Գոհութիւն (Փլպ 4)

Հաստատում

Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ թէ՝

§  Հաւատացեալները իր սիրելի եւ բաղձալի եղբայրներն են:

§  Անոնք իր ուրախութիւնն ու պսակն են:

§  Իրենց հաւատքի հաստատուն կեանքով (1):

Պօղոս առաքեալ վերստին կը կը խօսի Տիրոջմով նոյն խորհուրդը ունենալուն կարեւորութեան մասին (2) եւ կը շեշտէ օգնական ըլլալու մասին (3ա): Ան կը շարունակէ խրատել որ ծառայողները ունենան նոյն միտքը որ Քրիստոսի մէջ էր (2.5):


Աշխատակից Աւետարանին Մէջ

Պօղոս առաքեալ կը խօսի ծառայողներու մասին, որպէս մարդիկ որոնց անունները գրուած են Կեանքի գիրքին մէջ (3բ): Քու Կեանքդ «Բարի Լուր» է աշխարհին:

«Ուրախ եղէք Տիրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ ուրա՛խ եղէք» (4):


Տիրոջ ուրախութեան մէջ մնալը հաւատացեալին միա՛կ տեղն է:


Հոգ ≠ Գոհ

Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ հեռու մնալ հոգ ընելէ եւ աղօթքով գոհ ըլլալ (6):

Այս մէկին իբր հետեւանք, Աստուծոյ խաղաղութիւնը մեր միտքերը պիտի պահպանէ (7): Մտահոգութեան առարկան լուծելը կարեւոր չէ՛, այլ՝ վստահութեամբ Տիրոջ հետ քալելը:


Մեր պահպանուած միտքերը պէտք չէ գործածենք պարապ բաներու, այլ՝ ճշմարտութեան, պարկեշտութեան, արդարութեան, սիրոյ, բարի համբաւի, առաքինութեան եւ գովութեան (8):


Այսպէս քալելը մեր նուազագոյն պարտաւորութիւնն է, նկատի առած ըլլալով որ այս բաները լսեցինք, տեսանք եւ սորվեցանք:

Երրորդ անգամուան համար, ան կը կրկնէ թէ անոնք իր նման ըլլան (9):


Պօղոս իր ուրախութիւնը կը յայտնէ, որովհետեւ նկատած է թէ հաւատացեալները սկսած են հոգ ընել իր վրայ, ոչ թէ որովհետեւ ի՛նք պէտք ունի (11ա), այլ՝ որովետեւ Քրիստոսի նմանութեամբ կերտուելու հիմնական նշաններէն է:


Տիրոջ հետ փորձառութեամբ, Պօղոս առաքեալ սորված է պայմաններուն ենթակայ չըլլալ (11բ): Ան կը վկայէ՝ «սորվեցայ գոհ ըլլալ»: Ան սորված է ամէն վիճակի մէջ Տիրոջմով գոհ ըլլալ:

§  Գոհ՝ թէ չքաւորութեան եւ թէ առատութեան մէջ:

§  Գոհ՝ թէ անօթութեան եւ թէ կուշտ վիճակին մէջ:

§  Գոհ՝ ամէն բանի մէջ եւ ամէն կերպով (12):


Այս ամէնը նկատի առնելով եւ իբր հետեւանք, Ան կը վկայէ ըսելով՝ «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (13):


Գնահատանք

Պօղոս առաքեալ կը գնահատէ Փիլիպպեցիները իրենց օգնութեան հասնելու պտուղին համար (14-16): Պօղոս կը փնտռէ պտուղ եւ ոչ թէ տուռք (17):


Ան կը հռչակէ Աստուծոյ օրհնութիւնը որ անոնց կատարած զոհողութեան փոխարէն պիտի թափի իրենց եւ իրենց պէտքերուն վրայ (18-20):


Արձակում

Պօղոս առաքեալ կը փակէ իր նամակը նոյն ձեւով որ բացաւ՝ արձակելով իր կեանքին մէջ գտնուող Աստուծոյ շնորհքն ու խաղաղութիւնը (բարեւը) (1.2):

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)