Posts

Showing posts from April, 2011

Մարգարէական Աւետարանչութիւն

Image
« Գացէ՛ք բոլոր աշխարհ ու Աւետարանը քարոզեցէք » (Մր 16 . 15 ): Մենք ընդհանրապէս կը ձգտինք աւետարանել մեր մարդկային միջոցներով , սակայն մեր ջանքերը անտեղի , անհամ եւ անպտուղ կ ’ ըլլան : Յիսուս ըսաւ՝ « առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել » ( Յհ 15.5): Ամենաթանկագին բանը որ ունինք Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնն է եւ այդ մէկը պէտք է գործածենք կորսուածներուն աւետարանելու համար : Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ՝ «Սիրոյ ետեւէն գացէ՛ք ու հոգեւոր պարգեւներուն նախանձախնդիր եղէ՛ք , մանաւանդ մարգարէութիւն ընելու » ( Ա . Կր 14.1 ): Աստուած հարազատ սէր ունի կորսուածներուն հանդէպ : Սուրբ Հոգին կու գայ մեր մէջ այդ սէրը դնելու : Եթէ ընդունինք այդ սէրը եւ ատով սիրենք միւսները , մենք պիտի հասկնանք Քրիստոսի սիրոյն մեծութիւնը եւ իրմով պիտի լեցուինք ( Եփ 3.16-20): Այս սէրը գերբնականին մէջ քալելու բանալին է : Նաեւ պէտք է նախանձախնդիր եւ համարձակ ըլլանք մարգարէանալու : Աստուած կ ’ ուզէ անձնական հանդիպում ունենալ այ

Սուրբ Հոգիով Յարութեան Զօրութիւն

Image
Մեր հաւատքը Յիսուսի կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ ըլլալուն ու մեռելներէն յարութիւն առնելուն հանդէպ հիմնական է մեր Քրիստոնէական կեանքին համար (Եբր): Այս մէկին հաւատալով է որ մենք նոր կեանքը ստացանք Սուրբ Հոգիով եւ շարունակելու ենք Սուրբ Հոգիով քալել (Գղ 5.25): Աստուած մեզի ճանչցուց այն զօրութիւնը, որ մեր մէջ կը բնակի Յիսուսը մեռելներէն յարուցանելով (Եփ 1.18-23): Հաւատացեալին յոյսն ու զօրութիւնը կախեալ են մի՛այն Սուրբ Հոգիէն (Հռ 8.11): Հրէաները , ապրած ըլլալով Օրէնքին տակ, բնաւ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը չէին վայելած եւ իրենց կամակորութեամբ կ'առաջնորդուէին: Մենք ալ կրնանք մենք մեզ զրկել Սուրբ Հոգիին աշխատանքէն մենք մեզի վերստին մարդկային միջոցներով առաջնորդելով: Այս մէկը Պօղոս առաքեալ անմտութիւն կը կոչէ եւ կը յիշեցնէ հաւատացեալներուն այն հաւատքը որով իրենք Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը վայելեցին, շեշտելով թէ այդ մէկը մարդկային գործերով չէր բնաւ (Գղ 3.1-5): Յովհաննէս եւ Պետրոս կաղ մարդ մը բժշկած էին, վստահելով իրենց մէջ բնակող Սուրբ Հոգիին զօրութեան (Գրծ 3.6): Պետրոս Տաճար

Իսկական Մարգարէութիւնը

Image
Շատեր կը շփոթեն մարգարէութիւնը պարզ ներշնչումի հետ, որ կրնայ մարդկային մտքերով եւ զգացումներով արտայայտուած ըլլալ: Ի՞նչ է մարգարէութիւնը եւ ի՞նչ է մեր դերը, որպէս հաւատացեալ: Մարգարէութիւնը պարզ ներշնչում մը կամ յայտնութիւն մը չէ (հակառակ որ ներշնչումներ եւ յայտնութիւններ կրնան մարգարէական բնոյթ ունենալ), այլ՝ ժայթքող աղբիւրի նման փխող  Աստուծոյ Խօսքն է, որ մարգարէին կամ հաւատացեալին շրթներէն դուրս կու գայ գերբնական միջամտութեամբ (Սղ 45.1-2): Մարգարէութիւնը «բարի խօսք» կը խօսի, այսինքն՝ Բարի Լուրը, Քրիստոսի Աւետարանը եւ Փրկութեան համաձայն բաներ կը պատմէ: Մարգարէութիւնը միայն ապագայի մասին տեղեկութիւն չէ՛, այլ՝ իշխանութիւն ունեցող խօսք է, որ զօրութեամբ կը գործէ (յանդիմանութիւն, քաջալերանք եւ յորդորանք): Մարգարէութիւնը կը կատարուի Սուրբ Հոգիին միջամտութեամբ եւ գերբնական ձեւով: Ինչպէս առիւծը կը մռնջէ  իր թագաւորական ներկայութիւնը հաստատելու համար, նոյնպէս Աստուած իր թագաւորութեան արդարութեան լուրը կը յայտարարէ մարգարէին շրթներով: Մարգարէութիւնը Թագաւոր