«Ան Քու Գլուխդ Պիտի Ջախջախէ»

Սատանան յաճախ մուտք կը գործէ մեր կեանքերուն մէջ եւ կը ցանէ իր խորհուրդները, որոնք մեզի վնաս կը հասցնեն: Մենք կրնանք հաւատացեալ ըլլալով հանդերձ, այդ մէկուն չանդրադառնալ, մինչեւ որ արդէն շատ ուշ եղած ըլլայ:

Արդէօք Սատանան ի՞նչպէս կը յաջողի այս մէկը ընել եւ ի՞նչպէս կարելի է դէմ դնել իր հնարքներուն: Կարեւոր է լաւ ճանչնանք զինք, իր գործելաձեւը եւ իր նպատակը, նաեւ՝ մեր ինքնութիւնը, պարտականութիւնը եւ մեր առնելիք կեցուածքը: Սկսինք սկիզբէն...

Եդեմի Պարտէզին Մէջ

 «Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտին բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը» (Ծն 3.1ա)

Օձ, եբրայերէնով՝  נחש nachash, կը նշանակէ դիտել կամ հետեւիլ ուշադրութեամբ, գուշակել հմայքներ գործածելով: Գուշակները ուշադրութեամբ կը հետեւէին թռչուններուն թռիչքին, գազաններուն հետքերուն, եւ ամպերուն ընթացքին: Այսպիսով, փորձառութեան միջոցաւ, անոնք գիտութիւն ձեռք կը ձգէին:

Նաեւ կը նշանակէ բայլող (ինչպէս նկարագրուած է Եզ 28.13-ի մէջ), պղինձ կամ պղնձեայ (Բ. Թգ 22.35; Յոբ 20.24; Սղ 18.34) եւ նաեւ պղծութիւն, շնութիւն եւ կռապաշտութիւն (Եզ 16.36):

 Խորամանկ, եբրայերէնով՝ ערום arum, կը նշանակէ իմաստուն, խոհեմ, ճարպիկ, ճարտար, սրամիտ:

Ուրեմն կրնանք եզրակացնել թէ այս օձը տարբեր եւ գերադաս էր միւս գազաններէն իր իմաստութեամբ, ուղիղ կը քալէր կամ կը թռչէր, քանի իր պատիժէն ետք փորին վրայ սկսաւ սողալու (Ծն 3.14), ունէր խօսելու, տրամաբանելու, քննելու եւ համոզելու կարողութիւնը: Ան նաեւ ճանչցուած էր կնոջմէն, որովհետեւ կինը բնաւ չզարմացաւ երբ օձին հանդիպեցաւ: Հաւանաբար կինը զգուշանար եթէ իրեն համար նոր եւ զարմանալի երեւոյթ մը ըլլար:

Օձը ստեղծուածներէն էր եւ հետեւաբար Աստուծմէ ստորադաս: Սակայն միւս անասուններէն տարբեր եւ գերադաս ըլլալով կրնանք ըսել որ բնակուած էր հոգեւոր էակով մը որ զինք տարբեր կը դարձնէր միւսներէն, ինչպէս մարդը՝ որուն մէջ կը բնակէր Սուրբ Հոգին նաեւ տարբեր էր միւս ստեղծուածներէն իր ինքնութեամբ, կոչումով եւ իշխանութեամբ:

Մենք գիտենք թէ օձը Սատանան է (Յյտ 12.9), այսինք Արուսեակը որ հրեշտակապէտ էր ու ինկաւ իր փառքէն Աստուծմէ բարձր ըլլալ ուզելուն համար (Ես 14.12): Ան Աստուծոյ փառքը ծածկող, առնող ու տուող կամ փոխանցող քերովբէն էր որ հպարտացաւ եւ վար նետուեցաւ (Եզ 28.13-19)

 «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ ... » (Ծն 3.1-5)

Օձը մեր մէջ կասկած կ'արթնցնէ («արդէօ՞ք այս կամ այն բանը մեղք է»):

