Սիրտս Կը Բանամ Քեզի

Զիս կ'առաջնորդես ճամբաներուդ մէջ: Ինծի կը խօսիս սրտիդ փափաքներուն մասին: Ո՞վ եմ ես Տէր, որ ինծի հետ բարեկամի պէս կը վարուիս: Ի՞նչու ինծի կը հաւատաս: Ի՞նչու այդքան վստահութիւն ունիս ինծի հանդէպ: Քեզի հետ ուրախ եմ: Կ'ուզեմ քեզ հաճեցնել: Կ'ուզեմ քեզի հետ մնալ: Կ'ուզեմ աւելի սորվիլ սրտիդ մասին: Կ'ուզեմ փոխուիլ:
Քու սրտիդ առատութենէն կու տաս ինծի: Քու մեծութենէդ բաժին կը հանես ինծի: Քու պատիւովդ կը պսակես զիս: Ես քուկդ եղայ: Ես փոխուեցայ եւ աճեցայ: Հասունցայ եւ հիմա սիրոյդ համար պատրաստ եմ Տէր: Զիս չի հետաքրքրեր այլեւս ոչ մէկ ուրիշ բան, բացի քու բաներդ: Ես քուկդ եղայ եւ դուն` իմս յաւիտեան:
Քեզի հետ կ'անցնեմ օրս: Քեզմէ միայն կը ստանամ իմ պէտքս: Ես փոխուեցայ: Քու շնորhքիդ մէջ աճեցայ: Իմ էութիւնս քու մէջդ գտայ: Իմ արագաստս եւ ճամբորդութիւնս քուկդ է Տէր: Փչէ՛ Հոգիդ իմ երեսիս վրայ եւ տար խոր ովկեանոսին մէջ՝ հոն ուր մարդ չէ գացած, հոն ուր զիս կը սպասես, հոն ուր կեանք կը նորոգես:
Սիրտս կը բանամ քեզի:
Comments
Post a Comment