Աստուծոյ Զարմանալի Խօսքը (Թագաւորութեան Հաստատումը - Բ. Մաս)
«Նաշիհ ու մեղր ու իւղ կերար, խիստ շատ գեղեցկացար ու Թագաւորութեան հասար» (Եզ 16.13բ):
Հաւատացեալին կեանքին մէջ հիմնական տեղ պէտք է գրաւէ Աստուծոյ Խօսքը: Աստուծոյ Խօսքին հետ մտերիմ յարաբերութիւնը գեղեցկութեան, զօրութեան ու յաղթութեան (Թագաւորութեան) հասնելու գաղտնիքն է:
Աստուած իր Խօսքով կ’ուզէ լեցնել եւ սնուցանել մեզ, ինչպէս ստամոքսը` կերակուրով (Եզ 3.1-5): Այս մէկը հաւատքի գործ է եւ մեր համարձակ ու մանուկի հաւատքի մօտեցումին կը կարօտի:
Շատեր կը տառապին վատ եւ աղքատ հոգեւոր սննդառութենէ եւ կը գանգատին իրենց հաւատքի թերաճ վիճակին համար:
Աստուած կ’ուզէ իր զաւակները լա՛ւ սնանին, աճին եւ հասնին Թագաւորութեան: Այս պատճառով, Աստուած իր քաղցր Խօսքը կը հրամցնէ. Խօսք մը որ աւելի քաղցր եւ փափաքելի է քան որեւէ բան երկրի վրայ, Խօսք մը որ մեր բոլոր պէտքերուն լուծումն է (Սղ 119.97-112):
Մանանան եւ Լորամարգիները (Ելք 16)
Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդին հաւատքով քալել սորվեցնելէ ետք, անոնց կ’ուզէ հիմնական սկզբունք մը սորվեցնել, թէ «ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Աստուծոյ ամէն խօսքով» (Ղկ 4.3):
Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդին հաւատքով քալել սորվեցնելէ ետք, անոնց կ’ուզէ հիմնական սկզբունք մը սորվեցնել, թէ «ո՛չ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա Աստուծոյ ամէն խօսքով» (Ղկ 4.3):
Այս մէկը իրագործելու համար, Աստուած իր ժողովուրդին կը յայտնէ իր Խօսքը, Անոր զարմանալի եւ տպաւորիչ զօրութեամբ:
Մենք պէտք ունինք Աստուծոյ Խօսքին, այսպիսի յայտնութեամբ մեր կեանքերէն ներս:
Իսրայէլի ժողովուրդը անօթեցաւ, տրտունջ ըրաւ եւ ամբողջովին զանց ըրաւ Աստուծոյ մեծ գործն ու ողորմութիւնը (Ելք 16.3):
Մեր մէջ նոյն վիճակը կը շինուի երբ կ’ազատինք աշխարհէն, բայց չենք սնանիր Խօսքէն:
Իսրայէլի ժողովուրդը ճարահատ էին եւ իրենք իրենց դէմ կ’աշխատէին: Անոնք կը նմանին ճչացող անօթի մանուկներու: Անոնք ծայր աստիճան պէտք ունէին «կերակուրի» բայց չէին գիտեր «ուտել»:
Մենք ալ երբ նոր ենք հաւատքի կեանքին մէջ, պէտք ունինք սորվելու Աստուծոյ Խօսքը «ուտել»-ու:
Աստուծոյ Պատասխանը՝ «Ահա Ես ձեզի երկինքէն հաց պիտի տեղամ» (Ելք 16.4ա):
Աստուած է մեզ կերակրողը: Մեր կերակուրը Երկինքէն է:Մեր կերակուրը առատ է:
Աստուած մեր ուշադրութիւնը կ’ուզէ լառել իր ղրկելիք Խօսքին՝ նախքան որ անիկա մեզի հասնի (Ահա):