Ի՞նչու Եւա մտիկ կ'ընէ օձին: Որովհետեւ Սատանան «լոյսի հրեշտակ»ի կերպարանքով կու գայ (Բ.Կր 11.14): Որովհետեւ Օձը չէր սողար եւ ստորադաս անասունի մը երեւոյթը չունէր: Շատեր կը հաւատան որ օձը կը թռչէր եւ երկինքէն եկող պատգամաբերի մը նման կը մօտենայ Եւային: Եւ որովհետեւ օձը ինքզինք կը յայտնէ, որպէս մէկը որ մարդուն շահը կը փնտռէ (5):

Եւան մտիկ ըրաւ օձին որովհետեւ ինքնագլուխ շարժեցաւ: Շատեր կ'ըսեն թէ Եւա արդէն դժգոհութիւն մը ունէր Աստուծոյ պատուիրանին հանդէպ: Աստուած չէր ըսած «մի՛ դպչիք» եւ Եւա չափազանցելով Աստուծոյ ըսածը, Աստուծոյ նկարագիրին մասին տարբեր գաղափար մը որդեգրած էր: Այս մէկը անշուշտ փաստուած չէ: Սակայն հստակ է թէ Եւա Աստուծոյ կարծիքը չհարցուց առաջ որ ականջ տայ օձին եւ այդ մէկը պատճառ մը ունենալու էր: Եւա իր որդիական պարտականութեան եւ առանձնաշնորհումին մէջ թերի գտնուեցաւ:

Մենք եւս զգուշ պէտք է ըլլանք մեր ներաշխարհին եւ սրտին կեցուածքով, որովհետեւ ընդհանրապէս մենք դռներ կը բանանք եւ տեղ կը պատրաստենք Սատանային, որպէսզի ան մտնէ եւ մեզ խաբէ:

«Ձեր աչքերը պիտի բացուին, եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով» (Ծն 3.5):

Օձը կ'ուզէ Աստուծոյ եւ ստեղծագործութեան մասին աղաւաղուած պատկերը դնել մարդուն մէջ, ուր հնարաւորութիւնը կայ ստեղծուածին համար, Աստուծոյ նման ըլլալու, եւ ուր Աստուած, որպէս գերադաս Ստեղծիչը, չ'ուզեր եւ կ'աշխատի որ մարդը բնաւ չհասնի այդ դիրքին: Այսինքն, Աստուած անձնասէր է եւ ուրԱստուած իր գերադաս դիրքը կը պահէ, մարդոց ատոր գինը վճարել տալով, զանոնք ստորադաս պահելով: Այսինքն Աստուած մարդոց հաշւոյն գերադաս կը մնայ:

Օձը մարդուն ուշադրութեան կը յանձնէ թէ իր աչքերը բացուելու պէտք ունին: Աչքերը բացուիլ կը նշանակէ տեսնել բաներ, զորս առաջ չէր տեսներ եւ ունենալ արթուն վիճակ եւ ոչ թէ քնացած կամ ենթակայ վիճակ: Այսպիսով՝ մարդուն հետաքրքրութիւնը կ'արթնցնէ հետապնդելու ճամբայ մը, որուն միջոցաւ մարդը պիտի ձգտի իր «ամբողջ» կարողականութեան հասնիլ եւ դառնալ աստուածներու նման եւ նաեւ իր «իրաւազրկուած» վիճակէն դուրս գալու համար ըմբոստանալ անհնազանդ գտնուելով եւ իր «արդար» իրաւունքը պահանջելով եւ համարձակութեամբ մեղք գործելով:

Իրականութեան մէջ, Սատանան ի՛նք վրդոված եւ բարկացած է իր անկումէն եւ իր սուտերով (Յհ 8.44) ու ատելութեամբ կը դրդէ մարդը, որ Աստուծոյ պատկերը ունի: Ան կարծես շարունակաբար կ'արտայայտէ իր ատելութիւնն ու ըմբոստութիւնը Աստուծոյ հանդէպ մարդուն հաշւոյն: Ան կ'ուզէ մարդը կեդրոնացնել իր «ես»-ին վրայ, որպէսզի ան պաշտէ Սատանան որ այս գաղափարը հղացողն ու անոր միջոցաւ մարդոց կեանքերուն բարձրագոյն տեղը գրաւողն է: Եւ մարդիկ կը շարունակեն իյնալ իր ծուղակներուն մէջ:

