Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

«“Եթէ ձեզմէ երկու հոգի համաձայնին երկրի վրայ՝ որեւէ բան խնդրելու, պիտի ըլլայ անոնց իմ Հօրմէս՝ որ երկինքն է”։ Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց մէջ» (Մտ 18.19-20)։

«Ես Աշխարհին Յաղթեցի» (Յհ 16.33):



Մեր Տէրը յաղթեց աշխարհին մեզի համար: Իր յաղթութիւնը պահելով եւ հռչակելով, մենք մեր կեանքերով իր յաղթութեան զօրութիւնը մատչելի կը դարձնենք:

Յիսուս կու տայ եկեղեցիին իր իշխանութիւնը՝ (Մտ 10.1, Գրծ 10.38-43, Մտ 16.18)
• Պիղծ ոգիները հանելու համար:
 Հիւանդներ բժշկելու համար:
• Սատանայէն տանջուածները բժշկելու համար:
• Դժոխքին դռներուն յաղթելու համար:

Յիսուս իշխանութիւնը տուաւ աշակերտներուն, որովհետեւ այս իշխանութիւնը պիտի գործէր զօրութեամբ  անոնց եւ մեր միաբանութեան մէջ:

Նոր Կտակարանին մէջի առաջին Եկեղեցիին մէջ՝ միաբանութեան կեանքը եւ Տիրոջ գործը նկարագրուած է շատ տպաւորիչ ձեւով (Գրծ 2.46-47):

Հին Կտակարանին մէջ՝ Եկեղեցիին մէջի միաբանութեան զօրութիւնը մարգարէաբար ներկայացուած է Ամաղէկի դէմ Իսրայէլի յաղթանակով (Ելք 17.12-13):

Ահարոնի օրինակը Սաղմոս 133-ին մէջ, ցոյց կու տայ թէ միաբանութիւնը օծութեան հոսելուն միջոցն է՝ գլուխէն մինչեւ մօրուքը եւ մինչեւ վար, այսինքն Քրիստոսէն՝ եկեղեցիին զանազան անդամներուն, որոնք իրար միացած են  եւ  մինչեւ երկրի վրայ, ուր իր գործը կ'ամբողջացնէ (Ա. Կր 12.12): Այս պատճառով Պօղոս Առաքեալ կ'ըսէ՝ «Ջանացէք Սուրբ Հոգիին շնորհած միութիւնը պահել խաղաղութեան շաղկապով» (Եփ 4.3, Ն.Թ.):

Պօղոս Առաքեալ կապեր կը հաստատէ (Հռ 15-16): Ան կ’ըսէ թէ ան պիտի գայ Քրիստոսի Աւետարանին օրհնութեան լիութեամբ (Հռ 15.29) եւ կ’աղաչէ եկեղեցիէն որ իր հետ պայքարի աղօթքով, որպէսզի ան հասնի եկեղեցիին՝ ուրախութեամբ եւ Աստուծոյ կամքով ու հանգստանայ (Հռ 15.30-33):

Պօղոս Առաքեալ կ’ուզէ պատրաստել գետինը միաբանութեան կապեր հաստատելով: Ան կը ղրկէ սիրելի ծառայողներ եկեղեցիին եւ եկեղեցիին կը թելադրէ որ զանոնք ընդունի սրբութեան համբոյրով:

Ան նաեւ կը թելադրէ, որ զգոյշ ըլլան անոնցմէ որոնք ուրիշ վարդապետութիւններով բաժանումներ կը յառաջացնեն: Ան զանոնք կը քաջալերէ իրենց հնազանդութեան համար: Անոնց կը թելադրէ ըլլալ իմաստուն բարիին եւ միամիտ՝ չարին (Հռ 16.17-19):

Ասոր արդիւնք, անոնք պիտի վայելեն Սատանային խորտակուիլը իրենց ոտքերուն տակ (Հռ 16.20):

Աստուծոյ նպատակն է բոլոր թշնամիները Քրիստոսի եւ Իր մարմինին՝ Եկեղեցիին  ոտքերուն տակ բերել (Ա. Կր 15.25): Այս պատճառով Ան մեզ կը զօրացնէ որպէս համայնք, որպէսզի մենք վայելենք իր շնորհքին ու փառքին ճոխութիւնը (Եփ 1.18):

Comments

Post a Comment

Popular posts from this blog

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)

Գալիք Փառքը (Աստուծոյ Տունը Շինող – Բ. Մաս)

Սիրտս Կը Բանամ Քեզի