Սուրբ Հոգիով Յարութեան Զօրութիւն

Մեր հաւատքը Յիսուսի կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ ըլլալուն ու մեռելներէն յարութիւն առնելուն հանդէպ հիմնական է մեր Քրիստոնէական կեանքին համար (Եբր): Այս մէկին հաւատալով է որ մենք նոր կեանքը ստացանք Սուրբ Հոգիով եւ շարունակելու ենք Սուրբ Հոգիով քալել (Գղ 5.25): Աստուած մեզի ճանչցուց այն զօրութիւնը, որ մեր մէջ կը բնակի Յիսուսը մեռելներէն յարուցանելով (Եփ 1.18-23): Հաւատացեալին յոյսն ու զօրութիւնը կախեալ են մի՛այն Սուրբ Հոգիէն (Հռ 8.11):

Հրէաները, ապրած ըլլալով Օրէնքին տակ, բնաւ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը չէին վայելած եւ իրենց կամակորութեամբ կ'առաջնորդուէին: Մենք ալ կրնանք մենք մեզ զրկել Սուրբ Հոգիին աշխատանքէն մենք մեզի վերստին մարդկային միջոցներով առաջնորդելով: Այս մէկը Պօղոս առաքեալ անմտութիւն կը կոչէ եւ կը յիշեցնէ հաւատացեալներուն այն հաւատքը որով իրենք Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը վայելեցին, շեշտելով թէ այդ մէկը մարդկային գործերով չէր բնաւ (Գղ 3.1-5):

Յովհաննէս եւ Պետրոս կաղ մարդ մը բժշկած էին, վստահելով իրենց մէջ բնակող Սուրբ Հոգիին զօրութեան (Գրծ 3.6): Պետրոս Տաճարին մէջ ամբողջ ժողովուրդին պարզած էր իրենց միջոցով կատարուած հրաշքին մասին (Գրծ 3.12), Յիսուսով կատարուածին մասին (Գրծ 3.15-18) եւ իրենց ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն առաջարկած էր (Գրծ 3.19), ինչպէս նաեւ Քրիստոսի յարութեամբ՝ օրհնութիւն եւ նոր կեանք  առաջարկած էր (Գրծ 3.26):

Քահանաները եւ Սադուկեցիները կ'ամբաստանէին Յովհաննէսն ու Պետրոսը որովհետեւ անոնք Յիսուսի միջոցաւ մեռելներէն յարութիւն կը քարոզէին (Գրծ 4.1-2): Սադուկեցիները չէին հաւատար յարութեան եւ Յիսուս իրենց յանդիմանած էր ըսելով՝ «Դուք մոլորած էք: Ո՛չ գիրքերը գիտէք եւ ո՛չ Աստուծոյ զօրութիւնը» (Մտ 22.29):

Անոնք զիրենք ձերբակալեցին բայց շատեր հաւատացին եւ հաւատացեալներուն թիւը հասաւ մինչեւ 5000 (Գրծ 4.3-4): Մեր վկայութիւնը շատ մեծ ազդեցութիւն կը բերէ երբ վստահած ենք Սուրբ Հոգիին զօրութեան (Ա. Յհ 5.6):

Անոնք իրենց հարց տուին ըսելով՝ «ի՞նչ զօրութիւնով կամ ի՞նչ անունով ըրիք դուք այս բանը» (Գրծ 4.7): Աշխարհը միշտ իր իշխանութեամբ կը փորձէ հաւատացեալին վրայ ճնշել եւ վախցնել:

Պետրոս Սուրբ Հոգիով լեցուեցաւ եւ համարձակութեամբ պատասխանեց (Գրծ 4.8-12): Հաւատացեալին ընելիքը մի՛այն Սուրբ Հոգիով լեցուիլ է:

Անոնք զարմացան իրենց համարձակութեան վրայ եւ իմանալով իրենց ով ըլլալը ու տեսնելով բժշկուած մարդը՝  չկրցան բան մը խօսիլ (Գրծ 4.13-16): Քու մարդկային միջոցներով ըրածներդ աշխարհը չեն զարմացներ: Միայն գերբնականը աշխարհին պատասխան կու տայ:

Անոնք նոյնիսկ սկսան վախնալ Պետրոսէն եւ Յովհաննէսէն ու կ'ուզէին զանոնք լռեցնել (Գրծ 4.17-18): Մեր մէջ բնակող Հոգին աւելի մեծ է քան աշխարհի մէջի հոգին եւ մենք յաղթած ենք Իրմով (Ա. Յհ 4.4): Սուրբ Հոգիով քալող մարդը չի կրնար չխօսիլ (Գրծ 4.20):

Սուրբ Հոգին գործ մը սկսած է քու մէջդ եւ ամէն օր կ'աշխատի որպէսզի ատիկա իր կատարումին հասցնէ (Փլպ 3.10-13): Սուրբ Հոգին կը սպասէ որ Իրմով լեցուիս, որպէսզի Ինք աշխարհին վկայէ: Քու Քրիստոսով յաղթական կեանքդ կախեալ է Սուրբ Հոգիէն, քու հաւատքէդ ու Իրեն յանձնուելէդ:

Դուն ունիս քու մէջդ հազարաւոր մարդիկ դարձի բերող զօրութիւն: Դուն ունիս քու մէջդ հիւանդները բժշկող, մեռելները յարուցանող եւ Սատանային դէմ կեցող զօրութիւն: Դուն պզտիկ չես, ինչպէս աշխարհը կը փորձէ քեզի զգացնել: Դուն կարող ես ամէն բանի մէջէ յաղթական դուրս գալու, շնորհիւ Քրիստոսի որ քեզ կը զօրացնէ իր Սուրբ Հոգիով (Փլպ 4.13):

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)