Նախանձոտ Աստուած (Թագաւորութեան Հաստատումը – Է. Մաս)


Ուխտը եւ Պատուիրանները

Սինա Լերան վրայ, Աստուած Իսրայէլի հետ  ուխտ մը կը կնքէ, որմէ անմիջապէս ետք Մովսէսին միջոցաւ կը փոխանցէ Իր Օրէնքը եւ պատուիրանները:

 
Այդպիսով Աստուած Իր անձը կը յայտնէ Իր ժողովուրդին:

 
Առաջին Երկու Պատուիրանները (Ելք 20.1-6)

«[...] Ես եմ Եհովան քու Աստուածդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն հանեցի: Ինձմէ զատ ուրիշ աստուածներ չունենաս: Դուն քեզի կուռք չշինես [...] Անոնց երկրպագութիւն չընես. վասն զի ես քու Տէր Աստուածդ նախանձոտ Աստուած եմ [...]» (Ելք 20.1-6):

 
Նախքան Օրէնքը յայտնէ, Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ իբրեւ Փրկիչ: Օրէնքը հոգեւոր է (Հռ 7.14), եւ Օրէնքին մէջ քալելու գաղտնիքը մեր Փրկիչ Աստուծոյ նայելուն մէջ է:

 
«[…] Միտքս չդրի ձեր մէջ ուրիշ բան մը գիտնալ, բայց միայն Յիսուս Քրիստոսը ու այն խաչը ելած» (Ա.Կր 2.2):

 
Որեւէ բան որ մեր ուշադրութիւնը նուազագոյն չափով կը շեղէ Աստուծմէ, կուռք է եւ մեր հաւատքին սպառնալիք (Եբր 12.2):


«Օտար աստուածներով անոր նախանձը գրգռեցին
ու գարշելի բաներով զանիկա սրդողեցուցին»
(Բ.Օր 32.16):

 
«Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ» (Եբր 12.2):

 
«Այն օրը մարդիկ իրենց Ստեղծիչին պիտի նային ու իրենց աչքերը Իսրայէլին Սուրբը պիտի դիտեն: Եւ իրենց ձեռագործ սեղաններուն վրայ պիտի չնային: Իրենց մատներուն շինածը, թէ՛ Աստարովթի կուռքերը, թէ՛ արեգակին կուռքերը պիտի չդիտեն» (Ես 17.7-8):

 
Կուռքերը մե՛նք կը հրաւիրենք, մե՛նք  կը շինենք, մե՛նք  կը դնենք, մե՛նք կը սիրենք եւ կը պաշտենք երբ հաւատքով եւ հոգիով չենք նայիր մեր Փրկիչ Աստուծոյն:

 
Մեր կեանքերուն մէջ գտնուող կուռքերը դռներ են Սատանային եւ հայհոյութիւն՝ Աստուծոյ դէմ, անոնք ոգեղէն աշխարհին մէջի դիւային գործերուն արդիւնքն են (Յյտ 9.20):

 
Կուռքերը Աստուծոյ համար գարշելի են (Բ.Օր 27.15): Կռապաշտութիւնը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է (Յկ 4.4): Մենք ժամանակին հոն կ’ապրէինք (Եփ 2.1-3):

 
Աստուծոյ Նախանձը

Աստուած կը փափաքի հետդ ըլլալ յաւիտեան: Ան կը փափաքի, որ դուն Իրեն հետը ըլլաս ամբողջ հոգիով, միտքով եւ զօրութեամբ (Բ.Օր 6.5)՝ իրարմէ անբաժան եւ նուիրումի յարաբերութեամբ մը:

 
Այդ պատճառով, Ան Իր մեծ նախանձով մեզ փրկեց (Ես 59.17): Մեր Փրկութեան ձեւը կը խօսի Իր մեծ նախանձին մասին: Ան տեւաբար Փարաւոնին կը սպառնար իր նոյն մեծ նախանձով (Ելք 5.1, 7.16):


Յիսուս Խաչէն կախուեցաւ որպէս ամենագեղեցիկը. Արտաքնօրէն՝ գարշելի (Ես 53.2-3), սակայն հոգեւոր ճշմարտութեամբ՝ ամենագեղեցիկը (Ես 4.2, 28.5):

 
Յիսուս մերկացուց բոլոր կուռքերը իրենց կարծեցեալ գեղեցկութենէն ու փառքէն: Ան զինաթափ ըրաւ ոգեղէն աշխարհը (Կղ 2.15): Այդ մէկը կը նկարագրուի մարգարէաբար երբ Դագոն կը խոնարհի Տապանակին առջեւ (Ա.Թգ 5.1-6):


Ան Արժանի է Ամէն Պաշտամունքի

Աստուած արժանի է պաշտուելու քանի որ Ստեղծիչն է (Յյտ 4.10) եւ մանաւանդ քանի որ Ան մեր Փրկիչն է:


Յիսուս արժանացաւ ըլլալու մեր պաշտամունքի բարձրագոյն առարկան՝ Իր Փրկագործութեամբ (Յյտ 5.9-14):

 
«Մորթուած Գառնուկը արժանի է ընդունելու զօրութիւն, հարստութիւն, իմաստութիւն, ոյժ, պատիւ, փառք եւ օրհնաբանութիւն [...] ու երէցները ինկան եւ երկրպագեցին» (Յյտ 5.12,14):


«Բայց ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով» (Յհ 4.23-24):

 
Մենք Իրմով կարող ենք զԱստուած պաշտել  (Յհ 4.23-24). բան մը, որ յիմարութիւն է աշխարհին, բայց զօրութիւն՝ հաւատացեալին (Ա.Կր 1.18):

 
«[...] Հոգիով Աստուած կը պաշտենք ու կը պարծենանք Քրիստոս Յիսուսով եւ մարմնի վրայ չէ վստահութիւննիս» (Փլպ 3.3):

 
Ա՛յդ է հաւատացեալին բարձրագոյն կեդրոնացումը եւ պարտականութիւնը. զԱստուած պաշտել: Այդպէս է, որ կը քալենք կատարեալ յաղթութեամբ, մեր Աստուծոյն ու Փրկչին հետ միասին:

Comments

Popular posts from this blog

Միաբանութիւն եւ Յաղթութիւն

Դուն Պիտի Շինես (Աստուծոյ Տունը Շինող – Դ. Մաս)

Աստուծոյ Որդիներ (Ղկ 4.1-13)