Յիսուս եւ Թովմաս (Յհ 20.24-29)
Խաչէն եւ յարութենէն ետք, Յիսուս կը յայտնուի աշակերտներուն եւ անոնց կը յայտնէ իրենց կոչումը (Յհ 20.19-23): Մեր կոչումն է Յիսուսի մահուան դէմ տարած յաղթութիւնը տանիլ աշխարհ, Յիսուսի խաղաղութեամբ, յարութեան նշաններով եւ Սուրբ Հոգիով: Թովմաս հոն չէր երբ այս մէկը պատահեցաւ:
Թովմաս կը մերժէ միւս աշակերտներուն վկայութիւնը, որոնք կ'ըսէին թէ Տիրոջ տեսան: Թովմաս ի՛ր Յիսուսին կը կարօտէր: Այն Յիսուսը որ ինք անձնապէս ճանչցած էր: Սակայն Թովմասին սրտին մէջ սկսած էր աշխատիլ անօգուտ մղում մը, կամ սրտի կարծրացում մը. այն աստիճան որ արհամարէր ամբողջովին միւս աշակերտներուն վկայութիւնը (24-25):

Մենք եւս կրնանք ազդուած ըլլալ պայմաններէն եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը «կարծրացած» կ’ըլլայ, հակառակ որ շատ կը կարօտնանք զԻնք:
Յիսուս չ’անտեսեր եւ չի լքեր իրինները, որոնք տկարութեան մէջ են:
Յիսուսի յայտնութիւնը գերբնական է: Յիսուս միջամտելով կը ճեղքէ պայմանները հասնելու համար իր սիրելիներուն: Յիսուս Թովմասը կը վերականգնէ իր յարութեան յայտնութեամբ, շօշափելի ձեւով (26-27): Յիսուս կը հրաւիրէ Թովմասը որ իր մատը խոթէ իր կողին մէջ եւ հաւատայ:
Յիսուս կ’ուզէ հաւատացող զաւակներ, զաւակներ՝ որոնք իրենց հաւատքով իր յարութեան շօշափելի յայտնութիւնները կը հրաւիրեն բնական պայմաններուն մէջ:
Յիսուսի յայտնութիւնը Թովմասի սրտի, նկարագրային ու բնաւորութեան կարծրացումը կը ճեղքէ, զինք վերստին մտցնելով յարաբերութեան ու հաւատքի վիճակին մէջ (28):
Թովմաս իր պէտքը կը գտնէ: Ան իր ամբողջ վիճակը կը վերագտնէ: Կարծես, երբ իր մատը կը խոթէ Յիսուսի կողը, ան շօշափելի ձեւով կը գտնէ իր տեղը Քրիստոսի մարմինին մէջ. այն տեղը որ Յիսուս մեծ զոհողութեամբ իրեն համար պատրաստած էր: Թովմաս կը հանդիպի Քրիստոսի սիրոյն, բան մը որ Խաչէն առաջ բնաւ չէր հասկցած եւ բան մը որ Մովսէսի օրերէն մարդիկ կը փափաքէին ունենալ (հմմտ. Ելք 33.22, Յհ 14.2):
Թովմաս բարձրագոյն հաւատքի հռչակումով իր սիրտը կը պարպէ եւ կը դաւանի իր պատկանելիութիւնը իբր Քրիստոսի մարմինին անդամ:
Բայց Յիսուս անոր ուշադրութիւնը կ'ուզէ կեդրոնացնել աւելի մեծ կոչումի մը վրայ: Յիսուս կը պատասխանէ ըսելով թէ երանելի են անոնք որոնք իրենց հաւատքի կորովով կը հրաւիրեն Յիսուսի յարութեան շօշափելի ներկայութիւնը, անոնք որոնք չեն տեսներ բայց այնուհանդերձ կը հաւատան (29):

Յիսուս կը յանձնէ իր ներկայութեան հրաւէրը հաւատացեալներուն ձեռքը: Յիսուսի յարութեան գերբնական ներկայութիւնը մեր միջեւ հրաւիրելու որոշումը մեր հաւատքէն կախեալ է:
Երանելի ենք մենք , որ կ’ըսենք՝ «Չեմ տեսներ բայց կը հաւատամ եւ ահա կը զգամ իր ‘մահուան յաղթող’ ներկայութիւնը շօշափելի նշաններով»:
Comments
Post a Comment