Աստուծոյ Մարդը (Աստուծոյ Տունը Շինող – Ե. Մաս)

Ի՞նչ է Ծառայութիւնը
Արդէօք ծառայութիւնը եկեղեցիէն ներս աշխատա՞նք է, կամ եկեղեցիին մէջ դի՞րք, կոչո՞ւմ, ինքնութի՞ւն, ձի՞րք, հրա՞շք... Ի՞նչն է որ կ’որոշէ եթէ անձ մը Աստուծո՛յ մարդն է:

Ահա Աստուծոյ Մարդը
Եզրաս 7-րդ գլուխին մէջ Աստուածաշունչը կը ներկայացնէ նոր անձ մը: Եզրաս կը ներկայացուի նախ իր ազգաբանութեամբ (7.1-5) եւ կը զանազանուի իր կատարածով (7.6ա): Ան արագագիր դպիր էր: Ան  վարպետ եւ գերազանցող էր իր մարզին եւ ծառայութեան մէջ (7.6բ, Սղ 45.1):

Այս բոլորին հետեւանք՝ ան մեծ շնորհք կը վայելէր Աստուծոյ եւ թագաւորին առջեւ (7.6գ):

«Աստուծոյ Բարի Ձեռքը Անոր Վրայ» (7.11-28)
Թագաւորը զինք ղրկեց եւ ան Երուսաղէմ հասաւ, որովհետեւ Աստուծոյ բարի ձեռքը անոր վրայ էր (7.9):

Եզրաս «իր սիրտը պատրաստեց», որպէսզի Տիրոջ օրէնքը փնտռէ, կատարէ եւ սորվեցնէ (7.10):

Եզրասի Նկարագիրը
Եզրաս Աստուծոյ եւ իր ծառայակիցներուն առջեւ (8.21-23)՝
¡  Անկեղծ եւ խոստովանող էր:
¡  Խոնարհ, աղօթքով եւ ծոմով Աստուծոյ ապաւինող էր:
¡  զԱստուած պատուող էր:

Եզրաս շնորհքին բացած ճամբաները եւ Աստուծոյ հաճելի եւ պատիւ բերող բաները կը զանազանէր եւ գիտէր որն է լաւագոյնը: Ան Աստուծմէ վախցող էր:

Եզրաս Աստուծոյ շնորհքով կը ղեկավարէր եւ կը սորվեցնէր Աստուծոյ բաներուն հետ մեծ բծախնդրութեամբ վարուիլ (8.24-30):

Այլեւս Աստուծոյ ձեռքը բոլորին վրայ եղաւ քանի որ բոլորը Եզրասի առաքելութեան միացան (8.31-35): Շատ կարեւոր է որ ճանչնանք մեր առաքելութիւնը Աստուծոյ յանձնել:

Եզրաս Աստուծոյ սրբութեան նկատմամբ մեծ համարում ունէր: Ան ամէն գինով յանձն առաւ ժողովուրդը սրբութեան առաջնորդել (Եզր 9-10):

Եզրասի Գաղտնիքը (Նէ 8)
Եզրաս Աստուծոյ Խօսքը բոլորէն բարձր դասեց (8.5): Եզրասի զօրութիւնը Տիրոջ ուրախութիւնն էր (8.10): Ան այս մէկը յաջողեցաւ սորվեցնել  ժողովուրդին (8.12):

Եզրաս հրաշք չգործեց: Եզրաս պատերազմ չյաղթեց: Եզրաս իր խոնարհութեամբ, անկեղծութեամբ եւ հնազանդութեամբ Աստուծոյ ժողովուրդին ամենաթանկագին ժառանգութիւնը ձգեց:

Ան սորվեցուց ժողովուրդին թէ Աստուծոյ ուրախութիւնը իրենց զօրութիւնն է եւ թէ Աստուծոյ կամքը կատարելը բարձրագոյն գոհունակութիւնն է: Այսպէս ապրելով, մարդը կը դառնայ Աստուծո՛յ Մարդ:

Յիսուս Ըսաւ

«Ոչ թէ ամէն ով որ ինծի ‘Տէր’, ‘Տէր’, կ’ըսէ, պիտի մտնէ երկնքի Թագաւորութիւնը, հապա անիկա՝ որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ: Շատերը այն օրը ինծի պիտի ըսեն. Տէ՛ր, Տէ՛ր, չէ՞ որ քու անունովդ դեւեր հանեցինք ու քու անունովդ հրաշքներ ըրինք': Այն ատեն յայտնապէս անոնց պիտի ըսեմ թէ ես բնաւ ձեզ չէի ճանչնար. մէկդի՛ գացէք քովէս դուք, որ անօրէնութիւն կը գործէիք» (Մտ 7.21-23):

 «Ով որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս» (Մտ 12.50):

«իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ» (Յհ 4.34):

«Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինձմէ անցուր. Բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քու կամքդ թող ըլլայ» (Ղկ22.42):

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)