Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Երբ Շինելու Սկսիս

«Յուդայի ու Բենիամինի թշնամիները, երբ լսեցին թէ գերութենէ վերադարձողները Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն տաճարը կը շինեն, Զօրաբաբէլին ու նահապետներուն մօտեցանու անոնց ըսին. Մենք ալ ձեզի հետ շինենք...» (Եզրաս 4.1-2):

Թշնամին քեզի չի մօտենար երբ իրեն սպառնալիք մը չես ներկայացներ: Ան քու ծառայութեանդ լուրը հեռուէն կ’առնէ (Եզր 4.1):

Քու գործդ պարզ գործ չէ՛ եւ քու զօրութիւնդ պարզ զօրութիւն չէ՛: Պէտք է արթուն ըլլալ եւ պատրաստ իր հնարքներուն:


Սատանան Ստախօս է

«Մենք ալ ձեզի հետ շինենք…» (4.2):

Սատանան կը մօտենայ լոյսի հրեշտակի մը պէս (Բ. Կր 11.14): Եթէ ան մուտք գործէ, արդէն յաջողութիւնը իրն է: Կը տեսնե՞ս զԻնք եւ իր սուտերը: Ան կ’ուզէ քեզմէ Խօսքը գողնալ (Մտ 13.1-23):


Դէմ Դի՛ր

Թշնամին միշտ կ’առաջարկէ ձեւեր քու ծառայութիւնդ աւելի դիւրին եւ հանգիստ դարձնելու: Ան կ’առաջարկէ շատ տրամաբանական եւ գործնական լուծումներ: Յիշէ՛ որ ան առանց քու արտօնութեանդ ոչինչ կրնայ ընել: Իշխանութիւնդ գործածէ՛ եւ դէմ դիր թշնամիին:

«Չի վայելեր ձեզի որ մէկ տեղ մեր Աստուծոյն տուն շինենք» (4.3ա):

«Ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարին հետ» (Բ. Կր 6.14-15):

«Սուրբ բանը շուներուն մի տաք» (Մտ 7.6):

«Իմ փառքս ուրիշին չեմ տար» (Ես 42.8):


Դուն Պիտի Շինես

«Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն Տունը մինակ մենք պիտի շինենք, ինչպէս Պարսիկներուն Կիւրոս Թագաւորը մեզի հրամայեց» (4.3բ):

Քեզմէ լաւ թեկնածու չի կայ եւ պիտի չըլլայ այս գործին համար: Ի՞նչու: Որովհետեւ դուն գիտես Յիսուսին արժէքը ամենասքանչելի  փորձառութեամբ՝ Փրկութեամբ (Ես 62): Դուն կը ճանչնաս Խօսքին զօրութիւնը, որ քեզ խաւարէն Իր սքանչելի լոյսին բերաւ (Ա. Պետ 2.9):

«Գալով ձեզի, դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորելու կոչուած քահանաներ, սուրբ ազգ մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը. Եւ ձեր պարտակա-նութիւնն է քարոզել զօրութիւնը անոր՝ որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց» (Ա. Պետ 2.9, Ն.Թ.):


Աստուած Յաղթած է

Սատանան կրնայ քու ձեռքերդ թուլցնել, բայց ան երբե՛ք չի կրնար մօտենալ նուիրուած սիրտիդ, որ Խօսքը ընդունած է (4.4):

Սատանան չարախօսն է որ քու դէմդ կը խօսի (4.5-23): Բայց դուն ունիս բարեխօս Յիսուսը որ իրեն յաղթած է (Եբր 7.24-26; Յյտ 12.10) եւ քեզի համար ապահոված է բնակարան (mansion) (Յհ 14.1-4):

Շինութիւնը արգիլուեցաւ (4.24), բայց Աստուծոյ Խօսքով վերսկսաւ (5.1-2):

«Ո՞վ ձեզի հրաման տուաւ» (5.3-4):

Որովհետեւ Աստուծոյ աչքը (հաւանութիւնը) քու վրադ է (5.5), ամէն ծունկ պիտի ծրի եւ լեզու դաւանի (Եզր 6):

Ի՞նչի կը նմանի Յիսուսի բարեխօսութիւնը: Տէրը քու թշնամիիդ վրայ մեծ ձայնով պիտի որոտայ երբ դուն Խօսքին վստահելով քու ծառայութիւնդ կ’ընես (Ա. Թգ 7.7-11):

Դուն գործը պիտի լմնցնես (6.15): Դուն Աստուծո՛յ Տունը շինող ես եւ Իր Տունը պիտի շինես:

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)