Գալիք Փառքը (Աստուծոյ Տունը Շինող – Բ. Մաս)
Յուսահատութիւն
Աստուած գիտէր, թէ
ժողովուրդը վհատած էին: Ան ուղղակիօրէն հարցին վրայ մատ կը դնէ (Անգ 2.1-3):
Մարդիկ կային, որոնք
տեսած էին հին տաճարը իր փառքով (Եզր 3.12): Ներկայի փլատակ վիճակին առջեւ յուսահատելով՝
անոնք տկար ինկած էին:
Շատեր իրենց անցեալի
փառքը կը յիշեն երազանքով, եւ գալիք փառքին յոյսով չեն ապրիր: Ինչքան ալ
քաջալերես, իրենց համար անցեալի փառքը «տարբեր» է: Այդպիսիները փլատակ վիճակ ունին
եւ յուսալքուած են:
Աստուած
Կը Զօրացնէ
Աստուած զանոնք
մէկ-մէկ կը զօրացնէ Իր Խօսքով եւ անոնց յիշեցնելով (2.4-5).
·
Իր Փրկութիւնը
·
Իր խոստումը՝ Սուրբ Հոգին
իրենց մէջ
·
Իր հաւատարմութիւնը
Աստուած անոնց
ակնկալութիւնը կը լարէ մօտ ատենէն իր կատարելիքին (2.6-7), որպէսզի անոնց
կեդրոնացումը հանէ անցեալէն եւ դնէ ապագային վրայ:
«Քիչ ատենէն նորէն երկինքն ու
երկիրը, ծովն ու ցամաքը, բոլոր ազգերը պիտի շարժեմ: Բոլոր ազգերուն ցանկալի բաները
պիտի գան եւ այս տունը փառքով պիտի լեցնեմ» (Անգ 2.6-7):
Աստուած կը յայտնէ
այն մեծ գործը զոր Ի՛նք պիտի կատարէ իբր իրենց գործակիցը (2.6-9): Աստուած կը
խոստանայ փառաւոր տուն մը (Գրծ 2.43-47):
Վերջին Տունը
«Վերջին տանը փառքը նախկինէն մեծ պիտի ըլլայ» (2.9):
Կարեւոր է տեսնես
Աստուծոյ տեսածը: Կարեւոր է ատիկա ընդունիս հաւատքով:
Քրիստոսի մարմինն է
«վերջին տունը»: Դուն կանչուած ես այս մարգարէութեան համաձայն: Ինչպիսի՞ն է քու
շինելիք տունդ: Տեսա՞ծ ես զանիկա (Եզ 40.1-5): Քրիստոսի Մարմինին իւրաքանչիւր
անդամ բաժին ունի «վերջին տան» փառաւորութեան մէջ:
Քու տեսիլքդ ճանչնալդ
եւ ատոր մէջ քալելդ քեզի ամենամեծ խաղաղութիւնն է Տիրոջմէն (2.10):
Աստուած ցոյց կու տայ
իր ողորմութիւնն ու սահմանած նոր սկիզբը իր ժողովուրդին (2.10-19):
Ան կ’ուզէ որ Իր
ժողովուրդը ուշադրութիւն դարձնէ եւ հետեւի այն փոփոխութիւններուն որոնք պիտի
պատահին իրենց կեանքերէն ներս (18-19):
Աստուած զօրութիւն,
իշխանութիւն եւ յաղթութիւն կը խոստանայ
(2.20-22): Աստուած իր ամենակալ զօրութեամբ կը խոստանայ թշնամին շարժել, տապալել
եւ փճացնել:
Զօրքերու Տիրոջ Ընտրեալը
«Այն օրը, կ'ըսէ զօրքերու Տէրը, քեզ պիտ առնեմ, ո՛վ
Սաղաթիելեան Զօրաբաբէլ, իմ ծառաս, քեզ կնիքի պէս պիտի դնեմ, քանզի քեզ ընտրեր եմ»
(Անգ 2.23):
Աստուած քեզ սահմանած
է ըլլալ կնիքի պէս աշխարհին մէջ (2.23):
Դուն, Իր ծառան, Իր
Թագաւորութեան դեսպանն ես (Բ. Կր 5.20): Ան քեզ ասոր համար ընտրած է:
Քու տունդ դեսպանատուն
է: Քու ընտրութիւնդ այս փառաւոր կոչումին եւ պաշտօնին համար է (Ա. Պետ 2.9): Աստուծոյ
Թագաւորութեան Կնիքը, զինանշանը եւ դրօշակը կը կրես:
Comments
Post a Comment