Հաւատքի Ճամբորդութիւնը (Թագաւորութեան Հաստատումը - Ա. Մաս)

Թագաւորութեան Հաստատումը
 «... Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ ... անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի... անոնց նեղութիւնները գիտեմ... զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն ազատելու... այն երկրէն աղէկ ու լայնարձակ երկիր մը, կաթ ու մեղր բղխող երկիր մը ... տանելու եկայ» (Ելք 3.7-8):

Աստուծոյ ծրագիրն է  ազատել Իր ժողովուրդը եւ հաստատել Իր Թագաւորութիւնը. Թագաւորութիւն մը որ այս աշխարհէն չէ բայց այս աշխարհին համար է:

Աստուած իր ժողովուրդը փրկելէ ետք, անոնց ընթացքէ մը կանցնէ որպէսզի զանոնք դարձնէ կարող Իրմէ ընդունելու եւ երկրի վրայ  Թագաւորութիւնը հաստատելու այնպէս ինչպէս որ է երկնքի մէջ:

Ամէն հաւատացեալ այս ճամբորդութեան հրաւիրուած է:

Դառն Ջուր (Ելք 15.22-27) - Հաւատքի Ճամբորդութիւնը

Աստուած, տասը գերբնական հարուածներով եւ Կարմիր Ծովը ճեղքելով, Փարաւոնին զօրութիւնը կոտրեց եւ Իր ժողովուրդը Եգիպտոսի գերութենէն ազատեց (Ելք 7.14 - -14.31):

Հոգեւոր ճամբորդութեան սկիզբը, մեր ակնկալութիւնը բարձր կըլլայ, որովհետեւ մենք խանդավառ վիճակ կունենանք, ականատեսներ ըլլալով Աստուծոյ մեծ զօրութեան որ մեզ փրկեց եւ մեծապէս տպաւորեց:

Ինչպէս Սուրբ Հոգին Յիսուսը տարաւ անապատ մկրտութենէն ետք, նոյնպէս Մովսէս կառաջնորդէ  Իսրայէլի ժողովուրդը դէպի անապատ:

Այս մէկը դիւրին քայլ մը չէ: Կարեւոր է ամէն հաւատացեալ ենթարկուի Սուրբ Հոգիին:

Իսրայէլի ժողովուրդը անհամբեր էր, ծառաւ էր եւ տակաւին կախեալ էր պայմաններէն, փոխանակ Աստուծոյ խոստումէն:

Հետեւաբար, Իսրայէլի Ժողովուրդը տրտնջեց Մովսէսին դէմ: Անոնք դժգոհեցան եւ գանգատցան:

Շատեր հաւատքի կեանքին մէջ կը նետուին մեծ խանդավառութեամբ, բայց առաջին «դառնութեան» առջեւ կայպանեն ղեկավարութիւնը:

Իսրայէլի ժողովուրդը պայմաններէն ազդուած կը քալէր եւ ո՛չ հաւատքով:

Մենք պէտք ունինք Աստուծոյ հետ խօսելու եւ մեր հաւատքը աճեցնելու, որպէսզի ճանչնանք իշխանութիւնը որ Աստուած կարգած է:

Անոնք իրենց նուիրումին մէջ տակաւին չէին հասած այն հաւատքի մակարդակին  ուր կախեալ  չեն պայմաններէն, այլ միայն Աստուծմէ:

Այս մէկին մէջ արթնցնելու եւ աճեցնելու համար Աստուած անոնց անապատ տարաւ:

Մովսէս Տիրոջ աղաղակեց: Մովսէս հաւատքով քալող էր: Մովսէս իր ճարահատ վիճակին մէջ Աստուծոյ դիմեց:

Երբ դուն ամբողջ էութեամբ Տիրոջ դիմես, Ան իր լաւագոյնը պիտի ցուցնէ քեզի:

Աստուած փայտ մը ցուցուց: Աստուած մեզի Խաչը կը ցուցնէ: Դառնութիւնը կեանքիդ մէջ առիթ է վայելելու Խաչին քաղցրութիւնը երբ կը քալես հաւատքով:

Աստուած իր ողորմութիւնը եւ շնորհքը ցոյց տուաւ ժողովուրդի մը հանդէպ որ իր վարմունքով Իր դէմ ըմբոստացած էր եւ անմիջապէս կարգ կանոն դրաւ:

Խաչին նպատակը յարաբերութիւն է: Աստուծոյ հետ հնազանդութեան յարաբերութիւնը կարգ կանոն է: Աստուած կը հրաւիրէ Իր ժողովուրդը այս շնորհքի ճամբուն մէջ քալելու կարգ կանոնով, որպէսզի անոնք չկորսնցնեն, այլ՝ պահպանեն Աստուծոյ շնորհքը:

«Ես Եմ Տէրը, որ քեզ կը բժշկեմ» (26)

Աստուած կարգ կանոնի Աստուած է եւ կակնկալէ որ Իր ժողովուրդը զինք ճանչնայ հետեւելով իր դրած կանոններուն, ղեկավարներուն եւ թելադրանքներուն (ձայնին) որպէսզի Իր ժողովուրդին կեդրոնացումը մնայ միայն Իր վրայ քանի միայն Ինքն է մեր անձնական Տէրը որ մեզ կը բժշկէ եւ Իրմէ զատ ուրիշը չկայ:

Անոնք հասան Եղիմ ուր կային 12 ջուրի աղբիւրներ, 70 արմաւենիներ եւ հոն բանակեցան:

Անոնք որ հետեւեցան այս ճամբուն, հասան տեսնելու նախօրինակ մը Աստուծոյ ապահոված խոստումին, որ է երկինքը երկրի վրայ:

Երբ հաւատքով կը քալենք, Աստուած մեզի պզտիկ նուէրներ կամ շնորհքներ կու տայ: Ան մեզ կայցելէ քաջալերելու համար իր յաղթութեամբ: Սակայն պէտք է յարատեւենք մինչեւ վերջ...

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)