Խօսքը Կը Շինէ (Աստուծոյ Տունը Շինող – Գ. Մաս)
Խօսքին
Հետ Հարցը
Շատ հաւատացեալներ
Խօսքը եւ Խօսքին հետ ժամանակ անցնելը կարեւոր չեն սեպեր: Այդ մէկը կը սեպեն գրագէտ
մարդոց գործը, կամ շատ ցանցրացուցիչ եւ անշահ բան մը: Արդէօք շիտա՞կ է եւ ի՞նչ
կ’ըսէ Աստուածաշունչը Խօսքին գործին մասին:
Աստուածաշունչին
բառերը միտքով սերտելով մենք արդիւնք չենք գտներ՝ այլ մահ, Իսկ հարազատ ձեւով
ընդունելով՝ կեանք (Բ. Կր 3.6: Յհ 6.64):
Նայինք թէ Խօսքը ի՞նչ
կը կատարէ մեր կեանքերէն ներս երբ զանիկա կ’ընդունինք հարազատ ձեւով:
Խօսքը
Կարող է
Աստուծոյ Խօսքին կամ
մարգարէութեան կարողութիւնը կատարեալ է (Եզր 1.1-3): Սուրբ Հոգիին նպատակներէն
մէկը երբ նորադարձի մը նոր եւ հասկնալի լեզու խօսիլ կու տար, գիտցնել էր թէ ի՛նք է
կարողութիւն տուողը (Գրծ 2.6-12):
«Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ, հապա իմ Հոգիովս, կ’ըսէ
Զօրքերու Տէրը» (Զք 4.6):
«Զօրաբաբելին ձեռքերը հիմնեցին այս տունը, անոր ձեռքերը
պիտի լրացնեն զանիկա» (Զք 4.9):
«ու պիտի աղաղակեն ‘Շնո՜րհք, շնո՜րհք անոր» (Զք 4.7):
Դուն ուրիշ բանի պէտք
չունիս: Աստուծոյ Խօսքը կու գայ բարձրագոյն իշխանութեամբ: Ան կը գերադասէ նոյնիսկ
կայսրին Իշխանութիւնը (Եզր 4.24 – 5.1-2):
Խօսքին
Աշխատանքը
Աստուծոյ Խօսքը մեծ աշխատանք կը տանի մեր կեանքերէն ներս որ կը նկարագրուի
հետեւեալ ձեւով՝
Ա. Տեղափոխութիւն
(Եզր 2.64-67)՝
¡ 42,360 հոգի, 7,337 ծառայ եւ աղախին, 736 ձի, 245 ջորի, 435 ուղտ, 6,720 էշ:
Բ. Ընծայ (Եզր 2.68-69)՝
¡ 61,000 ոսկի դրամ, 5,000
մնաս արծաթ, 100 քահանայական պատմուճան:
Գ. Նուիրում (Եզր 2.70)՝
¡ Ամէն ծառայող իր տեղը բնակեցաւ:
¡ Դուն քու տեղդ կը բնակի՞ս Աստուծոյ Խօսքին համաձայն:
Դ. Միաբանութիւն (Եզր 3.1)՝
¡ «Ժողովուրդը մէկ մարդու պէս Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան» (Եզր 3.1):
¡ Խօսքը մեզ մէկ կը դարձնէ: Խօսքը մեզ համաձայնութեան եւ որոշումի վրայ կը կեդրոնացնէ,
առաջ որ իր գործին սկսի:
Ե. Մահուան Տեղը (Եզր 3.2-5)՝
¡ «... Ելան ու Իսրայէլի Աստուծոյն սեղանը շինեցին» (Եզր 3.2):
¡ Խօսքը ապաշխարութեան կ’առաջնորդէ:
¡ Ամէն մէկ զոհ, մէկ անձի փոխարէն (Եզր 3.3-5):
¡ Կոտրուելու տեղն է:
¡ Սեղանը առաջին բանն է, զոր կը դիմագրաւես նախքան տաճառին մօտենալը (Ելք 40.29):
Զ. Նուիրում եւ Ծառայութիւն (Եզր 3.6-13)՝
¡ Շինարարութեան պատրաստութիւն (Եզր 3.6-7):
§ Արհեստաւոր Մարդուժ (7ա)
▪
Ձիրքեր եւ Շնորհքներ
§ Շինարարութեան Նիւթ (7բ)
▪
Աշխարհէն Մարդիկ
§ Ղեկավարութիւն եւ կառոյց (8-9)
▪
Իշխանութիւն եւ հաւատարմութիւն
¡ Նոր Հիմ
§ Ճարտարապետները Տիրոջ տաճարին հիմը դրին» (Եզր 3.10):
§ Աստուած դրաւ Յիսուսը իբր անկիւնաքար, որ շատերու համար եղաւ գլորման քար, բայց
մեզի համար՝ Փրկութիւն, արդարութեան վեմ եւ ցնծութեան աղբիւր (Սղ 118.22: Հռ 9.30-33):
¡ Նոր Արարած
§ Բարձր ձայնով լաց, ուրախութեան աղաղակ եւ մեծ ցնծութիւն (Եզր 3.12-13):
§ Նոր Արարածին հանած ձայնը աշխարհին մէջ, երկինքէն ծնելէն ետք:
§ Քու ձայնդ ինչի՞ կը նմանի քու շրջապատիդ մէջ եւ մինչեւ ո՞ւր կը հասնի:
Եզրակացութիւն
Ինչքանո՞վ Աստուծոյ Խօսքը
քեզի հագած է: Աստուծոյ Խօսքը այնքանով Յիսուսին հագած էր որ Իրեն համար ըսուեցաւ թէ
մարդացած Խօսքն է (Յհ 1.14):
Դուն Իրեն միացած ես եւ
Իր մարմինին անդամ ես: Ժամանակն է Խօսքը իր բերելիք գործին համար ընդունելու հարազատ
ձեւով: Ժամանակն է աշխարհին քու ձայնդ լսցնելու Իր ներգործող զօրութիւնով: Դուն Աստուծոյ
Տունը Շինող ես:
Comments
Post a Comment