Posts

Showing posts from October, 2011

Մարգարէին Պաշտօնը (Ա. Թգ 10)

Image
Մինչ Սամուէլ եւ Սաւուղ միասին կը քալէին, Սամուէլ Սաւուղը մէկ կողմ կը քաշէ անոր Աստուծմէ պատգամ մը փոխանցելու համար (Ա. Թգ 9.27 ): Մենք, որպէս  Քրիստոսի մարմինը, մարգարէ ենք, այս աշխարհին փոխանցելու համար Աստուծոյ Խօսքը: Նայինք ի՞նչ կ'ըսէ Աստուծոյ Խօսքը մարգարէին պաշտօնին մասին: Մարգարէն վստահութիւն կը ներշնչէ (Ա. Թգ  10.1 )` Ընդհանրապէս ծածուկ ձեւով եւ ոչ հրապարակաւ: Կը կատարուի Աստուածային իշխանութեամբ: Կը կատարուի Սուրբ Հոգիին օծութիւնով: Կը փոխանցէ Աստուծմէ Իշխանութիւն: Մարգարէն գիտութեան եւ իմաստութեան Խօսքով կ'ուղղէ  ( 10.2-8 ): Ան կը ծառայէ ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ նշաններով: Ան  Կ'ուղղէ քայլ առ քայլ, Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեան համաձայն` 1.        Դէպի Ռաքէլի գերեզմանը §   Մարգարէութիւնը կը յայտնէ Աշխարհէն մեռնիլը (Մտ 8.22 ): 2.      Դէպի Աստուծոյ տունը՝ Բեթէլ §   Մարգարէութիւնը կ'առաջնորդէ դէպի Աստուածպաշտութիւն եւ մարմնաւորէն՝ դէպի հոգեւոր կեանք: 3.      Դէպի Աստուծմէ կախեալ կեանք ապրելու §   Սամուէլ Սաւուղի

Խաչին Յաղթութիւնը Մեր Կեանքերէն Ներս

Image
Աստուած մեր կեանքերէն ներս ներկայ է մեծ զօրութեամբ (Եփ 1.19-21): Այս մէկը Խաչին վրայ կատարուածին հետեւանքն է (Կղ 2.15): Խաչին վրայ կատարուածը, մեզի տրուած Աստուծոյ «պայթող» զօրութիւնն է (Հռ 1.16): Եթէ չճանչնանք եւ չարժեւորենք Խաչին զօրութիւնն ու յաղթութիւնը, պարտուած կեանքեր պիտի ունենանք: Հակառակ մեր հաւատացեալներ ըլլալուն, իր սահմանները անցնելով, Սատանան պիտի գողնայ մեր իրաւունքները: Իրաւունքներ որ ստացանք շնորհիւ Յիսուսին թափած արիւնին եւ Խաչին յաղթութեան: Աստուած կ'ուզէ որ մենք լա՛ւ ճանչնանք իր յաղթութիւնը, որ Ի՛նք մեր կեանքերուն մէջ դրած է եւ յիշեցնենք Սատանային իր պարտութիւնը մեր կեանքի բոլոր բաժիններուն մէջ (Բ. Կր 2.14-16): Հեղի Կորսնցուց Հեղի չարժեւորեց Աստուծոյ ներկայութիւնն ու սրբութիւնը եւ կորսնցուց Աստուծոյ յաղթութիւնը իր կեանքին մէջ (Ա. Թգ 3.11-13): Հեղի չգործածեց Աստուծոյ զօրութիւնը մեղքը հանդիմանելու համար: Իսրայէլ Կորսնցուց Իսրայէլ պարտուեցաւ, հակառակ որ ուխտի տապանակով պատերազմի գնաց եւ աղաղակեց թշնամիին դէմ (Ա. Թգ 4.1-10): Ուխտի տապանակը, որ կը խորհր