեն, երբ Ան յանձնուեցաւ Յովհաննէսին ձեռքերուն (Ղկ 3.22): Նոյն ձեւով, Սուրբ Հոգին որպէս քու հարազատդ եկած է քեզի: Ամէն ինչ կը սկսի երբ մենք կը տեսնենք Քրիստոսը՝ որպէս Աստուծոյ Որդի / մարդու որդի, որ ամբողջ աշխարհին համար Փրկագործութիւնը ամբողջացուց եւ ամբողջ ստեղծագործութիւնը ներառեց իր գործին մէջ:

Թշնամին ամէն ջանք պիտի ընէ, որպէսզի մարդիկը կուրցնէ եւ անոնք չի տեսնեն Բարի Լուրն ու Յիսուսին մեծութիւնը (Բ. Կր 4.4): Բայց մեր Աստուծոյ հարազատութիւնը՝ Սուրբ Հոգիով, զոր մեզի տրուած է, աւելի զօրաւոր է քան Թշնամիին հոգին որ կը փորձէ մեզ կողոպտել (Ա. Յհ 4.4):

Comments

Popular posts from this blog

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)

Գալիք Փառքը (Աստուծոյ Տունը Շինող – Բ. Մաս)

Սիրտս Կը Բանամ Քեզի