«Ժողովուրդը պիտի ելլէ ու օրէ օր հաւաքէ ամէն օրուան պէտք եղածը» (Ելք 16.4բ):
Ժողովուրդին մասնակցութիւնը ակնկալուած է: Այս մէկը ամէն օրուան գործ է եւ պատասխանատու գործ է:
«Վեցերորդ օրը բերածնին թող պատրաստեն: Անիկա ամէն օրուան կրկինը պէտք է ըլլայ» (Ելք 16.5):
Յաւիտենական Կեանքի Խօսքը պատրաստելու օրը ա՛յսօր է: Միայն ժամանակաւորով հետաքրքրուելով, յաւիտենականութեան մէջ անօթի կը մնաս: Հոգեւորը կրկին պարտականութիւն ունի՝ այսօրուան պէտքը առնել եւ յաւիտենականութեան պէտքը առնել:
Rhema Խօսքին Հրաշքը
«Առաւօտուն պիտի տեսնէք Տէրոջը փառքը» (Ելք 16.7):
Աստուծմէ սնանուիլը հրաշք է եւ Աստուծոյ փառքին հետ հանդիպում է:
«Տէրոջը առջեւ մօտեցէ՛ք» (Ելք 16.9):
Աստուծմէ սնանուիլը յարաբերութիւն է, Աստուծոյ անձին մօտենալ է եւ սրտերն ու ակնկալութիւնը ամբողջովին Տիրոջ վրայ կեդրոնացնել է:
«Պիտի գիտնաք թէ ես եմ Եհովան՝ ձեր Աստուածը» (Ելք 16.12բ):
Այս բոլորին նպատակը զԱստուած մօտէն ճանչնալ է:
«Իրիկունը լորամարգիներ եկան ու բանակը ծածկեցին եւ առտուն բանակին բոլորտիքը ցօղ իջաւ: Երբ իջած ցօղը վերցաւ, ահա անապատին երեսին վրայ մանր թեփաձեւ բան մը կար» (Ելք 16.14)
«Երբ Իսրայէլի որդիները տեսան, իրարու ըսին. ‘*Ի՞նչ է այս’: Քանզի ի՛նչ ըլլալը չէին գիտեր» (Ելք 16.15ա):
*Բնագիրին մէջ «Մանհու» բառը գործածուած է ըսելու համար՝ « Ի՞նչ է այս»:
Աստուծոյ Խօսքը զարմանքի առարկայ է:
«Այս է այն հացը, որ Տէրը ձեզի ուտելու տուաւ» (Ելք 16.15բ):
Աստուած մեզ կը կերակրէ իր զարմանալի Խօսքով: Իր զարմանալի Խօսքը մի՛այն կրնայ մեր հոգեւոր անձերը կշտացնել:
Աստուած կը թելադրէ առնել Խօսք մեզի եւ մեր հովանաւորութեան տակ եղողներուն «չափով» (16-17):
Ողջ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը կը պահանջէ թարմ Խօսք ամէն օր: Երեկուան Խօսքը այսօրուան պէտքը չի գոհացներ (18-20):
Նախքան որ օրը սկսի, դուն պէտք է հաւաքած ըլլաս Աստուծմէ թարմ Rhema Խօսք (21):
«Իսրայէլի որդիները անոր անունը Ման դրին ու այն գինձի սերմի պէս ճերմակ ու անոր համը մեղրով շինուած գաթայի պէս էր» (31):
Աստուծոյ Rhema Խօսքը իր քաղցրութեամբ եւ բոլոր յատկանիշներով կը ճանչնա՞ս կեանքիդ մէջ:
«Իսրայէլի որդիները քառասուն տարի կերան մանանան, մինչեւ որ շէն երկիր հասան: Մանանան կերան, մինչեւ որ Քանանի երկրին սահմանը հասան» (35):
Կարեւոր է ամէն Աստուծոյ զաւակ սնանի Աստուծոյ Խօսքով մինչեւ հասնի Թագաւորութեան:
Comments
Post a Comment