Posts

Showing posts from February, 2012

Աստուծոյ Զարմանալի Խօսքը (Թագաւորութեան Հաստատումը - Բ. Մաս)

Image
«Նաշիհ ու մեղր ու իւղ կերար, խիստ շատ գեղեցկացար ու Թագաւորութեան հասար» (Եզ 16.13բ): Հաւատացեալին կեանքին մէջ հիմնական տեղ պէտք է գրաւէ Աստուծոյ Խօսքը: Աստուծոյ Խօսքին հետ մտերիմ յարաբերութիւնը գեղեցկութեան, զօրութեան ու յաղթութեան (Թագաւորութեան) հասնելու գաղտնիքն է: Աստուած իր Խօսքով կ’ուզէ լեցնել եւ սնուցանել մեզ, ինչպէս ստամոքսը` կերակուրով (Եզ 3.1-5): Այս մէկը հաւատքի գործ է եւ մեր համարձակ ու մանուկի հաւատքի մօտեցումին կը կարօտի: Շատեր կը տառապին վատ եւ աղքատ հոգեւոր սննդառութենէ եւ կը գանգատին իրենց   հաւատքի թերաճ վիճակին համար: Աստուած կ’ուզէ իր զաւակները լա՛ւ սնանին, աճին եւ հասնին Թագաւորութեան: Այս պատճառով, Աստուած իր քաղցր Խօսքը կը հրամցնէ. Խօսք մը որ աւելի քաղցր եւ փափաքելի է քան որեւէ բան երկրի վրայ, Խօսք մը որ մեր բոլոր պէտքերուն լուծումն է (Սղ 119.97-112):       Մանանան եւ Լորամարգիները (Ելք 16)     Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդին հաւատքով քալել սորվեցնելէ ետք, անոնց կ’ուզէ հիմնական սկզբունք մը սորվեցնել, թէ «ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Աստուծոյ ամէն խօսքով» (Ղկ

Հաւատքի Ճամբորդութիւնը (Թագաւորութեան Հաստատումը - Ա. Մաս)

Image
Թագաւորութեան Հաստատումը   «... Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ ... անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի ... անոնց նեղութիւնները գիտեմ ... զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու ... այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը , կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը ... տանելու եկայ » ( Ելք 3.7-8 ): Աստուծոյ ծրագիրն է   ազատել Իր ժողովուրդը եւ հաստատել Իր Թագաւորութիւնը . Թագաւորութիւն մը որ այս աշխարհէն չէ բայց այս աշխարհին համար է : Աստուած իր ժողովուրդը փրկելէ ետք , անոնց ընթացքէ մը կ ’ անցնէ որպէսզի զանոնք դարձնէ կարող Իրմէ ընդունելու եւ երկրի վրայ   Թագաւորութիւնը հաստատելու այնպէս ինչպէս որ է երկնքի մէջ : Ամէն հաւատացեալ այս ճամբորդութեան հրաւիրուած է : Դառն Ջուր ( Ելք 15.22-27) - Հաւատքի Ճամբորդութիւնը Աստուած , տասը գերբնական հարուածներով եւ Կարմիր Ծովը ճեղքելով , Փարաւոնին զօրութիւնը կոտրեց եւ Իր ժողովուրդը Եգիպտոսի գերութենէն ազատեց ( Ելք 7.14 - - 14.31 ): Հոգեւոր ճամբորդութեան սկի