Իսկական Մարգարէութիւնը

Շատեր կը շփոթեն մարգարէութիւնը պարզ ներշնչումի հետ, որ կրնայ մարդկային մտքերով եւ զգացումներով արտայայտուած ըլլալ: Ի՞նչ է մարգարէութիւնը եւ ի՞նչ է մեր դերը, որպէս հաւատացեալ:

Մարգարէութիւնը պարզ ներշնչում մը կամ յայտնութիւն մը չէ (հակառակ որ ներշնչումներ եւ յայտնութիւններ կրնան մարգարէական բնոյթ ունենալ), այլ՝ ժայթքող աղբիւրի նման փխող Աստուծոյ Խօսքն է, որ մարգարէին կամ հաւատացեալին շրթներէն դուրս կու գայ գերբնական միջամտութեամբ (Սղ 45.1-2):

Մարգարէութիւնը «բարի խօսք» կը խօսի, այսինքն՝ Բարի Լուրը, Քրիստոսի Աւետարանը եւ Փրկութեան համաձայն բաներ կը պատմէ:

Մարգարէութիւնը միայն ապագայի մասին տեղեկութիւն չէ՛, այլ՝ իշխանութիւն ունեցող խօսք է, որ զօրութեամբ կը գործէ (յանդիմանութիւն, քաջալերանք եւ յորդորանք):

Մարգարէութիւնը կը կատարուի Սուրբ Հոգիին միջամտութեամբ եւ գերբնական ձեւով:

Ինչպէս առիւծը կը մռնջէ  իր թագաւորական ներկայութիւնը հաստատելու համար, նոյնպէս Աստուած իր թագաւորութեան արդարութեան լուրը կը յայտարարէ մարգարէին շրթներով:

Մարգարէութիւնը Թագաւորին (այսինքն Աստուծոյ) փառքին համար կ'ըլլայ:

Ի՞նչի կը ծառայէ մարգարէութիւնը: Մարգարէութիւնը Եկեղեցիին շինութեան եւ ծառայութեան համար է (Եփ 4.11-13): Մարգարէութեան նպատակն է, որ Եկեղեցին հասնի կատարելութեան:

Յիսուսի վկայութիւնը մարգարէութեան հոգին է (Յյտ 19.10): Յիսուս յաղթեց Սատանային իր յարութեամբ եւ ներկայիս Ան Հօր աջ կողմը նստած է: Աստուած  ղրկեց Սուրբ Հոգին, որ կը խօսի հաւատացեալներու միջոցաւ, որոնք նուիրուած են Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ բերելու գործին:

Մարգարէութիւնը կը խօսի Քրիստոսի մասին, եւ կը խօսի Եկեղեցիին ու Եկեղեցիին միջոցաւ՝ ազգերուն: Եկեղեցիին հիմնական պաշտօնն է մարգարէ ըլլալ աշխարհի մէջ, այսինքն Քրիստոսի վկայութիւնը տալ, վկայել իր յաղթանակին եւ Սատանային դատաստանին մասին: Մարգարէութիւնը կու գայ պատերազմ հռչակելու Սատանային դէմ եւ մեր Փրկիչին յաղթանակը յայտարարելու (Յյտ 19.11-16, Սղ 45.3-5):

Եկեղեցին Տիրոջ ձեռքը գտնուող մելանն է, որ իր մարգարէութեամբ Թագաւորութեան պատմութիւնը կը շինէ (Սղ 45.1):

Եկեղեցին Տիրոջ ձեռքին մէջ գտնուող աղեղն է: Ինչպէս աղեղը կը լարուի նետը արձակելէ առաջ, եկեղեցին ալ նեղութեան կ'ենթարկուի Աստուծոյ խօսքը արձակելու համար եւ ատիկա նետի պէս իր թիրախին կը հասնի (Զք 9.13-14): Իսկական մարգարէութիւնը յաղթութիւն եւ զօրութիւն է, որ քու շրթներէդ կ'արձակուի:

Արդարները համարձակութեամբ կը մարգարէանան առիւծին նման, եւ Աստուծոյ թագաւորութեան յառաջացման ձայնը կը հասցնեն աշխարհի չորս կողմերը (Առ 28.1):

Աստուած կ'ուզէ, որ մենք իր սիրով մղուինք եւ մարգարէանալ փափաքինք: Մարգարէութիւնը շինութիւն կը բերէ եւ շատեր կ'օգտուին մեր ծառայութենէն: Աստուած կ'ուզէ մեզ գործածել շատեր ազատագրելու համար:

Սիրոյ ետեւէն երթա՛նք եւ համարձակ ըլլա՛նք մարգարէանալու (Ա. Կր 14.1-5):

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)