Posts

Showing posts from December, 2011

«Ան Քու Գլուխդ Պիտի Ջախջախէ»

Image
Սատանան յաճախ մուտք կը գործէ մեր կեանքերուն մէջ եւ կը ցանէ իր խորհուրդները, որոնք մեզի վնաս կը հասցնեն: Մենք կրնանք հաւատացեալ ըլլալով հանդերձ, այդ մէկուն չանդրադառնալ, մինչեւ որ արդէն շատ ուշ եղած ըլլայ: Արդէօք Սատանան ի՞նչպէս կը յաջողի այս մէկը ընել եւ ի՞նչպէս կարելի է դէմ դնել իր հնարքներուն: Կարեւոր է լաւ ճանչնանք զինք, իր գործելաձեւը եւ իր նպատակը, նաեւ՝ մեր ինքնութիւնը, պարտականութիւնը եւ մեր առնելիք կեցուածքը: Սկսինք սկիզբէն... Եդեմի Պարտէզին Մէջ   «Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտին բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը» (Ծն 3.1 ա) Օձ, եբրայերէնով՝   נחש nachash, կը նշանակէ դիտել կամ հետեւիլ ուշադրութեամբ , գուշակել հմայքներ գործածելով: Գուշակները ուշադրութեամբ կը հետեւէին թռչուններուն թռիչքին, գազաններուն հետքերուն, եւ ամպերուն ընթացքին: Այսպիսով, փորձառութեան միջոցաւ, անոնք գիտութիւն ձեռք կը ձգէին: Նաեւ կը նշանակէ բայլող (ինչպէս նկարագրուած է Եզ 28.13 -ի մէջ), պղինձ կամ պղնձեայ ( Բ. Թգ 22 . 35 ; Յոբ 20 . 24 ; Սղ 18 . 34 ) եւ նաեւ պղծութիւն, շնութիւն եւ կռապաշ

Դուն Մինակ Չես: Դուն Եկեղեցիին Անդամ Ես:

Image
Աստուած նախանձախնդիր է իր եկեղեցիին եւ զաւակներուն հանդէպ: Դուն ինքնագլուխ զինուոր մը չես: Դուն մէկ կողմ ձգուած եւ լքուած չես: Դուն աւելի մեծ բանի մը մաս կը կազմես: Դուն պէտք ունիս ճանչնալու եկեղեցիին մասին, որպէսզի չարտօնես որ Սատանան քեզ խաբէ: Երբեմն կը զգաս, որ մէկը քեզ չի հասկնար: Կը զգաս որ եկեղեցիին չես պատկանիր եւ թէ քու տեղդ հոս չէ: Շատեր իրենց եկեղեցին կը ձգեն եւ կ'երթան ուրիշ եկեղեցի փնտռելու եւ ապա ուրիշ մը եւ ուրիշ մը... Ուրիշներ կ'ամչնան ձգելու, բայց իրենք ներքնապէս նոյնը կը զգան եւ իրենց սրտին մէջ արդէն ձգած են եկեղեցին: Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ՝ «Դուք Քրիստոսի մարմինն էք եւ իւրաքանչիւրը մաս կը կազմէ անոր մարմինին» (Ա. Կր 12.27): Ուրեմն չկայ անձ մը, որ տեղ չունենայ Քրիստոսի մարմինին մէջ: Ըստ Աստուածաշունչին, միակ ձեւը որպէսզի մէկը հոգեւոր կեանքին մէջ աճի Քրիստոսի մարմինին մէջ ըլլալն է: Աստուածաշունչը նոյնիսկ կատարեալ ըլլալու մասին կը խօսի: Եկեղեցին միակ միջոցն է Աստուծմով աճելու եւ կատարելութեան հասնելու: Սատանան ամէն տեսակ խորամանկ եւ խաբեբայ բան կ’ընէ քեզ հեռո

Սիրտս Կը Բանամ Քեզի

Image
Քու ներկայութիւնդ իմ սրտիս միակ փափաքն է: Ի՜նչ գեղեցիկ ես Տէր: Աւելի գեղեցիկ ես քան աստղերն ու տիեզերքը: Քու գեղեցկութիւնդ կը հալեցնէ սիրտս: Կը փափաքիմ քու երեսդ դիտել մինչեւ քունի անցնիմ եւ երազներուդ մէջ կորսուիմ: Տէր Յիսուս, կը սիրեմ քեզ: Զիս կ'առաջնորդես ճամբաներուդ մէջ: Ինծի կը խօսիս սրտիդ փափաքներուն մասին: Ո՞վ եմ ես Տէր, որ ինծի հետ բարեկամի պէս կը վարուիս: Ի՞նչու ինծի կը հաւատաս: Ի՞նչու այդքան վստահութիւն ունիս ինծի հանդէպ: Քեզի հետ ուրախ եմ: Կ'ուզեմ քեզ հաճեցնել: Կ'ուզեմ քեզի հետ մնալ: Կ'ուզեմ աւելի սորվիլ սրտիդ մասին: Կ'ուզեմ փոխուիլ: Քու սրտիդ առատութենէն կու տաս ինծի: Քու մեծութենէդ բաժին կը հանես ինծի: Քու պատիւովդ կը պսակես զիս: Ես քուկդ եղայ: Ես փոխուեցայ եւ աճեցայ: Հասունցայ եւ հիմա սիրոյդ համար պատրաստ եմ Տէր: Զիս չի հետաքրքրեր այլեւս ոչ մէկ ուրիշ բան, բացի քու բաներդ: Ես քուկդ եղայ եւ դուն` իմս յաւիտեան: Քեզի հետ կ'անցնեմ օրս: Քեզմէ միայն կը ստանամ իմ պէտքս: Ես փոխուեցայ: Քու շնորhքիդ մէջ աճեցայ: Իմ էութիւնս քու մէջդ գտայ: Իմ արագաստ