Քրիստոսի Միտքը (Փլպ 2)

«Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին» (Ա. Կր 11.1):

Պօղոս Առաքեալ ինքզինք իբր ողջ օրինակ ներակայացնելէ ետք, երկրորդ գլուխին մէջ կու գայ ընդլայնելու այս գաղափարը  բացատրելով թէ ի՞նչ կը նշանակէ նմանիլ Քրիստոսին (Փլպ 1.30, Ա. Կր 11.1):

Պօղոս կը ներկայացնէ իր նման նոյն խորհուրդը ունենալը իբր բարձրագոյն եւ բացարձակ մխիթարութիւն, սիրոյ սփոփանք, Սուրբ Հոգիի հաղորդութիւն, գթութիւն եւ ողորմութիւն (1):

Ան կը թելադրէ նոյն խորհուրդը ունենալ եւ իր ուրախութիւնը այդպէս լեցնել: Պօղոսի ուրախութիւնը կատարեալ կ’ըլլայ  եկեղեցիին մէջի միաբանութեան պատճառով (2):

Միաբանութեան Հիմը

Ըստ Պօղոսի, միաբանութեան համար կարեւոր է հեռու մնալ գրգռութերէ (բարկութենէ) ու սնապարծութենէ (հպարտութենէ), ինչպէս նաեւ՝խոնահութիւնով զիրար մեր անձերէն լաւ սեպել (3) ու ընկերին շահն ալ փնտռել (4):


Քրիստոսի Միտքը

Ան կը թելադրէ ունենալ «Նոյն միտքը...որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր» (5), այսինքն՝ այն ինչ որ Քրիստոսին ըլլալ եւ ընել կու տայ:

Նոյն միտքը, այսինքն՝ նոյն սիրտը, նոյն էութիւնը, նոյն կեդրոնացումը, նոյն սէրը, եւայլն...


Ի՞նչպէս կը ճանչնանք Քրիստոսի միտքը: Պատասխանը Խաչին մէջ է: Ան Աստուած ըլլալով հանդերձ, Իր անձը ունայնացուց: Ան ապրեցաւ երկու ծայրայեղութիւններու միջեւ, ունենալով բարձրագոյն կեանքը, ծառայեց մինչեւ մահ (6-8):

Զոհողութիւնը Քրիստոնէական կեանքին հիմն է: Աստուած այդ մէկը փաստեց Քրիստոսին բարձրագոյն դիրքը տալով (9-11):


Հաւատացեալներուն Կեանքը

Փրկութեան կեանքը միա՛յն իսկական հնազանդութեամբ կ’ապրուի: Իսկական հնազանդութիւնը մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ է (12-13):


Պօղոս հիմնական կը գտնէ որ հաւատացեալները առանց տրտունջի եւ վիճաբանութեան ապրին (14): Անարատ եւ Աստուծոյ որդիի կեանք ունենալը կախեալ են Քրիստոսի միտքը ունենալէն: Ա՛յս է միջոցը իսկական ինքնութեամբ փայլելու աշխարհի մէջ (15):


Պօղոս կը թելադրէ Կեանքի Խօսքին՝ Յիսուսին բռնուած մնալով ապրիլ, որպէսզի իր զոհողութիւնը պարապի չըլլայ, այլ՝ ուրախանայ եւ ուրախացնէ բոլորը (16-18):

Ծառայութեան Պատերազմակից

Կարելի է գործակցիլ եւ վստահիլ միա՛յն անոնց որոնք նոյն միտքը ունին, այսինքն՝ նոյն զոհողութեամբ եւ կատարեալ հնազանդութեամբ իրենց անձերը տրամադրած են եւ ոչ թէ բոլորին պէս իրենցինը կը փնտռեն (19-21):

Ըստ Պօղոսի, կարեւոր է հաւատացեալը փորձուած ըլլայ եւ որդիական ինքնութեամբ կերտուած եւ ինքզինք փաստած դուրս գայ  (22):

Պօղոս միա՛յն իր լաւագոյնը կը մտադրէ ղրկել (23-28, 30): Ան զանոնք կը ղրկէ իբր իր ընդարձակումը, կարծես ըլլան իր ձեռքերն ու ոտքերը, նոյն մարմինին անդամները, նոյն սիրտն ու միտքը ունեցող ծառայողներ:

Հաւատացեալներուն կը թելադրէ զանոնք ընդունիլ՝ (29)

§  Ուրախութեամբ

§  Քրիստոսով

§  Պատուելով

Մենք մեզ հարցնելու ենք հետեւեալ հարցումները՝

§  Ո՞ւր կը փնտռես կամ կը գտնես բարձրագոյն ուրախութիւնն ու սէրը:

§  Եկեղեցւոյ միաբնութեան կեանքին մէջ ո՞ւր ես:

§  Քրիստոսի միտքը ունի՞ս, նոյն զոհողութեամբ անձդ նուիրելով:

§  Հնազանդութեամբ անձդ որդիական կեանքին նուիրա՞ծ ես:

§  Իբր Քրիստոսի մարմինին մէկ անդամը վստահելի՞ ես ղրկուելու ծառայութեան:

§  Ի՞նչպէս կ’ընդունիս անոնք որոնք այդպէս ղրկուած են քեզ ծառայելու:

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)