Տէրը Կ’արթնցնէ (Աստուծոյ Տունը Շինող – Ա. Մաս)

Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը: Ի՞նչ է Աստուծոյ թափը: Ինչպիսի՞ն է Աստուծոյ լրջութիւնը: Ի՞նչպիսին է Աստուծոյ սէրն ու նախանձը իր Տանը հանդէպ: Հակառակ մեր նուիրուած զաւակներ ըլլալուն, շատ անգամ կը տարուինք այս աշխարհի զբաղումներով: Մեզմէ շատերուն համար Աստուծոյ գործը կը դառնայ մեր առօրեան լեցնող զբաղումներէն մէկը, որ հետզհետէ կը դասուի աւելի նուազ կարեւորութիւն ունեցող զբաղումներուն կարգին: Ուրիշ խօսքով, մեր կեանքերուն մէջ շատ աւելի կարեւոր գործեր կ ’ ունենանք եւ Աստուծոյ գործը կ'անտեսուի: Գործի Ժամանակ է «Այս ժողովուրդը կ’ըսէ թէ դեռ ժամանակը չէ հասած, Տիրոջ տունը վերաշինելու» (Անգ 1.2): Մարգարէութիւնները մարդոց հաշիւին համաձայն չեն աշխատիր, այլ՝ Տիրոջ սահմանած ժամանակներուն համաձայն: Այն խօսքերը որ Աստուած կը խօսի պարապ չեն դառնար իրեն (Ես 55.11): «Արդէօք ժամանա՞կն է թէ դուք ձեղունազարդ տուներու մէջ բնակիք, իսկ այս տունը աւերակ մնայ» (1.4): Ի՞նչ բանի համաձայն կ’որոշենք թէ ինչի՞ ժամանակ է: Ի՞նչի համար կը գործածենք մեր Աստուծմէ ստացածը: ...