Մարգարէական Աւետարանչութիւն


«Գացէ՛ք բոլոր աշխարհ ու Աւետարանը քարոզեցէք» (Մր 16.15):

Մենք ընդհանրապէս կը ձգտինք աւետարանել մեր մարդկային միջոցներով, սակայն մեր ջանքերը անտեղի, անհամ եւ անպտուղ կըլլան: Յիսուս ըսաւ՝ «առանց ինծի բան մը չէք կրնար ընել» (Յհ 15.5):

Ամենաթանկագին բանը որ ունինք Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնն է եւ այդ մէկը պէտք է գործածենք կորսուածներուն աւետարանելու համար: Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ՝ «Սիրոյ ետեւէն գացէ՛ք ու հոգեւոր պարգեւներուն նախանձախնդիր եղէ՛ք, մանաւանդ մարգարէութիւն ընելու» (Ա. Կր 14.1):

Աստուած հարազատ սէր ունի կորսուածներուն հանդէպ: Սուրբ Հոգին կու գայ մեր մէջ այդ սէրը դնելու: Եթէ ընդունինք այդ սէրը եւ ատով սիրենք միւսները, մենք պիտի հասկնանք Քրիստոսի սիրոյն մեծութիւնը եւ իրմով պիտի լեցուինք (Եփ 3.16-20): Այս սէրը գերբնականին մէջ քալելու բանալին է:

Նաեւ պէտք է նախանձախնդիր եւ համարձակ ըլլանք մարգարէանալու:

Աստուած կուզէ անձնական հանդիպում ունենալ այն անձերուն հետ որոնց կաւետարանենք: Միայն այդ հանդիպումով է որ Աստուած մարդոց մէջ հետք կը ձգէ եւ զիրենք կը մղէ նոր քայլ առնելու

Ի՞նչ է Մարգարէական Աւետարանչութիւնը: Քրիստոսի Աւետարանը բաժնեկցիլ անապաշխարհ մարդոց հետ, գործածելով մարգարէական յայտնութիւններ, Սուրբ Հոգիով առաջնորդուած:

Յիսուս լեցուած էր Աստուծոյ անսակարկ եւ անպայմանաւորուած սիրով եւ մղուեցաւ երթալու Սամարիա հանդիպելու համար մերժուած կնոջ մը ( Յհ 4.1-42): Յիսուս կը ծրագրէր կնոջ աւետարանել: Ան լա՛ւ գիտէր թէ իր զէնքը մարգարէութիւնն էր: Ան չմօտեցաւ դատելով եւ չմօտեցաւ համոզելու համար այլ  մօտեցաւ սիրով, մարգարէութեամբ աւետարանելու համար:

Յիսուս իբր Աստուած չէր կատարեր իր առաքելութիւնը, այլ՝ իբր մարդ, Հօր հանդէպ կատարեալ հնազանդութեամբ: Ան յոգնեցաւ (Յհ 4.6):

 Յիսուս չակնկալուած քայլ մը առաւ կնոջ հետ խօսելով (Յհ 4.8-9): Ան կընէր այն ինչ որ կը տեսնէր որ Հայրը կընէ (Յհ 5.19):  Յիսուս Աստուծոյ շնորհքը փոխանցողի պաշտօնը ունէր (Յհ 4.10): Յիսուս կեդրոնացած էր տալու այն «ջուրէն» որ իր ներսէն կը բղխի (Յհ 4.11-14):

Մեծամասնութեամբ, մարդիկ բնականէն ձանձրացած են եւ գերբնականի առաջարկին «ոչ» չեն ըսեր: Սամարացի կնոջ ընդառաջելը պատճառ եղաւ որ Յիսուս սկսի մարգարէանալու (Յհ 4.15):

 Յիսուս քայլ առ քայլ գալեց իր ստացած գիտութեան խօսքով (Յհ 4.16-18): Կինը ընդունեց մարգարէութիւնը (Յհ 4.19):  Կինը սկսաւ բացուիլ Յիսուսի եւ Աստուծոյ մասին իր մշակոյթէն լսածներուն հիման վրայ, հարցումներ սկսաւ հարցնել (Յհ 4.20):

Յիսուս կը շարունակէր իմաստութեան խօսքով եւ մարգարէութեամբ յայտնել ապագային մասին (Յհ 4.21-24) : Մարգարէութիւնը քեզ ժամանակէն դուրս կապրեցնէ :

Կինը, աւելի յանձնուած, խօսեցաւ իր անձնական հաւատքի համոզումին եւ փնտռտուքին կամ յոյսին մասին, յայտնելով թէ ան Քրիստոսը կը սպասէր (Յհ 4.25):

Յիսուս ինքզինք ճանչցուց (Յհ 4.26): Աւետարանչութեանդ ընթացքին, Աստուծոյ նպատակն է յայտնուիլ եւ ինքզինք ճանչցնել:

Կինը անձնական հանդիպման յայտնութիւն մը ունեցաւ Քրիստոսի հետ : Իր անձը մոռցաւ եւ գնաց պատմելու այն մարդոց որոնցմէ կը խուսաբէր (Յհ 4.28-30):

Աստուածաշունչի խօսքերը արտասանելը պտուղ չի բերեր: Աստուծոյ անձնական եւ ողջ խօսքն է որ մարդոց կը դպչի: Մարդիկ դարձի կու գան միայն երբ հանդիպին Աստուծոյ:
   
Ի՞նչպէս կրնանք այս մէկը յաջողցնել մեր կեանքերէն ներս:

  • Կարելի է յատուկ օրեր յատկացնել եւ նուիրել այս ծառայութեան, առտուները յատուկ աղօթքով պատրաստուելով, որպէսզի զգայուն ըլլանք Աստուծոյ առաջնորդութեան եւ լեցուած ըլլանք Աստուծոյ սիրով:
  
  • Աստուծմէ խնդրել որ յայտնէ մեզի այն անձը որու պէտք է մօտենանք:

  • Աստուծոյ ձայնին հնազանդիլ, անտեսելով վախը եւ ամօթը:

  • Մարդոց պարզել Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մասին:

  • Առաջանորդուիլ Սուրբ Հոգիով եւ համարձակիլ մարգարէանալու:

  • Աղօթք առաջարկել եւ կապ հաստատել անձերուն հետ, որպէսզի կարենան մեզի հետ կապուիլ:

Մեր շուրջը շատեր կան, որոնք Աստուծոյ հետ հանդիպումի պէտք ունին:Ինչ որ ալ ըլլայ իրենց արտաքին երեւոյթը, անոնք ծառաւ են Աստուծոյ ողջ խօսքին եւ հպումին:

Աստուած իրենց ըսելիք ունի: Աստուած մեզի պէտք ունի:

Յօժա՞ր ես իրենց փոխանցելու Աստուծոյ Խօսքը:

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)