Ան մեր մէջ կ'արթնցնէ կասկած թէ արդէ՞օք մեր ծնողքը, մեր զոյգը, մեր հովիւը, մեր գործատէրը մեր իրաւունքները կը շահագործեն, որպէսզի իրենք մնան գերադաս եւ իշխող մեր վրայ: Եւ այսպիսով, մեր մէջ կ'արթննայ ըմբոստութիւն, ատելութիւն եւ նախանձ: Մենք կը կեդրոնանանք մե՛ր շահերուն վրայ փոխանակ Աստուծոյ վրայ: Այսպիսով տուներ , եկեղեցիներ եւ կառավարութիւններ կը քայքայուին: Ամէնը կը սկսի սուտ խոստումով մը՝ թէ մեր աչքերը պիտի բացուին:

«Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ: Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ...» (Ծն 3.15)

Աստուած կը խոստանայ մանուկ մը,  որ օձին գլուխը, այսինքն՝ խորամանկութիւնը, իշխանութիւնը եւ բոլոր գործերուն կեդրոնը, պիտի ջախջախէ:

Աստուած կը ղրկէ իր միածին Որդին, որպէսզի Անով մենք վերստին թագաւորենք (Հռ 5.17):

Կարեւոր է որ մենք պահենք մեր Աստուծոյ զաւակի որդիական «միամտութիւն»ը, որմէ Եւան կողոպտուեցաւ (Բ. Կր 11.3):

Աստուած իր հայրական սիրոյ եւ պատասխանատուութեան կեցուածքը շատ յստակ կը դարձնէ օձին աղաւաղած պատկերը վերստին մաքրելով եւ յստակ պատգամ մը փոխանցելով, թէ Ի՛նք է մեր փրկութիւնը, մեր աչքերուն լոյսը եւ իսկական սիրոյ Աստուածը:

Սատանան քու մէջդ զանազան կասկածներ կրնայ դրած ըլլալ: Ան քեզ կրնայ լառած ըլլալ շատ մը իշխանութեան վրայ գտուողներուն դէմ: Ան կրնայ քեզի առաջարկած ըլլալ աւելի գերազանձ ձեւ մը, արագ լուծում մը եւ սուտ պէտք մը, որու իրականութեան մէջ բնաւ պէտք չունիս:

Ան քու զգացումներդ եւ միտքդ կրնայ լեցուցած ըլլալ իր խորհուրդներով եւ հիմա անդրադարնաս որ դուն սխալ ճամբու մէջ ես: Սակայն, դուն Յիսուսով իր խորամանկ գլուխին վրայ յաղթութիւն ունիս, որդիական իշխանութեամբ:

Անոր խորամանկութիւնը, իմաստութիւնը, խոհեմութիւնը, հնարքները եւ հմայքները ջախջախուած են Մանուկի մը ծնունդով մեր կեանքերուն մէջ:

Այս մանուկը կը ներկայացուի որպէս սքանչելի, խորհրդական, հզօր Աստուած,  յաւիտենականութեան հայր եւ խաղաղութեան իշխան (Ես 9.6-7):

Աստուած իր նախանձախնդրութեամբ այս մէկը կատարեց եւ Սատանային ամէն հնարքներն ու ձեւակերպած զէնքերը դատապարտեց (Ես 54.17):

Հիմա հատուցումի ժամանակն է: Հիմա ժամանակն է քու կորուստիդ հատուցումը պահանջելու Սատանայէն: Հիմա ժամանակն է Յիսուսի ծնունդով քու որդիական իրաւունքիդ մէջ քալելու Աստուծոյ իշխանութեամբ, օձին գլուխը ջախջախելով:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)