Աստուծոյ Կրակը (Թագաւորութեան Հաստատումը – Զ. Մաս)
«Նախքան որ աւելի անդին երթանք...»
Ուխտին ընդառաջելէն ետք եւ Օրէնքին տուչութենէն առաջ, Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդին առջեւ ուրիշ մղոնաքար մը կը դնէ՝ Աստուծոյ կրակը:
Մենք Տիրոջ կրակին պէտք ունինք, իր կամքը կատարելու համար: Շատեր կը սխալին կարծելով թէ կրնան Թագաւորութեան կեանքը ապրիլ նախքան որ այս հանգրուանէն անցնին:
Աստուած կու գայ Իր Խօսքով մեզ կեդրոնացնելու մեր ներքին սրբագործման պէտքին վրայ: Ան կու գայ կեդրոնացնելու Իր կրակին վրայ: Աստուծոյ կրակը մարմնաւորին համար մահ է, կը ցաւցնէ, կը մաշէ, կը կերտէ եւ մեր միակ յոյսն է:
Մարմնաւորը կ’ուզէ բաւարարուիլ արտաքին սրբուելու գործողութեամբ, մեզ խաբելով թէ այդ է կատարումը: Իսկական փոփոխութեան ձգտելու պէտքին ատեն, մարմնաւորը կ’ուզէ մեզ պահել մերժող վիճակի մէջ:
Սակայն Աստուած իր ծառայողները կրակի բոց կ’ընէ (Սղ 104.4): Ան իր կրակը կը ղրկէ մկրտութեան մը համար, այսինքն` նոր սկիզբի մը համար, որուն համար կը թելադրէ լա՛ւ պատրաստուիլ (Ղկ 24.46-49):
Աստուած մեր հոգիներուն առջեւէն քողը վերցուցած է: Մեղքը վերցուած է եւ մենք մօտեցած ենք երկնքի եւ Աստուծոյ: Մենք պէտք չէ կրակէն վախնանք, այլ՝ ուրախութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ ձգտինք անոր (Գրծ 2.1-4):
Իսրայէլ Սինա Լերան Քով (Ելք 19.9-25)
«Ահա Ես քեզի կու գամ» (9ա)
Աստուած ի՛նք կը ձեռնարկէ այս գործին եւ կը զգուշացնէ թէ Ան կու գայ շատ աւելիով քան ինչ որ անցեալին տեսած ես (Հմմտ. Մորէնիին)՝ թանձր ամպով, այսինքն՝ Աստուծոյ անքննելի խորհուրդներով եւ Աստուծոյ փառքին ահով:
«... միշտ քեզի հաւատայ» (9բ)
Աստուած երկինքէն խօսեցաւ Յիսուսի մկրտութեան ատեն երբ Սուրբ Հոգին հանգչեցաւ իր վրայ եւ բոլորը լսեցին: Աշակերտները հետեւեցան Յիսուսի բայց անկարող էին, մինչեւ որ իրենք ալ մկրտուեցան կրակով: Աստուած հաւատքի համար նշան կու տայ բայց իր նպատակը անկէ շատ աւելին է:
«... Զանոնք սրբէ՛» (10-11)
Պատրաստութեան պէտք կայ: Աստուծոյ կրակը լուրջ է:
Աստուած կ’ակնկալէ նուիրում որպէսզի կրակը իր բոլոր կարողութեամբ մեզ մկրտէ:
«Զգուշացէ՛ք լեռը ելլելէ » (12-13)
Առանց սրբութեան անկարելի է մօտենալ սուրբ Աստուծոյ: Այն ատեն, անոնք չէին մաքրուած Յիսուսի արիւնով եւ չէին կրնար ստանալ կրակը իրենց մէջ:
«...Սինա լեռը բոլորովին կը մխար, վասնզի Տէրը անոր վրայ կրակով իջաւ ու անոր մուխը հնոցի մուխի պէս կ'ելլեր եւ բոլոր լեռը սաստիկ կը դողար» (16-18)
Աստուծոյ կրակը եկած է մեր կեանքերը ցնցելու: Ան եկած է մեր համոզումները, սկզբունքներն ու տկարութիւնները ցնցելու, պատրաստելու համար մեզ Թագաւորութեան կեանքին:
«Տէրը Կանչեց... Մովսէս ելաւ» (19-20)
Մաշող ու լափող Կրակ Աստուծոյ կանչն է ամէն զաւակի որ մօտենայ Իրեն (Յկ 4.8-10):
«Ժողովուրդը վախցաւ» (20.18-21)
Իսրայէլի ժողովուրդը սիրայօժար ձեւով ուխտած էր ընել բոլոր այն բաները, զորս Աստուած պիտի պատուիրէր (8): Իսրայէլի ժողովուրդը բնաւ հարց չունեցաւ ենթարկուելու սրբագործման պատրաստութեան պէտքերուն մինչեւ երրորդ օրը, բայց վախցաւ կրակէն եւ չկրցաւ ընդունիլ Աստուծոյ մաշող կրակը իր կեանքին մէջ: Ան նախընտրեց Մովսէսի միջնորդութիւնը եւ բաւարարուեցաւ ատով:
Շատեր այսօր կը վախնան սրբութենէն, զանիկա խիստ համարելով: Շատեր կը նախնտրեն Աստուծոյ հետ մտերիմ հոգեւոր կապ չունենալ, այլ մարմնաւորով «գոհացնել» Աստուծոյ պահանջքները:
«Սահման դի՛ր լերան» (21-25)
Բայց Աստուած սուրբ է եւ իր ձեւը չի փոխուիր: Անկարելի է Աստուծոյ մօտենալ մարմնաւորով, այդ մէկը դատապարտութիւն կը բերէ մարդոց վրայ:
«... Մեր Աստուածը մաշող կրակ է» (Եբր 12.29)
Առանց սրբութեան մէ՛կը պիտի չտեսնէ Տէրը (Եբր 12.12-17): Դուք մօտեցեր էք Աստուծո՛յ (Եբր 12.18-24): Չըլլայ որ մէկը մերժէ քանի այսօր Աստուած ներկայ է ոչ միայն լեռ մը շարժելու, այլ՝ երկինքն ու երկիրը (Եբր12.25-29):
Ուրեմն...
Պատրաստուինք, մեր անձերը պատրաստելով: Արժեւորենք մեր առանձնաշնորհումը (Եբր 10.19) եւ մօտենանք Աստուծոյ շնորհքի աթոռին համարձակութեամբ, հոն գտնելու համար շնորհք (Եբր 4.16):
Comments
Post a Comment