Դուն Մինակ Չես: Դուն Եկեղեցիին Անդամ Ես:
Աստուած նախանձախնդիր է իր եկեղեցիին եւ զաւակներուն հանդէպ: Դուն ինքնագլուխ զինուոր մը չես: Դուն մէկ կողմ ձգուած եւ լքուած չես: Դուն աւելի մեծ բանի մը մաս կը կազմես: Դուն պէտք ունիս ճանչնալու եկեղեցիին մասին, որպէսզի չարտօնես որ Սատանան քեզ խաբէ:
Երբեմն կը զգաս, որ մէկը քեզ չի հասկնար: Կը զգաս որ եկեղեցիին չես պատկանիր եւ թէ քու տեղդ հոս չէ: Շատեր իրենց եկեղեցին կը ձգեն եւ կ'երթան ուրիշ եկեղեցի փնտռելու եւ ապա ուրիշ մը եւ ուրիշ մը... Ուրիշներ կ'ամչնան ձգելու, բայց իրենք ներքնապէս նոյնը կը զգան եւ իրենց սրտին մէջ արդէն ձգած են եկեղեցին:
Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ՝ «Դուք Քրիստոսի մարմինն էք եւ իւրաքանչիւրը մաս կը կազմէ անոր մարմինին» (Ա. Կր 12.27): Ուրեմն չկայ անձ մը, որ տեղ չունենայ Քրիստոսի մարմինին մէջ: Ըստ Աստուածաշունչին, միակ ձեւը որպէսզի մէկը հոգեւոր կեանքին մէջ աճի Քրիստոսի մարմինին մէջ ըլլալն է: Աստուածաշունչը նոյնիսկ կատարեալ ըլլալու մասին կը խօսի: Եկեղեցին միակ միջոցն է Աստուծմով աճելու եւ կատարելութեան հասնելու: Սատանան ամէն տեսակ խորամանկ եւ խաբեբայ բան կ’ընէ քեզ հեռու պհելու համար, որպէսզի տհաս եւ թերաճ մնաս (Եփ 4.6-16):
Յիսուս կ’ուզէ աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնել թէ իրենք ինչպէս տպաւորուած են մարդոց կարծիքներով, թէ մարդիկ ի՞նչ կ’ըսեն իր մասին, թէ ինք ո՞վ է (Մտ 16.13): Մարդիկ կ’ըսեն թէ ինք մարգարէներէն մէկն է որ յարութիւն առած է: Սակայն Պետրոս պատասխան տալով կ'ըսէ՝ «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մտ 16.16): Ոչ թէ մեռելներէն վերադարձած մարգարէ, այլ՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին: Այսինքն, ոչ թէ քալող դիակ մը, ոչ թէ աւանդական պատմութիւն մը, այլ՝ ողջ ամենակարող Աստուած ու սպասուած փրկիչը: Յիսուս կը գնահատէ Սիմոնը զանիկա Պետրոս (խիճ) կոչելով եւ կը յայտնէ Եկեղեցիին մեծ եւ փառաւոր ինքնութիւնը ըսելով թէ եկեղեցին այդ դաւանանքին վեմին վրայ պիտի կառուցուի եւ երբ հանդիպի դժոխքի դռներուն, զանոնք պիտի խորտակէ եւ հոն գերի բռնուածները ազատէ (Մտ 16.17-20): Ի՜նչ սքանչելի ինքնութիւն: Այս մէկը ապրելուն բանալին Յիսուսը որպէս ԿԵՆԴԱՆԻ Աստուծոյ Որդին եւ Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ է:
Աստուածաշունչը կ'ըսէ թէ «Մեր Աստուածը մաշող կրակ է» (Եբր 12.29) եւ թէ «Անոր առջեւէն կրակ կ’երթայ ու Անոր շուրջի թշնամիները կ’այրէ» (Սղ 97.3): Տիեզերքը պահող եւ ամէն մարմինի կեանք ու շունչ տուող Աստուածը մաշող ու կենդանի կրակ է եւ ան որ կը դաւանի այս մէկը՝ կը դառնայ «պետրոս» այսինքն՝ խիճ, ժայռ մը որ կ'ենթարկուի կրակի, սրբագրութեան եւ առաջնորդութեան որպէսզի դառնայ յարմար շինարարութեան:
Ապագային, Պետրոս առաքեալ ասոր մասին կը վկայէ ըսելով թէ մեր հաւատքը կրակով կը փորձուի, որպէսզի պատուական ոսկիին նման զտուած դուրս գայ (Ա. Պետ 1.7) եւ թէ մենք կը դառնանք ապրող քարեր, շինելու համար հոգեւոր տաճարը որ է եկեղեցին (Ա. Պետ 2.5):
Յովհաննէս առաքեալ եւս կը վկայէ ըսելով՝ «Ով որ կը դաւանի թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, Աստուած անոր մէջ կը բնակի, ան ալ՝ Աստուծոյ մէջ» (Ա Յհ 4.15):
Մենք Քրիստոսի մարմնի անդամ դառնալէ ետք, յաճախ այս դաւանանքին եւ փորձառութեան մէջ ապրիլը կը լքենք եւ ապա կը զարմանանք թէ ի՞նչու եկեղեցիին մէջ օտար կը զգանք եւ թէ ի՞նչու շատ մը մարդոց չենք հանդուրժեր եւ կամ ի՞նչու Աստուծոյ խոստումները կ'ուշանան:
Յիսուս կ’ուզէ աւելի մտերիմ, անձնական եւ մանաւանդ մաշող ու ձեւակերպող յարաբերութիւն մը, յարաբերութիւն մը որ կեանքի բոլոր բաժինները կ'ենթարկէ իր հայրական սիրոյ կրակին, յարաբերութիւն մը որ կ'ակնկալէ ներքին թշնամիներուն այրիլն ու ոչնչանալը տեսնելը, յարաբերութիւն մը որ մէկ ուղղութեամբ կը նայի՝ հո՛ն ուր Հայրը ցոյց կու տայ՝ Կենդանի Աստուծոյ Որդիին ու Քրիստոսին:
Comments
Post a Comment